Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

«Մտորումներ Ժողովուրդի Մը Հողի Մը Եւ Դատի Մը Մասին» Հեղինակ՝ Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունի

*ԱՒԵՏԻՍ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ*

Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ  Քասունիի այս հատորը իր հրապարակագրական յօդուածներուն ժողովածուն է: Պատմաբանական հատորներու ամբողջ շարքէ մը ետք, հրապարակագրական  յօդուածներու այս ժողովածուն երբ կու գայ, այդ չի նշանակեր, թէ պատմաբանը իր դիրքերը զիջած է հրապարակագրին: Բնաւ երբեք: Պատմաբանը միշտ հոն է, միշտ ներկայ է, որովհետեւ պատմաբանն է, որ կը թելադրէ, եւ հրապարակագիրը կ’արձանագրէ:

Դէպքերն ու պատահարները, եղելութիւններն ու իրողութիւնները մեկնաբանելու, վերլուծելու եւ տարրալուծելու բացառիկ կարողութիւն մը ունի Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունին, որուն այդ հմտութիւնը մեծապէս կը հեշտացնէ ընթերցողին հնարաւորութիւնը, ընկալելու եւ ըմբռնելու շօշափուող հարցերուն բնոյթը, անոնց հիմնական էութիւնը:

Այս հատորը բաժնուած է քանի մը բաժիններու, որոնցմէ ամենածաւալունն ու հիմնականը «Յիշելու եւ պահանջելու համար» բաժինն է, ուր հեղինակը խորապէս կը քննարկէ Հայ Դատին բնոյթն ու էութիւնը, ուրեմն ես ալ առաւելաբար պիտի ծանրանամ  հատորին այդ բաժնին վրայ, քանի որ հայ ժողովուրդին համար, Հայ Դատէն աւելի կենսական, աւելի առաջնահերթ հարց չկայ եւ չի կրնար ըլլալ:

Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունիի համար, հիմնական հարց մըն է այն իրողութիւնը, թէ նոր սերունդները, որոնց կը փոխանցուի ջահը, իրազեկ ըլլան , թէ իրենց ճիտին պարտքն է ընդունիլ իրենց փոխանցուած ջահը, մինչդեռ անոնք «այսօր հազիւ կը նորոգեն ու կը պահեն ինչ որ ժառանգ ձգուեցաւ իրենց»: Սակայն, երբ ջահը կը փոխանցուի նոր սերունդին, անոր պարտաւորեցնելով, որ իր ուսերուն վրայ դրուած  պարտաւորութիւնը կատարելու չթերանայ, որովհետեւ, «Պարտաւորութիւն է՝  Արեւմտեան Հայաստանի Դատին լուծման համար մշակուած համահայկական ծրագրի մը պատրաստութիւնը»:

Սակայն,  Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունիի համաձայն, ուր ան բացարձակապէս իրաւացի է, Հայ Դատին հետապնդումը պէտք է ըլլայ համասփիւռքեան չափանիշով եւ ոչ թէ մասնակի միջոցներով. «Եթէ սփիւռքահայութեան իրաւատիրութիւնն ու պահանջատիրութիւնը առաջնահերթ հարց է, եւ Հայ Դատի հետապնդումը գերագոյն նպատակ, ապա ուրեմն լուծումները պիտի փնտռուին համասփիւռքեան չափանիշներով եւ սփիւռքեան կարողականութեան գերագոյն լարումով»:

Եւ ուրեմն, այս աշխատանքը կատարելու  համար, հեղինակին համաձայն, պէտք է ստեղծել  համասփիւռքեան մէկ եւ միակ մարմին մը, զոր պիտի ստեղծեն հայ  հոգեւորականութիւնը. «Համապարփակ  խորհրդակցութեանց ճամբով  խորհրդաժողովը կեանքի կոչելու պատասխանատուութիւնը կը պատկանի հայ հոգեւոր պետերուն»:

Սակայն, հայ հոգեւոր պետերը պառակտուած են, երկփեղկուած, հակընդդէմ մարմիններու վերածուած են: Այս պայմաններուն տակ, կարելի պիտի ըլլա՞յ  ստեղծել  համասփիւռքեան մարմին մը՝ անաչառութեամբ եւ անկողմնակալութեամբ,  թէ պիտի ստեղծուի միակողմանի մարմին մը, որ պիտի աշխատի յանուն մէկ կողմի մը, եւ հետեւաբար, զուրկ պիտի ըլլայ ամբողջ հայութեան անունով խօսելու իրաւասութենէն: Ալ չեմ խօսիր երկու անջատ եւ հակընդդէմ մարմիններու գոյառման հաւանականութեան մասին … Ինչպէս կը տեսնուի, տակաւին շատ երկար ժամանակ համասփիւռքեան մարմինը պիտի մնայ փայփայուող երազ մը, հրճուանք պատճառելով մեր դարաւոր ոխերիմ ոսոխին:

Եւ այստեղ, Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունի հարց կու տայ. «Ի՞նչը կը խանգարէ որ շաբաթներով ու ամիսներով սփիւռքահայ մտածող մասնագէտներու համաժողով մը հրաւիրուի, Սփիւռքի կարողականութիւնը ճշդելու եւ Հայ Դատի հետապնդման համար համապարփակ ծրագիր մը մշակելու»: Սակայն, կարելի չըլլար նման համաժողով մը հրաւիրել, որովհետեւ, կարգը դրուած է քառակուսի անիւներու վրայ … Իսկ ո՞վ դրած է զայն քառակուսի անիւներու վրայ՝ հատուածամոլութիւնը, որմէ Սփիւռքը չի կրնար ձերբազատուիլ, դժբախտաբար: Մինչդեռ, Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունիի համար, անհրաժեշտ է, որ «այդ աշխատանքը արտացոլայ ազգային իրաւ եւ ամբողջական համագործակցութիւնը, եւ ոչ թէ «ես»ի ու «մենք»ի գովազդային ցուցադրութիւնը»:

Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունի անհրաժեշտ կը նկատէ, եւ շատ ալ իրաւամբ, որ կազմուի Սփիւռքի համընդհանուր մէկ մարմինը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հետեւեալը. «Ամբողջ Սփիւռքահայութիւնը (իր բոլոր կողմերով ու համախմբումներով)  հրաւիրուած է մասնակցելու Սփիւռքահայ Համագումարի մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ծնունդ տալ Սփիւռքահայ Ազգային Գերագոյն Խորհուրդին, որ գերագոյն հեղինակութեամբ պիտի ըլլայ միագլուխ ներկայացուցիչը Հայ Դատին ու Հայկական Պահանջատիրութեան, ըլլայ տէրը բանաձեւուած տեսակէտին, ծրագրէ ռազմավարութիւնը եւ ստանձնէ զայն հետապնդելու պատասխանատուութիւնը»: Եւ ան կը շեշտէ այն իրողութիւնը, թէ «Հայաստանէն եւ Արցախէն առաջ, բարոյապէս ու ժառանգութեամբ Սփիւռքահայութեան արեան ու ճիտին պարտքն է տէր կանգնիլ  Հայ Դատին»: Եւ մանաւանդ, «Սփիւռքահայ Ազգային Խորհուրդը պիտի ըլլայ մեկնակէտը Հայ Դատին եւ Հայկական Պահանջատիրութեան հետապնդումին»:

Սակայն, Հայաստանի իշխանութիւնները ի վիճակի՞ են Հայ Դատը հետապնդելու, երբ այնտեղ կը տիրէ անիշխանական կարգուսարք, ինչպէս որ Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունի կը ներկայացնէ այնքան դառնութեամբ մը, որ ըմբռնելի է Սփիւռքի համար, եւ որ սակայն անըմբռնելի է Հայաստանի պետական այրերուն, որոնց համար օրինաչափութիւն դարձած է Հայոց Հայրենիքին ներկայ անփառունակ կացութիւնը. «Երբ երկրին տնտեսութիւնը ամէն օր քիչ մը աւելի կը խրի անելի մէջ, երբ մուրացկանութիւնը ազատ շուկայական տնտեսութեան համար ընդունելի «արհեստ» է, երբ կաշառակերութիւնը «էլիթ»ի կարգախօս է, երբ թալանչիութիւնը առեւտուրի նոր որակ է, երբ վաղուան նկատմամբ անվստահութիւնը կը բազմապատկուի ամէն օր, երբ ժողովուրդը կշտացած սնամէջ խոստումներէն ու ցուցադրական երթեւեկերէ, հերթի կռիւ կ’ընէ օտար դեսպանատուներու առջեւ, ի՞նչ կ’ընեն իշխանատենչութեան մոլուցքէն տարուած բարոյապէս ու ֆիզիքապէս զիրար կոտորող քաղաքական այրերը»:

Իսկ ի՞նչ է կացութիւնը Սփիւռքի մէջ: Թող խօսի Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունին. «Յաղթանակի «գինովութիւնը» այն պահուն, երբ Սփիւռքը կ’ապրի իր գոյապահպանութեան ամէնէն ճակատագրական տասնամեակը: Որքան ալ ջայլամի «իմաստութեամբ» գլուխները պահուին աւազին մէջ, ոչ ոքի գաղտնիք է աննախընթաց նահանջը ազգային գիտակցութեան, ուրացումը՝ սրբութիւններուն եւ անտարբերութիւնը՝ ժառանգութեան հանդէպ»:

Իսկ գալով այն իրողութեան, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ի՞նչ վերաբերում ունին Հայ Դատի մասին, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կը ժխտէր զայն, ըսելով «Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն չունէր այդ ժամանակ, այնպէս որ ան ժառանգորդ չէ այդ շրջանի հողերուն»: Եւ Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունի խստօրէն քննադատելով  նախագահին այս ուրացումը Հայ Դատին, կը գրէ. «Մտածել որ Երրորդ Հանրապետութեան ծնունդ առնելովը, ազատ ու անկախ Հայաստանը պիտի հանդիսանար իրաւական հզօր տէրը Հայկական Դատին, Դատը առանց հողային պահանջատիրութեան արձակուած փուչիկ մըն է միայն: Եթէ (այս) դիւանագիտութիւն է, հազիւ թէ կարելի ըլլայ մտածել այսքան ապաշնորհ եւ նահանջ յայտարարող դիւանագիտութեան մը մասին: Ճիշդ տարազումը՝ ուրացումի դիւանագիտութիւն է: Վերջ տուէք Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալու թատերախաղին: Եղեռնի զոհերը պէտք չունին այդ թատրոնին: Ըստ երեւոյթին, ՀՀ նախագահական պաշտօնին հասնելու նախապայմաններէն մէկը՝ թուրքերու կողմէ Պատմական Հայաստանի բռնագրաւուած հողերուն ուրացումն է»:

Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունի Հայ Դատին բնութագրումը կը ներկայացնէ առարկայականօրէն եւ իրապաշտօրէն, առանց խարխափելու մութին մէջ. «Հայ Դատի հետապնդումը պիտի հետապնդել հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան ճանաչումի, բռնագրաւուած հայկական հողերու պահանջատիրութեան եւ մայր հողերուն վերադառնալու համատեղ քարոզչութեամբ: Քանի որ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումի քարոզչութիւնը բովանդակազուրկ է եւ միայն պահանջատիրութիւնը՝ անհեռանկարային»: Այս է Հայ Դատին բնոյթը, էութիւնը, միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս որ կը հետապնդեն Հայաստանի իշխանութիւնները, իմաստազուրկ է եւ անբաւարար:

Հայ Դատին հետապնդումը անհրաժեշտ է, որ ըլլայ համազգային առումով, համագործակցութեամբը Սփիւռքահայ բոլոր հոսանքներուն: Դժբախտաբար, սակայն, ճիշդ այդ համագործակցութիւնն է, որ կը պակսի Սփիւռքահայութեան: «Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ պահանջատիրութեան պայքարի ճանապարհին վրայ ի՞նչ է հայուն համագործակցութեան որակն ու տարողութիւնը: Հայ կեանքին մէջ թերեւս դժուար է մտաբերել ուրիշ բառ մը, որ այնքան յեղյեղուած է եւ այնքան պարպուած իր բովանդակութենէն, որքան՝ «համագործակցութիւն»ը: Տարին անգամ մը հրաւիրուած-գործադրուած «համագործակցութիւն»ը համագործակցութեան չափանիշ չէ»:

Երբ ՀՀ նախագահը, Պիղատոսի նման ձեռքերը լուալով, կ’ուրանայ Հայ Դատը, Սփիւռքին կը մնայ իր գլխուն ճարին նայիլ: Եւ այդ ճարը մէկ եւ միակ պատասխան մը ունի, զոր կը ներկայացնէ հեղինակը. «Սփիւռքի Հայ Դատի Գերագոյն Մարմին»: Սփիւռք-Հայաստան բաժնուած են իրարմէ նոյնիսկ Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութենէն ներս ընդունման պարագային: Այսպէս, երբ ամբողջ Սփիւռքը միահամուռ կը բացագանչէ. «Թող մի տաք որ Թուրքիա մուտք գործէ այդ դարպասէն ներս, յոյս մի ներշնչէք անոր Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան»:  Մինչ Հայաստանը կը կարեւորէ այդ՝ «Մենք ուրախ պիտի ըլլանք եթէ Թուրքիա մուտք գործէ Եւրոպական Միութեան դարպասէն ներս, եւ արժանանայ Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան համար տարուելիք բանակցութիւններու մասնակից անդամի իրաւունքին»:

Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունի շատ կենսական եւ չափազանց այժմէական հարց մը մէջտեղ կը բերէ, որն է հայ լեզուին դերը՝ Պահանջատիրութեան մեր պայքարին մէջ. «Պայքարի թէժ ճակատ է լեզուն: Պապենական, հայրենի հողին վրայ թէ անկէ դուրս, լեզուն է եւ կը մնայ հաւաքականութեան մը ազգային ինքնուրոյնութիւնը ճշդող եւ ազգային պատկանելիութիւնը հաստատող առաջին եւ վերջին ժառանգութիւնը: Առանց ազգային լեզուամտածղութեան, ազգային մշակութային ժառանգութիւնը դատապարտուած է մաշումի եւ կորուստի»:

«Եկեղեցին» բաժնին մէջ, Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունի կը կարեւորէ դերը Եկեղեցիին՝ մարդկային քաղաքակրթութեան փրկութեան գործին մէջ. «Եկեղեցին պիտի որոշէ իր ներկայութիւնը հաստատել եւ ճակատ բանալ «սադայելական դրամատիրութեան», անոր  վարդապետութեան եւ «աւետարանիչներուն» դէմ՝ փրկելու մարդկութիւնը եւ անոր հազարամեակներու ընթացքին կերտած հոգեմտաւոր քաղաքակրթութիւնը»:

Եւ այս «սադայելական դրամատիրութեան» սպառնալիքէն զերծ չէ նաեւ մեր Հայաստանը. «Հայ ժողովուրդը ինք եւս ոչ մէկ ապահովագրութիւն ունի «սադայելական դրամատիրութեան» կործանիչ ընթացքին դէմ: Հայաստանի մէջ ափ մը «միլիոնչիկներու» դիմաց, ժողովուրդը ինկած է թշուառութեան գռիհներուն մէջ, եւ հայ մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան ամրոցները սկսած են տեղի տալ ազատ շուկայական տնտեսութեան սանձարձակ յարձակումներուն դիմաց»:

Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունի կը շեշտէ Հայ Եկեղեցիին հպարտառիթ դերը. «Հայ Եկեղեցին ամէն իրաւունք ունի հպարտանալու իր 1700-ամեայ պատմութեան փառահեղ էջերով, եռամեծար վարդապետներով, աստուածաբանական խոյանքներով, նահատակ սուրբերով, մարտունակ առաջնորդներով, բայց … իւրաքանչիւր սերունդ ժառանգորդի իր մենաշնորհով կրնայ եւ իրաւունք ունի հպարտանալու այն ատեն միայն, երբ իր ձեռք բերած ժառանգին վրայ  առաւել բարձր որակով գումարում կը կատարէ»:

Սակայն, Հայ Եկեղեցին այսօր իր դերին մէ՞ջն է, պաշտպանելու համար հայ քաղաքակրթութիւնը: Տեսնենք թէ այս մասին ինչ կ’ըսէ հեղինակը իրաւամբ. «Ի՞նչ կ’ընէ եկեղեցին, երբ կը նահանջէ Հայ Դպրոցը, Հայ Լեզուն, Հայ Երգը, Հայ Հաւատքը, Հայու Հոգին … Երբ մինչեւ իսկ հայրենի հողին վրայ  Հայ Լեզուն ու Հայ Երգը կ’աղաւաղի ամէն օր, երբ Հայ Մշակոյթի պետական պաշտպանութիւնը կու գայ լոկ աջ ու ձախ շքանշաններ բաժնելով, երբ Ազգային Ակադեմիան եւ հայ ակադեմիկոսներ սովի սպառնալիքի տակ են»:

Իսկ  «Դպրոց» բաժնին մէջ, Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունի վեր կ’առնէ Դպրոցին դերը՝ հայապահպանման առաքելութեան մէջ. «1600 տարիներ ետք, Մեսրոպ Մաշտոցն ու Թարգմանչացը, կրկին անգամ կը յիշեցնեն հայ ժողովուրդին, թէ՝ իր գոյութեան եւ հաւատքի անաղարտ պահպանումին միակ խարիսխը Հայ Դպրոցն է»: Անգամ մը եւս շեշտելով  Հայ Դպրոցին անուրանալի դերը հայապահպանման սրբազան պայքարին մէջ, ան կը գրէ. «Հայ Դպրոցը, իր դասացուցակի հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի ուսուցման պահերով, Հայուն գոյութեան պայքարի առաջին եւ անփոխարինելի ամրոցն է: Գլխատել այդ դասապահերը, կը նշանակէ զինաթափել հայ մարդը պայքարի ճակատին վրայ»:

«Մշակոյթ» բաժինին մէջ, «Սով» ենթախորագրին տակ, Փրոֆ. Դոկտ. Քասունի կը գրէ, քիչ մը դառնութեամբ, քիչ մըն ալ հեգնանքով, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի անկախութեան. «Հայաստան: Երկիր ուր՝ Հացի սով է: Միա՞յն: Ապահովութեան սով է ու՝ վստահութեան: Ողջախոհութեան սով է ու՝ իրարհասկացողութեան: Զիջումի սով է ու՝ նուիրումի: Արդարութեան սով է ու՝ արդարադատութեան: Օրէնքի սով  է ու՝ օրինապահութեան: Մտքի սով է ու՝ դատումի: Հոգիի սով է ու՝ հաւատքի: Երազի սով է ու՝ յոյսի:  Ու … սիրոյ: Բայց … ազատութիւն է: Աւելի ճիշդ՝ անկախութիւն: Անկախութիւնը ազատութիւն հռչակած էր, եւ ազատութիւնը՝ «ազատ շուկայ» եւ «ազատ շուկան» մէկ օրէն միւսը հող ու հայրենիք շփոթած էր վաճառատան ու փերեզակի կրպակի հետ»:

Եւ իբրեւ եզրակացութիւն այս հատորին առաքելութեան, կը մէջբերեմ վերջին հատուած մը. «Բռնագրաւուած, տարագիր ժողովուրդ, որուն գոյութիւնը կ’իմաստաւորուի բռնագրաւուած իր հողերուն  վերադառնալու պայքարին մէջ: Ու այդ պայքարին վերջնական յաղթանակին համար առաւելագոյն հոգատարութեան կը կարօտին զէնքերը՝ Հայ Լեզուն, Հայ Հաւատքը, Հայ Մշակոյթը, եւ զօրանոցները՝ Հայ Դպրոցը, Հայ Եկեղեցին, Հայ Մամուլը, Հայ Մշակոյթի Տունը»:

Փրոֆ. Դոկտ. Երուանդ Քասունիի այնքան ուսանելի այս հատորը կը փակեմ իրեն մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, նորանոր ձեռքբերումներ, Հայ Ժողովուրդին գոյապայքարին մէջ թաթխելով իր ոսկեայ գրիչը՝ մեզի հաղորդելու համար իր ոսկեայ միտքերն ու մտորումները, իր դատումներն ու դիտումները:

 

 

 

 

 

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին