Արտագաղթի քաղաքականութեան մշակման միջազգային կեդրոնը եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրը «Աջակցութիւն Հայաստանին արտագաղթի եւ սահմաններու կառավարման ոլորտներուն մէջ» ծրագիրին ծիրէն ներս ստորագրած են ծրագիրին իրականացման վերաբերեալ համագործակցման համաձայնագիր:
Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ՄԱԶԾ մշտական ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթթոն համաձայնագիրի ստորագրման արարողութեան ժամանակ նշած է, որ ՄԱԶԾ-ը լայնածաւալ աշխատանքներ կատարած է ենթակառուցուածքներու բարելաւման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ գիտելիքներու եւ փորձի փոխանակումներ կազմակերպած` առեւտուրը զարգացնելու նպատակով:
«Մենք մշտապէս պիտի աջակցինք Հայաստանին`սահմաններու համալիր կառավարման ոլորտին մէջ, քանի որ հսկայական փորձ ունինք այդտեղ կուտակուած»,- ըսած է ան:
Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պէոտր Սուիդալսքին գոհունակութեամբ նշած է, որ Եւրոմիութիւնը լրջօրէն կ’աջակցի Հայաստանին` ճարտարագիտական մակարդակով սահմաններու կառավարման համակարգի բարելաւման ոլորտին:
«Տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ընդլայնումն ու բարելաւումը Եւրոմիութեան համաշխարհային առաջնահերթութիւններէն է, որ կը դրսեւորուի Եւրոպական հարեւանութեան տարածաշրջանի տնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղուած խոշոր ներդրումներով»,- աւելցուցած է դեսպանը:
«Աջակցութիւն Հայաստանին արտագաղթի եւ սահմաններու կառավարման ոլորտներուն մէջ» ծրագիրի խումբի ղեկավար Գարել Հոֆսթրայն ըսած է, որ 2010 թուականէն աշխատելով Հայաստանի կառավարութեան հետ` իրականացուած են բազմաթիւ ծրագիրներ:
«Ուրախ եմ, որ ԵՄ-ն նիւթական միջոցներ կը յատկացնէ` շարունակելու յաջողած գործունէութիւնը»,- նշած է ան:
«Աջակցութիւն Հայաստանին գաղթականութեան եւ սահմաններու կառավարման ոլորտներուն մէջ» ծրագիրը ամբողջովին տնտեսապէս օժանդակութիւն կը ստանայ Եւրոպական միութենէն եւ կ’իրականացուի Գաղթականութեան քաղաքականութեան մշակման միջազգային կեդրոնին (ԳՔՄՄԿ) կողմէ ` ՄԱԶԾ հետ համագործակցութեամբ: Եռամեայ ծրագիրին ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ մօտ չորս միլիոն եւրօ: Յառաջիկայ 18 ամիսներուն` մինչեւ 2017 թուականի վերջը, ՄԱԶԾ-ն պիտի իրականացնէ ծրագիրի սահմաններու կառավարման բաղադրիչի աշխատանքները պիւտճէէն յատկացուած 88000 եւրոյի ծիրէն ներս: