*ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ*
Չկայ աւելի անկեղծ խօսակցութիւն, քան պապիկի ու թոռնիկի երկխօսութիւնը: Պապիկին համար թոռնիկը ընտանիքին շարունակութիւնն է եւ իր երազներու իրականացման շարունակողը: Թոռնիկին համար պապիկը գիտելիքներու պաշար է եւ այն անձն է, որուն կ’ապաւինի, երբ ծնողքը կ’ուզեն պարտադրել բան մը, որուն ինք կը հակառակի: Պապիկը կը հաւատայ, որ երկխօսութիւնը ամենալաւ միջոցն է բան մը սորվեցնելու թոռնիկին արհեստագիտութեան այս դարուն, ուր մարդիկ իրար չեն տեսներ: Շաբաթը քանի մը անգամ պապիկը եւ թոռնիկը կը հանդիպին եւ պապիկը կը պատասխանէ անոր հարցումներուն եւ կու տայ ցուցմունքներ կեանքի իր փորձառութենէն: Թոռնիկը աչքերը լայն բացած մտիկ կ’ընէ պապիկին եւ կը պատրաստէ յաջորդ հարցումը:
Երեկոյեան պապիկը եւ թոռնիկը նստած են պատշգամը եւ թոռնիկը կը հարցնէ առաջին հարցումը.
-Պապի՛կ, անցեալ օր, ընկերներէս մէկը կը խօսէր 1999 Հոկտեմբեր 27ին Հայաստանի Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ոճիրին մասին: Ի՞նչ տեղի ունեցաւ այդ օր եւ որո՞նք էին սպաննուած քաղաքագէտները:
-Տղա՛ս, այդ հարցումդ զիս ետ տարաւ 17 տարի: Այդ սեւ օրը, խումբ մը փողոցային ստահակներ մտան Հայաստանի Խորհրդարանի շէնքը եւ սպանեցին ութ բարձր մակարդակի քաղաքագէտնե , որոնցմէ յիշենք՝ Վազգէն Սարգսեան՝անզուգական անձնաւորութիւնը, որ բանակի հիմնադիրն էր եւ երկրին՝ վարչապետ: Երկրորդը՝ Խորհրդարանի նախագահ եւ Հայաստանի Խորհրդային Միութեան օրերու առաջին քարտուղար եւ երկրի շինարար Կարէն Դեմիրճեանը: Երրորդ անձն էր Խորհրդարանի փոխ նախագահ Եուրի Բախշեանը: Չորրորդն էր՝ Խորհրդարանի երկրորդ փոխ նախագահ Ռուբէն Միրոյեանը: Հինգերորդը՝ Հայաստանի գործնական հարցերու նախարար եւ Արցախի նախկին վարչապետ Լէոնարտ Պետրոսեանը: Վեցերորդը՝ պատգամաւոր Արմենակ Արմենակեանը, եօթներորդը՝ Հենրիկ Աբրահամեանը, իսկ ութերորդը՝ Միքայէլ Քոթանեանը: Բոլորն ալ անզուգական եւ հայրենասէր մարդիկ էին:
-Պապի՛կ, ինչո՞ւ սպանեցին այդ մարդիկը: Ամօթ չէ՞ մեզի:
-Այս հարցումին պատասխանելու համար պիտի տեսնենք, թէ այս մարդիկը ի՞նչ կը ներկայացնէին: Բոլորն ալ հայրենասէր մարդիկ էին, շինարար, ստեղծող: Վազգէն Սարգսեանը Հաաստանի բանակի հիմնադիրն էր: Կարէն Դեմիրճեանը իր օրերուն շինած էր Երեւան քաղաքի մեթրօն, Մարզահամերգային Դահլիճը, բազմաթիւ ջրամբարներ, գործարաններ, ոռոգման ցանցեր: Անզուգական եւ բարեհամբոյր մարդ էր: Միւս քաղաքագէտները գիտնականներ կամ ճարտարագէտներ էին, ապագայ շէնշող Հայաստանի յոյսերը: Սպանութեան պատճառները մնացին աղօտ, սակայն քանի մը զօրաւոր վարկած կայ: Անոնցմէ առաջինը այն է, որ այդ շրջանին Ռուսիոյ մէջ աւարտին կը հասնէր տկարութեան շրջանը, որ յաջորդած էր Խորհրդային Միութեան անկումին: Տկար Ելցինին կը պատրաստուէր յաջորդել զօրաւոր Վլատիմիր Փութինը: Այս փոփոխութեան շրջանները միշտ ամենավտանգաւորներն են, որովհետեւ արտաքին ուժեր կրնան օգտուիլ այդ միջանկեալ շրջանի բացթողումներէն: Ներքին եւ արտաքին ազդակներ կային: Այս մարդիկը զօրաւոր էին եւ չէին կրնար ազգավնաս բան պարտադրել անոնց: Ներքին ուժեր կային, որոնք միջակութիւններ էին եւ յոյս չունէին այս քաղաքագէտներուն զիջումներ պարտադրել: Անոնց մահէն ետք, իշխանութեան եկողները այդ միջակութիւններն էին, որոնց իշխանութիւնը կը տեւէ մինչեւ օրս: Արտաքին ճակատին վրայ ԱՄՆ որպէս միակ գերտէրութիւն, կ’ուզէր իր ձեւով լուծել Արցախի կարգավիճակի խնդիրը: Այս մարդիկը զիջումի պատրաստ չէին եւ ոճիրէն մէկ ամիս առաջ Վազգէն Սարգսեան եւ Կարէն Դեմիրճեան ԱՄՆ գացած էին եւ իրենցմէ պահանջուած էր զիջումներկատարել: Այս պատճառներով այդ քաղաքագէտները նահատակուեցան: Հայ ժողովուրդը անկեղծօրէն ողբաց իր հերոսներուն մահը: Սակայն անկէ աւելին ընել կարելի չէր:
-Որո՞նք էին ոճրագործները: Դատուեցա՞ն:
-Տղա՛ս, ոճրագործներուն գլուխն էր նախկին կուսակցական մը՝ Նայիրի Հունանեան անունով եւ իր խումբը, որ կը բաղկանար 7 ազգականներէ եւ ընկերներէ: Անոնք բոլորն ալ ուղեղնին լուացուած մարդիկ էին, որոնք ատելութեամբ լեցուած էին Վազգէնին եւ ընկերներուն հանդէպ: Անոնց ետեւ մեծ ուժ մը կար՝ ծրագրող եւ օգնող: Անոնք միայն գործադրող խամաճիկներ էին: Երեւակայէ, Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան անվախօրէն մտաւ Խորհրդարանի շէնքը եւ բանակցեցաւ Նայիրիին հետ: Ուրիշ հարցում մըն ալ մնաց անպատասխան: Հրացանները ինչպէ՞ս կրցած էին մտցնել Խորհրդարան: Դատավարութիւնը կայացաւ, սակայն միայն ոճրագործները ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցան: Ծրագրողներու կամ պատուիրատուներու մասին խօսք չեղաւ: Ոճրագործներէն մէկը բանտին մէջ ելեկտրահար եղաւ, իսկ ուրիշ մը՝ անձնասպան: Հայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր կը սպասէ արդարութեան: Հեգնականը այն է, որ մենք թուրքէն արդարութիւն կը սպասենք, սակայն մենք իրարու հանդէպ արդար չենք: Ողբա՜մ քեզ արդարութիւն: