*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Ամէն անգամ երբ Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայանէն մեկնող ու դէպի իրաքեան քիւրտիստան թռչող ինքնաթիռը կը մօտենայ Էրպիլի օդակայանին՝ զարմանալի յուզմունք մը կը պատէ զիս։ Կարծես թէ իմ պատմական հայերնիքիս մէկ ոստանն է, որ կը վերադառնամ, ուր 2600 տարի առաջ ոտք կոխած են Ուրարտուի Արքայ Ռուսայի եւ Արգիշտի ռազմակառքերու նժոյգները։ Կամ կը փորձեմ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը տեսնել, 1600 տարի առաջ, երբ կ’ուղղուէր Միջագետքի Շամուշատ (Սամոսատ) քաղաքը, Հռոփանոս գեղագիրէն ստանալու հայկական այբուբենի տառերը․․․ նաեւ հայ ազգի Աբգար թագաւորը, որ բորոտութենէ բուժուած էր հաւատալով Յիսուս Քրիստոսի Առաքելութեան։
Էրպիլի միջազգային օդակայանին մէջ, ինչպէս միշտ, զիս կը դիմաւորէ Ասորի-քաղդէացի հայ ժողովուրդի Մեծ զաւակ, բազմիցս խորհրդարանական եւ Նախարար՝ Սալիմ Թումա Գագօն։ Ապա միշտ կ’ուղղուինք քրիստոնէական շրջան Անքավա աւանը, ուր եկեղեցիներն ու վանքերը, նաեւ կառուցուող հայկական հոյակապ եկեղեցին, Նախագահ Մեսուտ Պարազանիի առատաձեռն նուիրատուութեամբ հոգիներ կը փառաւորէ։ Նաեւ միշտ Անքավայի Քալովի Վարի պանդոկին մէջ գրկբաց կը դիմաւորեն քաղդէացի Ապու Ռաատ-ն ու Ապու Մարիամ-ը, ծայրահեղ հայասէր ու մարդասէր գործարարներ։
Երեկոյեան անպայմանօրէն պէտք է այցելեմ հայ մշակութային եւ ընկերային միութեան կեդրոնատեղին Էրպիլի մէջ, ուր այսօր կը հաւաքուին ու հայութեամբ կը տոգորուին իրաքի զանազան շրջաններէն Իրաքի քիւրտիստան ապաստանած շուրջ 140 հայ ընտանիքներ։
Իսկապէս հերոս Յակոբ Սիմոնեան իր գործակիցներուն հետ կարողացած է փոքր Հայաստան մը ստեղծել Հայ Տուն անուան տակ, ունենալով մանկական երգչախումբ, մշակութային գործունէութիւն, կիրակնօրեայ հայկական դպրոց եւ այլ հայրենասիրական գործունէութիւններ։
Շուրջ 300 ժամ սուրալով ինքնաշարժով, մերթ ընդ մերթ ալ կանգ առնելով Քիւրտ Փեշմերկաններու անցարգելներուն առաջ, որոնք իմանալով թէ ուղեւորները հայ քրիստոնեայ են, կը ժամանենք Միջին Արեւելքի ամէնէն գեղեցիկ նորակառոյց բայց պատմութեան խորքերէն եկող Տհոք լեռնային քաղաքը։ Այստեղ Վանի հայերը, Ցեղասպանութենէն ետք, բնակութիւն հաստատած են նաեւ մօտակայ Քավր Քաղաք, Աւզրակ, Իշֆքանտեր եւ սահմանամերձ Զախօ քաղաքին ու գիւղերուն մէջ։ Այսօր, Տհոքի հայութիւնը, կը հպարտանայ իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի ադամ Երուանդ Հայազգի ճարտարապետ, գլխաւոր նախագծողը եւ կառուցողը Սուրբ Ներսէս Շնորհալի տաճարին եւ Արարատ հարսանեաց սրահին՝ Տհոքի կեդրոնական պողոտաներէն մէկուն վրայ։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Տէր Մասիս (Երջանիկ) Աբգարեան՝ խիզախ ու հայրենասէր անձնաւորութիւն մըն է, յարգուած հայ ու եզիտի, Քիւրտ եւ Ասորի ղեկավարներու եւ ժողովուրդին կողմէ։
Պէտք չէ մոռնանք նաեւ նախկին խորհրդարանական, Փեշմերկա Պարզանիներու զինակից Արամ Շահին Բակայեանը, Զախոյի առիւծը, որ հակառակ իր կիսահաշմանդամ վիճակին, ոչ միայն կարողացած է աշխոյժ կեանք վարել հայ թէ քիւրտ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման մէջ՝ այլեւ այցելած է Հայաստան եւ քաղաքացիութիւն ստացած․․․Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ նախավերջին հոգեւոր հովիւը, Մուսուլի Հայոց Փրկիչ Տէր ԱռաքելԳասպարեանն էր, որ դժբախտաբար իր յանկարծական մահով մեծ վիշտի մատնեց բոլորը եւ համազգային թաղման արժանացաւ մասնակցութեամբ բոլոր յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Նախապէս անդրադարձած ենք Հավրէզ հայկական գիւղի (հայախօս) հերոս հրամանատար Մուրատ Վարդանեանի եւ իր ինքնապաշտպանական ջոկատի կորիւններուն մասին։ Նաեւ Տհոքի դաշտավայրին վրայ գտնուող քրտախօս Աւազրուկ հայկական գիւղը, Իշֆքենտերի հայերով, որոնք այսօր կ’ապրին ամբողջապէս վերակառուցուած, իրաքեան քիւրտիստանի նախկին փոխ-Վարչապետ, տնտեսութեան նախարար Սարգիս Աղաճանի կողմէ։ Վերջինս իր անձնական բնակարանը Էրպիլի մէջ տրամադրած է, որպէսզի դառնայ Իշթար հեռատեսիլի կայանի գլխաւոր կեդրոնատեղի, որ արբանեակային հեռասփռմամբ , ասորերէն, քիւրտերէն, արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով, երաժշտութեամբ, Ռազմիկ Մուրատեանի տնօրէնութեամբ, ունի հազարաւոր ակնդետներ աշխարհի չորս ծագերը։
Հայաստանի պետութիւնը, ի վերջոյ սկսաւ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել իրաքեան Քիւրտիստանի հայութեան՝ Երեւան հրաւիրելով խորհրդարանական պատուիրակութեան եւ փոխադարձբար՝ Մայր Հայրենիքէն կառավարական ու պետական դէմքեր ու պատուիրակութիւններ սկսան այցելել Էրպիլ, Տհոք եւ Զախօ։
Յուսանք, որ այդ կամուրջները ամրապնդուին ի փառս հայ ժողովուրդի պայծառ ապագայի։