Հինգշաբթի, 26. 06. 2025

spot_img

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս-ի Լզ. Հատորին Շնորհանդէսը Կիւմրիի Մէջ

Շաբաթ, 24 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Կիւմրիի Արաքս Պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԶ. Հատորին շնորհանդէսը՝ Շիրակի Հայագիտական Կեդրոնի կազմակերպած  գիտաժողովի ծիրին մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ հայագէտներու, մտաւորականներու եւ բարեկամներու:

Արդարեւ, Շիրակի Հայագիտական Կեդրոնը կազմակերպած էր «Շիրակի Պատմամշակութային Ժառանգութիւնը. Հայագիտութեան Արդի Հիմնահարցեր» վերնագրեալ 9-րդ միջազգային գիտաժողովը, որ եռամեայ դրութեամբ կայացող հայագիտական հաւաք մըն է, ու կը նպատակադրէ.- ա- Կիւմրին պահել հայագիտական քարտէզին վրայ, բ- հայագիտական հետազօտութիւններու բեւեռ մը դարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւսիս արեւմտեան գօտին, գ-հայագիտական սերնդափոխութեան զարկ տալ, դ- կապեր զօդել տարբեր վայրերու հայագէտներու հետ: Գիտաժողովին կը մասնակցէին տարբեր երկիրներէ ժամանած աւելի քան հարիւր մասնագէտներ, որոնք երկու օրերու ընթացքին հայագիտութեան հինգ տարբեր բնագաւառներու (հնագիտութիւն-մարդաբանութիւն-վիմագրիութիւն, պատմագրութիւն-ժողովրդագրութիւն, ազգաբանութիւն, ճարտարապետութիւն-արուեստաբանութիւն եւ բանասիրութիւն) ուղիներով զուգահեռ նիստերով զեկոյցներ կարդացին մասնաւորաբար շրջանի հայագիտական երեւոյթներուն առնչութեամբ: Ահա այս ծիրին մէջ էր, որ Շաբաթ երեկոյեան, առաջին օրուան նիստերուն աւարտին տեղի ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 36-րդ հատորին շնորհանդէսը:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Շիրակ Հայագիտական Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Սերգօ Հայրապետեան, աշխոյժ եւ կազմակերպող հայագէտ մը, որուն յղացումն էին վերոյիշեալ ինն գիտաժողովները: Իր խօսքին մէջ, ան ողջունեց հատորին շնորհանդէսին կայացումը Կիւմրիի մէջ, ընդգծելով որ նախորդ մէկուկէս տասնամեակին այս «համահայկական Հանդէս»ին շնորհանդէսները տեղի ունեցած են Երեւանի, Արցախի, Թիֆլիսի, Ջաւախքի, Կիւմրիի, Հալէպի եւ Պէյրութի զանազան գիտահետազօտական, համալսարանական թէ մշակութային ոստաններու մէջ: Հայրապետեան Հանդէսը նկատեց «հայագիտական իւրատեսակ շտեմարան, շեշտելով որ ան «մէկ ազգ մէկ մշակոյթ կարգախօսի իրականացման լաւագոյն օրինակներից մէկն է մեզանում»: Ան իր խօսքը փակելով շեշտեց. «Սիրելի Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, քո գիտական բարձր վարկանիշով, վարակիչ հայրենասիրութեամբդ, հայ մշակոյթի նկատմամբ քո ակնածալից վերաբերմունքով, կոչմանդ ու նուիրումիդ վեհ գիտակցմամբ դու արժանիօրէն վայելում ես հայ, եւ ոչ միայն, ընթերցողիդ սէրն ու բարձր գնահատանքը: Շնորհաւոր քո նոր՝ 36-րդ հատորի ծնունդը…»:

Ապա խօսք առաւ Հանդէսի աշխատակից, Կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Դոկտ. Կարինէ Ալեքսանեան, որ տարիներէ ի վեր ժրաջան աշխատակիցն է նաեւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին: Ալեքսանեանլուսարձակի տակ առաւ Հանդէսի 36-րդ հատորի խմբագրականը, որ «յստակ, արհեստականութիւնից զերծ  եւ գիտականօրէն սահմանում է հայագիտութեան վերջին 25 տարիների նուաճումներն ու մարտահրաւէրները՝ համարելով այն անհրաժեշտութիւն ՀՀ անկախութեան 25-րդ տարուայ հանգրուանին հասնելուց յետոյ: Աւելին, Հանդէսը նոր էջ է նշանաւորում  հայագիտութեան զարգացման մէջ՝ ազդարարելով պետականագիտութեան, հայութեան ինքնորոշման իրաւունքի եւ համաշխարհային նման իրավիճակների համեմատական ուսումնասիրութիւնների, ցեղասպանագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, եւ ընդհանրապէս հայոց հին ու նոր խնդիրների գիտական խորքային ուսումնասիրութիւնների  անհրաժեշտութեան մասին»:

Ալեքսանեան շեշտեց, թէ Հանդէսը «ոչ միայն յստակեցնում է հայագիտութեան խնդիրները, այլ որ ամենակարեւորն է՝ գործնականօրէն հետեւում դրանց իրականացմանը: Խօսքը վերաբերում է նաեւ հայագէտների նոր սերունդի աճեցմանը, հայ մասնագէտների շփումներին … Հանդէսը հայագիտութեան մասնագէտների միջեւ համագործակցութեան նոր հարթակներ է ստեղծել, կոչել հայ կեանքը տնօրինող գործիչներին՝ գիտակցել  հայագիտութեան ռազմավարական նշանակութիւնը, որդեգրել հայագիտութեան սատարման քաղաքականութեան մշակման գործը…: Հանդէսը՝ մատը զարկերակին դրած, մշտապէս արձագանգել է հայոց   կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններին»:

Ապա Ալեքսանեան համառօտակի ներկայացուց 700 էջ հաշուող Հանդէսի 36-րդ հատորը, եզրակացնելով, թէ «հատորը հաւատարիմ է մնացել հայագիտութեան կարեւոր ճիւղերի՝ ցեղասպանագիտութեան եւ սփիւռքագիտութեան ուսումնասիրութիւնները խրախուսելուն…36-րդ հատորը, կարեւոր խնդիր համարելով նիւթերի գիտականութեան ապահովումը, ճանաչողական, տեղեկատուական դրոյթներից վերլուծական, գիտական դրոյթների անցնելու անհրաժեշտութիւնը, համապարփակ մօտեցումը նիւթերին,   որոշակի տեղ է յատկացրել այժմէական տեսակէտից նախկին խնդիրների քննարկմանը նուիրուած հետազօտութիւններին: Պատահական չէ, որ վերջին 25 տարիների հայագիտութեան նուաճումների մէջ որոշակի է հենց Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի դերը, որի՝ ընթերցողի սեղանին դրուած  36-րդ հատորը մի կարեւոր փորձ է յաղթահարելու  հայագիտութեան մարտահրաւէրները եւ իւրատեսակ փորձաքար՝ տեսնելու հայագիտութեան նուաճումները»:

Կիւմրիի քաղաքային լարային հնգեակը, խմբավարութեամբ Կիւմրիի սիմֆոնիք նուագախումբի խմբավար Երուանդ Վարոսեանի, մեկնաբանեց կոմիտասեան նուագներ, ապա խումբին միացած երիտասարդ երգչուհիին ընկերակցութեամբ կատարեց կոմիտասեան «Կանչիր Կռունկ»ը:

Իր խօսքին մէջ, Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ակնարկելով սրահին մէջ գտնուող Հանդէսի շուրջ տաս աշխատակիցներու ներկայութեան, ընդգծեց գործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը եւ շեշտեց որ «միասին մենք աւելի զօրաւոր ենք», իբրեւ փաստ մատնանշելով հատորը եւ նոյնինքն այս գիտաժողովը:

Երգային կատարումէն ետք Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան հանգամանօրէն անդրադարաձաւ Հայկազեան Համալսարանի առաքելութեան, կատարած հայագիտական աշխատանքին ու ծաւալած կրթական գործունէութեան:

Ողջոյնի ու գնահատանքի ինքնաբուխ խօսքեր ըսին ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան Բաժանմունքի Տնօրէն ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, գրականագէտ Դոկտ. Դաւիթ Գասպարեան, Ճարտարապետութեան Ազգային Թանգարան Հիմնարկի Հիմնադիր Դոկտ. Աշոտ Գրիգորեան, Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարանի Հայոց Լեզուի Ամպիոնի վարիչ Դոկտ. Լալիկ Խաչատրեան:

Շնորհանդէսը առիթ եղաւ նոր շփումներու՝ մանաւանդ Կիւմրիի եւ Վանաձորի հայագիտական շրջանակներուն հետ, նաեւ խորացնելու գործակցութիւնը գիտաժողովին մասնակցող հայագէտներուն  հետ՝ յօգուտ հայագիտութեան առաւել զարգացման:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին