Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Ֆրանսայի Կրթութեան Նախարարուհին Ցեղասպանութիւններու եւ Զանգուածային Ոճիրներու Հետազօտման Առաքելութիւն մը Ստեղծած է

Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան եւ Բարձրագոյն ուսման նախարարուհի Նաժատ Վալօ-Պելքասէմ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին կեանքի կոչած է առաքելութիւն մը՝ ուսումնասիրելու համար ցեղասպանութիւնները եւ զանգուածային ոճիրները, նպատակ ունենալով անոնց լաւագոյն ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան եւ վերատեսութեան (révisionnisme) դէմ պայքարը: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը:

Այս առաքելութիւնը, որ կը ստեղծուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցէն տարի մը ետք, վստահուած է պատմաբան, Ազգային կրթութեան ընդհանուր քննիչ Վենսան Տիւքլէրին:

Ան պիտի գլխաւորէ 12 տարբեր երկիրներու քաղաքացիներէ բաղկացած 46 հոգինոց խումբ մը: Առաքելութեան այդ անդամները Պատմութեան, ընկերաբանութեան, մարդաբանութեան հետազօտողներ, երկրորդական կամ բարձրագոյն վարժարաններու դաստիարակ-դասախօսներ, իրաւաբաններ, լրագրողներ կամ հոգեվերլուծաբաններ են:

Այդ խումբը պիտի պատրաստէ ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային ոճիրներու մասին տեղեկագիր մը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրացնել անոնց ըմբռնումը եւ յղանալ կանխարգիլման նոր ձեւեր: Առաքելութիւնը իր եզրակացութիւնները պէտք է յանձնէ մինչեւ մէկ տարի:

Յիշելով փիլիսոփայ Փօլ Ռիքէօրը, Նաժատ Վալօ-Պելքասէմ բացատրած է, թէ կ՚ուզէ վարել «Արդար յիշողութեան քաղաքականութիւն մը»: Ան աւելցուցած է, թէ այս աննախադէպ ժամանակաշրջանին, երբ վերատեսութիւնը եւ ժխտողականութիւնը իրականութիւն են եւ կը բարգաւաճին՝ մոռացութեան դէմ պայքարին մէջ անցեալի փոխանցումը պահանջ մըն է։

Միջազգայնօրէն ծանօթ եւ հմուտ բազմաթիւ մասնագէտներու կողքին, այս առաքելութեան մաս կը կազմեն նաեւ Հայեր՝ պատմաբան Միքայէլ Նշանեան (որ վարչութեան ալ մէջ է), պատմաբան Ծովինար Գեւոնեան, քաղաքականագէտ Կայծ Մինասեան, ինչպէս Հայ Դատի պաշտպան Թուրքեր ալ՝ պատմաբան, ընկերաբան Համիթ Պոզարսլան, ընկերաբան՝ Ֆաթմա-Միւկէ Կէօչէք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին