Հարցազրոյցը Վարեց՝ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Հրց.- Կրնա՞ք դուք Ձեզ ծանօթացնել եւ այսօր ինչպիսի՞ պաշտօն կը վարէք լիբանանահայ այս շատ կարեւոր հաստատութեան մէջ:
Պատ.- Սեպուհ Թերզեան, ես Պատուելի եմ, ուսանած եմ ընկերային ծառայութիւն՝ նախապէս BUC, ներկայիս LAU համալսարանին մէջ Հոգեբանութիւն, մասնագիտութիւն ընկերային ծառայութիւն, անկէ ետք Լիբանանի մէջ Աստուածաբանական ճեմարան, որպէս Մագիստրոս Աստուածաբանութեան մէջ եւ ընդհանրապէս պաշտօնս եղած է գրասենեակային-կազմակերպչական եւ ընկերայն ծառայութիւն: 2012 թ.-ի Փետրուար 1-ին ստանձնեցի ՔԱՀԼ-ի պաշտօնը որպէս Տնօրէն եւ արդէն 4 տարիէ ի վեր կը գտնուինք այս հաստատութեան մէջ:
Հարց.- Յստակօրէն նկատելի է տպաւորութիւններով եւ անձնական տպաւորւթեամբ՝ որ այս հաստատութիւնը հսկայական յառաջընթաց ապրեցաւ եւ այսօր կը տեսնենք թէ այստեղ ապաստան գտած հայ ծերունիները եւ հիւանդները շատ լաւ կը խնամուին, հայկական մթնոլորտի մէջ: Ի՞նչպէս կը բացատրէք այս բոլորը:
Պատ.- Մեր սկզբունքը մեր կարելին ընել է, որպէս տարեց հայ, ան որ այստեղ կը կը պատսպարուի՝ ստանայ լաւագոյն խնամքը եւ այդ խնամքը կը սկսի բուժքոյրէն, անձնակազմէն, գրասենեակի պաշտօնեաներէն, տնօրէնութենէն:
Բոլորին ցուցմունքը այն է, որ պէտք է տարեցին խնամել սիրով: Առաջին օրէն մեր թելադրանքը փոխանցուեցաւ անձնակազմին, որ յարգանքով եւ սիրով մօտենան: Անշուշտ Աստուծոյ փառք կու տանք թէ այսպիսի հաստատութիւն մը ունինք, որ կը հասնի գաղութին բոլոր տարեցներուն, որոնք պէտք ունին հոգատարութեան իրենց տուներէն դուրս: Ատոր համար ալ մենք-մեզ կը կոչենք ոչ թէ ծերանոց՝ այլ հայ տարեցներու տուն:
Որովհետեւ մէկու մը տունին պէս տեղ չկայ, սակայն հոս ալ կը փորձենք տունի մթոլորտ ստեղծել: Այդ իմաստով խնամքը, գուրգուրանքը լայագոյն ձեւով կ՝ուզենք տանիլ: Անշուշտ մաքրութիւնը, սննդականոնի ձեւով ճաշերը եւ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որպէսզի իրենք զիրենք տունի մէջ զգան: Առանձնութենէ կը տառապին տուներու մէջ, երբ հոս կու գան, կ՝ուրախանան: Քովի տարեցին պարագաները, թոռնիկները գան այցելեն իրենց ալ այցելածի պէս կ’ըլլան: Եւ ընդհանուր լուրերէն ալ տեղեակ կ’ըլլան: մեր լայագոյնը կ’ընենք, որպէսզի իրենք հանգիստ զգան, կը պատահի երբեմն դէպքեր, որեւէ ընտանիքի մէջ անհասկացողութիւններ կ’ըլլան, բայց ատոնք շուտով կը փորձենք դարմանել, լուծել: Երբեմն տարեցները իրար հետ հարցեր կ’ունենան, մենք ազատ կը վարուինք տեղափոխելու, նոյն սենեակը տեղաւորելով տարեցներ, որոնք իրարմէ կ’ախորժին, նոյնպէս կը մտածեն:
Տարեցներ կան, որ լսելու դժուարութիւն ունին , անոնք իրենց հեռատեսիլը ձայնսփիւռը բարձր կը բանան, խանգարելով իրենց սենեկակիցը: Ուրեմն այնպիսի տեղաւորումներ կ’ընենք, որ գոհ մնան բոլորը: Բայց ինչպէս ըսի, մեր սկզբունքն է. այո՛ հաստատութիւնը հին է եւ տարիներ առաջ որպէս հայ տարեցներու տուն սկսած է, հայ անկարներու կեդրոն եղած է, սակայն տարիներ ետք երբ աչազուրկ, խուլ-համր պարագաներ չեն եղած այլեւս, եւ կարիքը եղած է որ տարեցներ ընդունին: Դժբախտաբար նորոգութիւնները չենք կրցած ընել ժամանակին, պիւտճէական դժուարութիւններով, սակայն մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ մաքուր, ընտանեկան մթնոլորտ, սէրը եւ խնամքը ստանան մեր տարեցները:
Հարց.- Արդեօ՞ք քանի տարեցներ կը պատսպարուին Ձեր մօտ եւ ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորէք Ձեր ծախսերը,այսպիսի հաստատութիւն մը պահելու համար:
Պատ.- Ներկայիս ունինք 115 տարեց, որոնց 80-ը տկիններ են: Մնացեալ 35-ը այր մարդիկ են: Կրնանք աւելին ընդունիլ տեղի իմաստով (մինչեւ 130 տարեց): Ճիշդ էք, հսկայական ծախսերու առջեւ ենք, հիմնական պիւտճէական ծախսը պաշտօէութիւնն է: Ունինք 61 պաշտօնեայ, 3 տարբեր ժամերու բաժնուած են: Ունինք առտուան պաշտօնեաները, որոնք կէսօրէ ետք կանուխ կը մեկնին, ապա յաջորդ հանգրուանի պաշտօնեաները՝ յետոյ՝ գիշերապահները: Պէտք ունինք այս պաշտօնեաներուն, որովհետեւ եթէ պիտի տանք անհրաժեշտ խնամքը, պէտք ունինք այս թիւով պաշտօնեաներու ծառայութեան:
Պիւտճէական իմաստով, առաջին հերթին տարցներու պարագաները, զաւակները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կեցութեան:
Ունինք անկէ զատ քանի մը խանութներ, հաստատութեան շէնքէն, որոնք վարձու տուած ենք ու եկամտաբեր աղբիւր են մեզի համար: Ունինք հայ ազգի ժողովուրդը, որոնք իրենց սիրայօժար կարելին կ’ընեն ոչ թէ միայն նիւթական-դրամական տեսակէտով՝ այլեւ գոյքեր, ուտելիքներ, մատաղներ, ուխտերու պատասխան…: Հոկտեմբերի առաջին Կիրակին բարի սովորութիւն մըն է Այնճարի մէջ, հայ Աւետարանական եկեղեցին 67-րդ տարին ըլլալով հունձքի տօնը կը նշէ ու եկեղեցին Այնճարի ժողովուրդէն նուիրահաւաք կ’ընէ եւ բերքերէն բաժին մը նաեւ ՔԱՀԼ-ին կը վերցնեն: Օրինակի համար լման գիւղ մը տարին մէկ օր մեզի կը տրամադրէ լման բերքը, նուրատուութիւնը: Շատ մը ուրիշ առիթներով բարեսիրական հաստատութիւններ նուիրատուութիւններ եւ մասնակցութիւններ կը ղրկեն: Վերջին 1.5 տարին սկսանք «Ծիրանի խոհանոց»ը, որ է, ճաշի առաքում (catering), ըստ ապսպրանքի, հայկական աւանդական ճաշեր եւ անուշեղէններ, այդ ալ որոշ հասոյթ մը կ’ապահովէ, որպէսզի այս հաստատութիւնը գոյատեւէ, մանաւանդ այս դժուար օրերուն երբ երիտասարդութիւնը կը գաղթէ, գործի բերմամբ, Լիբանանի տնտեսական վիճակին պատճառով: Անոնք իրենց ետին կը թողուն ծնողքը, որոնք կը մնան ու եթէ իրենք խնամող չունին՝ կը ստիպուինք այստեղ բերել եւ հոգալ զիրենք: Քիչ մը թիւով ահազանգային կը դառնայ թիւը այն տարեցներուն, որոնք առանձին կը մնան տուներու մէջ: Պէտք է աւելիով մտածենք ապագայի մասին, նկատի ունենալով որ այդ տարեցներուն զաւակները դուրսն են ու տէր ալ պիտի չդառնան: Պէտք է պատրաստ ըլլանք զիրենք ընդունելու չնչին գումարով կամ անվճար:
Հարց.- Արդէն իսկ 4 տարի է որպէս փորձառու անձնաւութիւն որ կապ ունի հայ ժողովուրդին տառապանքը սփոփելու առաքելութեան հետ՝ ինչ է Ձեր խօսքն ու պատգամը մեր ընթերցողներուն:
Պատ.- Միշտ տեսակէտը այն եղած է այս վերջին տարիներուն, որ եթէ տարեցը տան մէջ մնայ, այն լաւագոյնն է: Հոգ չէ եթէ ընտանիքի մը հետ կ’ապրի տարեցը, որ ի վերջոյ օրհնութիւն է, իր փորձառութենէն, պատմուածքներով, երգերով, իր թոռնիկներու դաստիարակութեան մէկ մասն է: Հակառակ պարագային եթէ կարելի պիտի չ’ըլլայ այդ մէկը, առոջապահական եւ մոռացութենէ տառապող մէկը, այն ատեն պէտք ունինք տեղափոխելու տեղ մը, ուր զինք կը խնամեն:
ՔԱՀԼ-ը պատրաստ է այդ անհրաժեշտ խնամքը եւ պատսպարանքը շնորհելու, եւ այդ դժուարին պայմանները սիրով կը տանինք:
Մեր պատգամն է, պահենք, սիրենք, գուրգուրանք: Այս հաստատութիւնը, պէտք ունի ժողովուրդին նուիրատուութեանը: Ապագային պէտք է ուրիշ ծրագիրներու մասին ալ մտածել, որովհետեւ այդ անտէր ծերերը պէտք է ընդունիլ հոս, որովհետեւ այս նիւթը մեր եկեղեցիներէն, բարեսիրական հաստատութիւններուն դժուար պիտի ըլլայ այդ. պատրաստ պէտք է ըլլանք դիմագրաւելու միասնաբար: