Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յատուկ հրամանագիրներով Վիգէն Սարգսեան ազատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնէն եւ նշանակուած Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար:
էդուարդ Նալպանտեանը վերանշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար:
Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով Արմէն Գէորգեանը ազատուած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն եւ նշանակուած ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար:
Նախագահի այլ հրամանագիրներով Եուրի Խաչատուրովը ազատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնէն եւ նշանակուած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար:
Մովսէս Յակոբեանը ազատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ – պաշտպանութեան նախարարութեան նիւթատեխնիկական ապահովման վաչութեան պետի պաշտօնէն եւ նշանակուած է Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ: