Զրոյցը Վարեց՝ ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ
Շատ դարեր առաջ, Հայերը եւ հնդիկները ունէին մշակութային հզօր կապեր: հայերու կապը Հնդկաստանի հետ եղած է աւելի վաղ, քան հնդկահայ գաղութի ստեղծումը։ Պատմութենէն յայտնի է, որ հայերը Հնդկաստանի հետ կապ պահպանած են Իրանի եւ Աֆղանսիտանի վրայով։ Հայերը մեծ ընդունելութիւն ունէին յատկապէս Մեծ Մոնղոլներու թագաւոր՝ Աքպար Մեծի ժամանակ, որուն մայրաքաղաքը Ագրան էր։ Աքպարը ոչ միայն Հնդկաստանի շինարար ղեկավարներէն էր, այլեւ՝ արուեստն ու մշակոյթը հովանաւորողներէն մէկը։ Ան կը գնահատէ հայ արհեստաւորներու ու վաճառականներու ձեռներէցութիւնն ու հմտութիւնը։
Հայերը Հնդկաստան թափանցած են եւ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերած հնդկական կեանքին աւելի վաղ շրջանին, քան իսկական հայկական գաղութի ստեղծումը, որ թերեւս ճիշդ կ’ըլլար անուանել մատրասեան շրջան, որովհետեւ Մատրաս քաղաքը դարձաւ հնդկահայութեան կեդրոնը։ Ժամանակի ընթացքին, հայերը լայն մասնակցութիւն ցուցաբերեցին Հնդկաստանի տնտեսական կեանքի շատ ոլորտներու մէջ։
Ներկայիս ալ Հնդկասատնը մեծ հետաքրքրութիւն կը վայելէ Հայաստանի մէջ: Ճիշդ այդ մասին է զրոյցը երիտասարդ գեղանկարիչ Անդրանիկ Ասատրեանին հետ: Անդրանիկը շատոնց հետաքրքրուած է հնդկական առասպելաբանութեամբ եւ ճարտարապետութեամբ: Ան Աւարտած է Երեւանի մշակոյթի պետական գոլէճի «Արուեստի ստեղծագործութիւններու վերականգնում եւ պահպանում» բաժինը, այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարչութեան պետական հաստատութեան «Թատերական զարդարուեստ»ի բաժինը:
– Անդրանիկ, կը պատմես, ո՞ր տարիքին զգացիր նկարչութեան հանդէպ սէրդ:
-Ես նկարել սկսած եմ առաջին դասարանէն, երբ միաժամանակ կը զբաղէի երաժտութեամբ եւ մարզանքով: Այդ ժամանակ, մայրս կ’ուզէր գիտնալ, թէ ես ո՞ր ուղղութեամբ կրնամ շարունակել. ժամանակը ցոյց տուաւ, որ ուղղութիւնս նկարելն է: Ես ալ պինդ պահելով շարունակեցի իմ աւանդը, քանի որ մեծ հայրս եւ մօրաքոյրս նոյնպէս նկարելու ձիրք ունեցած են: Առաջին փորձերս եղած է եօթներորդ դասարանիս, երբ մեր դպրոցին մէջ բացուեցաւ իմ փոքրիկ, անհատական ցուցահանդէսը: Այդ իմ առաջին ցուցահանդէսս էր, բայց այս պահուն արդէն չեմ յիշեր, թէ ի՞նչ աշխատանքներ էին անոնք եւ՝ ի՞նչ թեմայով:
– Հետեւելով աշխատանքներուդ նկատած եմ, որ անոնց մէջ կը գերիշխէ երեւակայական, գերիրապաշտ ոճը, ինչո՞վ պայմանաւորուած է ատիկա:
-Այդ ոճով վերջին քանի մը տարիներուն սկսած եմ ստեղծագործել: Իսկ մինչ այդ, շեշտը դրած էի գեղանկարչութեան, մանրանկարչութեան վրայ, բայց ժամանակի ընթացքին մարդը կը փոխուի, կը փոխվուի մեր աշխարհայեացքը, հետաքրքրութիւններն ու պատկերացումները, կ’աւելանան մեր գիտելիքները շրջապատի մասին եւ մենք կ’ուզենք ցոյց տալ այն, ինչ որ գիտենք: Եւ ահա վերջին տարուան ընթացքին նկարներուս մէջ կը գերիշխէ գերիրապաշտ երեւակայական ոճը: Այս պահուս նոյնպէս կը նկարեմ, բայց թուային տարբերակով: Կ’աշխատիմ հայկական կոմիքսների վրայ։
– Գիտեմ, որ ունեցած ես ցուցահանդէս «Հնդկաստանով ներշնչուած » խորագիրով: Կը պատմե՞ս երբ սկսար հետաքրքրուիլ Հնդկաստանով, ի՞նչը քեզ գրաւեց:
-Արդէն մօտ տասը տարի կ’ըլլայ, որ ես հետաքրքրուած եմ Հնդկաստանով, անոր մշակոյթով, աւանդոյթներով ու ճարտարապետութեամբ: Սկզբնական շրջանին իմ պատկերացումներս Հնդկաստանի մասին միայն գրքային էին: Կը կարդայի դեսպանատան գիրքերը, կ’ուսումնասիրէի իրենց մանրանկարչութիւնը, ճարտարապետութիւնը: Հնդկաստանի հետ կապուած առաջին աշխատանքս եղած է քանի մը տարի առաջ, երբ Հնդկաստանի դեսպանը կին մըն էր եւ իր երթալու ժամանակ ես նկար մը նկարեցի հայ-հնդկական բարեկամութեան մասին, որ մինչեւ այժմ ալ կը պահուի Հնդկաստանի դեսպանատան մէջ: Յետագային, Հնդկաստանի մասին գիտելիքներս աւելցան, նոր միտքեր ծնան եւ ես սկսայ ստեղծագործել հնդկական թեմաներով: Գիտենք, որ Հայաստանն ու Հնդկաստանը շատ նմանութիւններ ունին ՝ լեզուի, աւանդոյթներու, ընտանեկան յարաբերութիւններու առումով եւ իմ նկարներովս ես փորձած եմ ցոյց տալ զայն: Իսկ ինչ կը վերաբերի «Հնդկաստանով ներշնչուած » խորագիրով ցուցահանդէսին, այդ այն ժամանակ էր, երբ իմ պահոցիս մէջ հաւաքուած էին բաւական չափով աշխատանքներ ու ես որոշեցի անոնք ներկայացնել հանրութեան: Հնդկաստանի դեսպանատան եւ «Հայ-հնդկական բարեկամութիւն» հայկական կազմակերպութեան աջացութեամբ` ունեցայ իմ անհատական աշխատանքներուս ցուցահանդէսը:
Կը պատմե՞ս երբ եւ ինչպէս եղաւ, որ նկարազարդումներդ տեղ գտան Հնդկական «Ռամայանա» դիւցազներգութեան հայերէն թարգմանութեան մէջ.
-Այդ այն ժամանակն էր, երբ ես դեռ երրորդ տարուան ուսանող էի, այդ ժամանակ մենք պէտք է դասարանային աշխատանք պատրաստէինք: Որպէս թեմա ընտրած էի «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ» ստեղծագործութիւնը, բայց պատահաբար իմ մէջս բան մը փոխուեցաւ, երբ լսեցի հնդկական գործիքաւորմամբ երաժշտութիւն մը: Կարելի է ըսել, ես 180 աստիճան փոխուեցայ, ճիշդ այդ ժամանակ ալ սկսայ ուսումնասիրել հնդկերէնը: Գիտե՞ս, կայ այսպիսի պատկերացում մը` Հնդկաստանը սիրողները կը բաժնուին երկու խումբի, ոմանք կը սիրեն միայն հնդկական ֆիլմերը, իսկ ուրիշներ հետաքրքրուած են Հնդկաստանի պատմութեամբ, առասպելներով ու մշակոյթով: Ես կը պատկանիմ երկրորդ խումբին. շատ հեռու եմ հնդկական ֆիլմերէն, իմ պատկերացումներս Հնդկաստանի մասին շատ աւելի խոր են: Որոշ ժամանակ, զբաղոած եմ նաեւ եոկայով: Ահա այդ տարիներն էր, որ ես նկարազարդեցի «Ռամայանա» հնդկական դիւցազներգութեան հայերէն թարգմանութեան մէջ:
– Ունի՞ս սիրելի նկար: Կը պատմե՞ս անոր մասին.
– Դժուար հարց տուիր, ինծի համար բարդ է առանձնացնել որեւէ աշխատանք: Իմ բոլոր աշխատանքներն ալ ինծի համար տարբեր են ու սիրելի: Բայց իրապէս կայ այդպիսի նկար մը, որ առանձնայատուկ տեղ ունի: Նկարը կը կոչուի «արդիսդը »: Նկարին մէջ կապոյտ ֆոնի վրայ պատկերուած է նկարիչը: