Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Մեծաշուք Տօնախմբութիւն` Նուիրուած ՀՀ Անկախութեան Հռչակման 25-րդ Տարեդարձին

Սեպտեմբեր 21-ին Լոնտոնի Իլինկ Թաուն Հոլ սրահի մէջ Լոնտոնի Թէքէեան Հիմնադրամի եւ Լոնտոնի ԹՄՄ-ի նախաձեռնութեամբ կայացաւ մեծաշուք տօնախմբութիւն` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին: Միջոցառման ներկայ էին ՄեծԲրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ԱրմէնԼիլոյեանը, դեսպանութեան այլ ներկայացուցիչներ, ՄԹ-ի Կիպրոսի դեսպան Է. Էվրիվիադէսը, ՄԲ խորհրդարանական Ս. Փաունդը, դիւանագէտներ, հոգեւորականներ, հասարակական-քաղաքական, մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով բրիտանացիներ:

VAH_2399

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լոնտոնի Թէքէեան Հիմնադրամի պատուաւոր քարտուղար Վարդան Ուզունեանը: Շնորհաւորելով համայն հայութիւնը անկախութեան 25-ամեակի առթիւ, ան պատմական ակնարկ կատարեց դէպի 1990-ականներ, արձանագրելով Հայաստանի դէպի անկախութիւն տանող դժուարին, բայց յաղթական ուղին: Վ. Ուզունեան անդրադարձաւ նաեւ Թէքէեան Հիմնադրամի եւ ԼԹՄՄ քառասնամեայ մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութեան՝ ի նպաստ հայ ինքնութեան պահպանման, մշակոյթի զարգացման ու տարածման, Հայրենիքին օգտակար ըլլալու գործին:

VAH_2689

Ձեռնարկի մասնակիցներուն ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Արմէն Լիլոյեան անդրադարձ կատարեց անկախութեան 25 տարիներու ընթացքին Հայաստանի անցած ճանապարհին՝ լի ձեռք բերումներով եւ փորձութիւններով, վերելքներով եւ մարտահրաւէրներով: Ան նշեց, որ անկախ Հայաստանի կայացման գործին մէջ մեծ աւանդ ունի Սփիւռքը, առանց որու օժանդակութեան եւ անմիջական աշխոյժ մասնակցութեան անհնարին կ՝ըլլային նուաճումները: Համայն հայութիւնը իր պայքարի եւջանքերու շնորհիւ այսօր ունի անկախ Հայրենիք, եւ այդ գաղափարի շուրջ պէտք  , ամրապնդման ու բարգաւաճման գործին:

VAH_2631

Տօնական միջոցառումը շարունակուեցաւ մշակութային ծրագիրով, որ նախապատրաստական աշխատանքներ ու սկսած էին դեռ տարուան սկիզբը: Համերգը մեկնարկեց նորաստեղծ «Բատիկեան» լարային քառեակի՝ Կոմիտասի եւ Ա. Խաչատրեանի ստեղծագործութիւններու կատարումով: Երիտասարդ երգահան, դաշնակահար Քրիստինա Առաքելեանը կատարեց Ս. Ջրբաշեանի «Տոկատան» եւ Ա. Պապաճանեանի «Էկսպրոմտը»: Է. Աբրահամեանի «Ախ, ինչ լաւեն սարի վրայ» եւ Ա. Յարութիւնեանի «Երգիր ինձ համար» երգերով հանդէս եկաւ թենոր Սիփան Օլահը: Յատկանշական էր անուանի ջութակահարուհի Անի Բատիկեանի կատարմամբ Ղ. Սարեանի «Արիան» եւ երգահան Կ.Առաքելեանի՝ յատուկ այս համերգի համար գրուած «Ֆանթազիա հայկական թեմայով» ստեղծագործութեան առաջին ներկայացումը. Դաշնամուրային նուագակցութեամբ հանդէս եկաւ հեղինակը՝ Կ. Առաքելեանը: Մեցո-սոպրանո Անայիս Հեղոյեանը կատարեց Ա. Աճեմեանի «Արաքս գետը» եւ Վ. Կոտոյեանի «Երեւան» երգերը: Վաստակաշատ դերասանուհի, Մովսէս Խորենացի շքանշանի եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ շքանշանի արժանացած Ժենիա Ներսիսեանը ասմունքեց հատուածներ Յ. Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութենէն:

VAH_2597

VAH_2734

Համերգի առաջին մասը եզրափակուեցաւ Ա. Աճեմեանի «Իրիկնային Երեւան» երգով, որ փոխադրումը կատարած էր Սիփան Օլահը Ա. Բատիկեանի /ջութակ/, Ս. Օլահի /թենոր/, Ա.Հեղոյեանի /մեցո-սոպրանո/, Կ.Առաքելեանի /դաշնամուր/ համար:

VAH_2580

VAH_2776

Համերգային ծրագիրի երկրորդ մասը սկսաւ Լոնտոնի «Ախթամար» պարային համոյթի ելոյթով /գեղ. Ղեկավար՝ Ա. Զաքարեան/: 18 հոգիներէ բաղկացած երիտասարդներու խումբը իր կատարողական արուեստով ներկայացուց յայտնի «Բերդ», «Կռունկներ», «Ղարաբաղ», Ա.Սպենդիարեանի «Էնզելի» պարերը:

Երաժշտական երեկոն շարունակեց Լոնտոնի Թէքէեան Հիմնադրամի «Կոմիտաս» քառաձայն երգչախումբը /նախագահ՝ Վ. Ուզունեան/, որ իր բարձր որակով հիացուց ներկաները: Երգչախումբի համահիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սիփան Օլահը դաշնակահարուհի Էլլա Պապայեանի հետ 8 ամիս շարունակ կը պատրաստէին երգչախումբը այս կարեւոր երեկոյին: «Կոմիտասի» 30 երգիչները համահունչ կատարեցին Ա. Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն հատուածներ, Ա. Տոլուխանեանի «Երեւանի գիշերներ» եւ Կոմիտասի «Խումար» երգերը: Ա. Աճեմեանի «Ծաղկած բալենի» երգը համերգի անակնկալներէն մէկն էր: Ս. Օլահի այս երգի փոխադրումը կատարեցին «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ մենակատար սոփրանօ Հայարփի Եղիկեանի եւ «Ախթամար» համոյթի համատեղ ելոյթով: Ս. Շաքարեանի «Հայկական ժողովրդական երգերը» /փոխադրումը՝ Ս. Օլահի/, կատարեցին «Կոմիտաս» երգչախումբը եւ Անի Բատիկեանը /ջութակ/: Ս. Լուսիկեանի «Ազատ Հայաստան» երգը յուզեց թէ հայ, թէ բրիտանացի հանդիսատէսը Լ. Հայրապետեանի կողմէն իր անգլերէն թարգմանուած հատուածով: Համերգային ծրագիրը եզրափակուեցաւ «Կոմիտաս» երգչախումբի կատարմամբ Է. Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ» երգով, որ վերջին լարերը հանդիսատէսը ընդունեց մեծ ցնծութեամբ եւ բարձր ծափահարութիւններով:

VAH_3191

Միջոցառման Լիանա Հայրապետեանը ընթերցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձը, ուր նախարարը բարձր գնահատեց տարիներ շարունակ բրիտանահայ համայնքի ունեցած դերը անկախ Հայաստանի զարգացման եւ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ: «Մեր ժողովրդի վերջին դարերում ունեցած ամենամեծ ձեռքբերումը մեր երկու հայկական պետութիւններն են՝ ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Հայրենիքը կերտողը հայ ժողովուրդն է, ուստի մեր երկիրը միասին պետք է պահենք, հզօրացնենք, զարգացնենք ու փոխանցենք գալիք սերունդներին», կ’ըսուի նախարարի ուղերձին մէջ:

Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը եզրափակելով ձեռնարկը, անդրադարձաւ օրուայ խորհուրդին եւ իր բարեմաղթանքները յղեց համայն հայութեան. խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնութեան մասին: Սրբազան հայրը նաեւ բարձր գնահատանքի արժանացուց Թէքէեան Հիմնադրամի եւ Լոնտոնի ԹՄՄ նախաձեռնութիւնը՝ կազմակերպելու նման բացառիկ եւ յաջող մշակութային երեկոյ, որու մասին կը վկայէր ներկաներու բարձր տրամադրութիւնն ու ոգեւորութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին