«Հրանդ Տինք» հիմնարկի ու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային ընկերակցութեան համատեղ կազմակերպութեամբ, անցած շաբաթավերջին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը՝ նուիրուած հայկական ինքնութեան. անոր ընդհանուր խորագիրն էր՝ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն. խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն», կը հաղորդէ “Մարմարա”-ն։
Գիտաժողովին իրենց զեկուցումներով մասնակցեցան Թուրքիայէն, Հայաստանէն ու Հայկական Սփիւռքէն աւելի քան 40 մասնագէտներ։ Լուսարձակի տակ առնուեցան հայ ինքնութեան մերօրեայ բազմաբնոյթ հարցերը։ Այս ծիրէն ներս, բանախօսները որպէս նիւթ ունեցան Լիբանանի, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Ամերիկայի, Ռումանիոյ, Հալէպի, Թիֆլիսի, Տերսիմի, Համշէնի, Յորդանանի եւ Հայաստանի օրինակները։ Զեկուցումները կատարուեցան հայերէնով, թրքերէնով ու անգլերէնով։
Գիտաժողովի բացման խօսքը արտասանեցին «Հրանդ Տինք» հիմնարկին անունով՝ Ռաքել Տինք, իսկ Համազգայինի անունով՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան։ Բացման զեկուցումը ներկայացուց Ամերիկայէն Խաչիկ Թէօլէօլեան, որուն թեման նուիրուած էր «Ժամանակակից ճառաբանութեան մէջ ինքնութեան տարակուսանք»ին։
Առաջին նիստը նուիրուած էր «Յղացական քննարկումներ» թեմային։ Նիստը կը վարէր Մկրտիչ Մկրտիչեան։ Իրենց զեկուցումները ներկայացուցին Հրաչ Չիլինկիրեան՝ «Ի՞նչ է «հայկական»ը՝ հայ ինքնութեան մէջ» թեմայով, եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժինի վարիչ-տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, որ խօսեցաւ «Հայրենիքներ ու սփիւռքներ. բազմավայր-ազգային ինքնութեան կառուցում» նիւթին շուրջ։
Երկրորդ նիստը վարեց Մելիսա Պիլալ։ Զեկուցումներ ներկայացուցին Ահմետ Գարասու, Մելեք Քէօրեքենլի, Ռեմզիյէ Եշիլեափրաք՝ «1915ը՝ երիտասարդներու դիտանկիւնէն. Թուրքիա-Հայաստան բաղդատութիւնը» թեմայով, նաեւ Տիանա Քաջոյեան-Շանզ՝ «Հայկական անդրազգային ֆեմինիսթ երկխօսութիւններ՝ ընդմէջ ինքնութեանց, պատկանելիութեանց եւ մայրենի լեզուներու» նիւթով, եւ «Յիշողութեան ու մշակութային ընկերաբանութեան աշխատութեանց միութեան» աշխատակիցները, որոնք հետազօտութիւններ ու հարցախոյզներ կատարած են Հայաստանի մէջ ու իրենց աշխատութիւններուն արդիւնքները ներկայացուցին այդ օրը։ Այս նիստին վերջին բանախօսն էր Անիթա Թութիկեան։
Երրորդ նիստը վարեց Հրաչ Չիլինկիրեան։ Զեկուցումներ ներկայացուցին Յարութ Էքմանեան (Ամերիկա), Էլի Փանամարիովա (Թիֆլիս) եւ Մարալ Քիւրքճեան (Յունաստան)։
Չորրորդ նիստի զեկուցումներով հանդէս եկան Քարել Պերթրամ, Ռուբինա Փիրումեան, Քոնրատ Սիքիէրսքի եւ Աննա Յովհաննէսեան-Չարփին։
Գիտաժողովին հինգերորդ նիստը վարեց Արտաշէս Մարկոսեան։ Իրենց զեկուցումները ներկայացուցին Հայաստանէն երեք մտաւորականներ. «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան խօսեցաւ «Ինքնութեան հիմնախնդիրների խոցելիութիւնը Հայաստանում» թեմային մասին, իսկ միւս երկու բանախօսներն էին Յարութիւն Մարութեան եւ Ռուբէն Կալչեան։
Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին զեկուցողներուն հարցումներ կ՛ուղղուէին իրենց բանախօսութեանց առնչակից նիւթերու մասին։
«Ճումհուրիյէթ» թերթը շատ կարճ արձագանգ մը ունեցաւ գիտաժողովին մասին՝ գրելով միայն Էկէ համալսարանի հետազօտութեանց պաշտօնավար Մեհմետ Գարասուի ելոյթին մասին։ Գարասու իր ելոյթին մէջ յայտարարած էր, որ իրենք ուսումնասիրութիւն մը կը կատարեն, որպէսզի գտնեն, թէ ինչպիսի՛ միջոցառումներով կարելի է բարելաւել երկու հաւաքականութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները։ Այս ուսումնասիրութեան ընթացքին, անոնք 1915-ի պատահարներուն մասին հարցումներ ուղղած են երիտասարդներու եւ գտած են, որ երիտասարդները բնա՛ւ կարեւորութիւն չեն ընծայեր այս խնդիրին, կամ գաղափար իսկ չունին անոր մասին։ Երբ անոնց հարցուած է, թէ որքանո՞վ կը ճանչնան Հայաստանը, երիտասարդները պատասխանած են, որ երբեք չեն ճանչնար, կամ՝ շատ քիչ կը ճանչնան։ Ոմանք Ցեղասպանութիւնը կապած են պատերազմական պայմաններու, արտաքին ուժերու գրգռութեանց կամ հայկական հրոսակախումբերու գործունէութեան։ Երիտասարդ մը նոյնիսկ ըսած է. «Քիչ ըրինք. երանի թէ աւելի շատ սպաննէինք»։ Այս բոլորէն ետք, Գարասու աւելցուցած է. «Այնուհանդերձ կրնամ ըսել, որ երիտասարդները այս խնդիրին մէջ քաղաքագէտներէն աւելի՛ չափաւոր են»։