*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան աշակերտներուս կեանքին ամենաանուշ մասը՝ գիշերօթիկի կեանքն էր։
Մելգոնեանն ալ, միւս բոլոր հայկական դպրոցներուն նման, կրթական ամբողջական ծրագիր մը ունէր, որ աշակերտութիւնը կը պատրաստէր Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի լաւագոյն համալսարաններուն։ Լոնտոնի համալսարանի GCE-ի քննութիւններուն Մելգոնեանի արդիւնքները զարմացուցած էին նոյնիսկ անգլիացի սրբագրողները։ Անգամ մը, 1970-ական թուականներուն, նոր պաշտօնի կոչուած անգլիացի ուսուցիչ մը Լոնտոնի GCE-ի գրասենեակը կ՚երթայ, որպէսզի մասնաւոր գիրքեր յանձնարարեն իրեն՝ լաւ արդիւնքներու հասնելու համար։ Երբ իրեն կը հարցնեն որ Կիպրոսի ո՞ր դպրոցին մէջ պիտի պաշտօնավարէ, «Մելգոնեան» կ՚ըսէ մեր մարդը։ «Օ՜, կ՚ըսեն, դուն լաւագոյն դպրոցը կ՚երթաս, հոն շատ բան պիտի ունենաս իրենցմէ սորվելու»։ Պրն. Գէորգ Յակոբեանի (բնագիտութիւն, կենսաբանութիւն, քիմիագիտութիւն), Պրն. Վարդան Թաշճեանի (ուսողութիւն) եւ Տիկ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանի (պատմութիւն- աշխարհագրութիւն) աշակերտներուն յաջողութիւնները ընդհանրապէս 95-100-տոկոսի միչեւ կը տարուբերուէին։ Մեծ խումբ մը Մելգոնեանցիներ իրենց համալսարանական ուսումը ստացան նաեւ Հայաստանի Պետական Համալսարանին մէջ, գլխաւորաբար ուսանելով հայագիտութիւն, բժշկութիւն, երկրաչափութիւն, մարմնամարզութիւն եւայլն։ Բացի կրթական ընդհանրացած նիւթերէն, Մելգոնեանի մէջ շատ մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր հայագիտական նիւթերուն՝ (GCE-ի յաջողութիւնները՝ 100 տոկոս) լեզու, գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, մշակոյթ, երգ ու պար եւ այլն։ Շատ զօրաւոր կերպով, մեզի կը ջամբուէր հայրենիքի հանդէպ սէր եւ հայրենասիրութիւն։ Ինչ որ հայկական էր՝ պատուական էր։
Կրթական ոլորտէն դուրս, ինչպէս տեսանք, գեղարուեստական-մշակութային միջոցառումները, մարզական կեանքը եւ ընկերային փոխ յարաբերութիւնները համեմունքն էին մեր կեանքին։
Դասապահերէն, զբօսանքներէն եւ ճաշարանէն ետք, մեր ընկերային կեանքը կը սկսէր՝ կէսօրէ ետք ժամը 3։30-ին։ Ամէն բան տղաքը միասին կ՚ընէին, դասընկերները, անմիջական ընկերները եւ մասնաւոր հետաքրքրութիւններ ունեցող տղաքը։ Ոմանք, «գրասէր մտաւորականները», գրադարան կը վազէին եւ ժամ մը ամբողջ գիրքերու աշխարհին մէջ իրենց մտաւորական-հոգեկան երջանկութիւնը կը փնտռէին։ Ուիշներ դաշտերը կը վազէին մարզական զանազան խաղերու փորձերուն մասնակցելու, կային ոմանք՝ որոնք պուրակներուն մէջ կը ճեմէին եւ իրարու իրենց «ցաւերը» կը պատմէին, ապագայի կապոյտ երազները կը հիւսէին։ Կարգ մը տղաք շէնքին շուրջ գտնուող նստարաններուն վրայ նստած՝ «օդ կը կլլէին»։ Քանի մը սկաուտներ իրենց քննութիւններուն կը պատրաստուէին։ Տակաւին դասարաններուն մէջ թէ ննջարանը, յաջորդ օրուայ դասերը պատրաստողներ երանի կու տային դուրսը խաղցող տղոց։
Մանչերու շէնքին ետեւի կողմը, երբ օդը լաւ ըլլար, խումբ մը տղաք «տանիք» կը խաղային։ Թէնիսի գնդակը տանիք կը նետէինք, խաղցողի մը անունը կու տայինք։ Եթէ բռնէր, ուրիշ տղու մը անունը կու տար, ապա թէ ոչ, գետին դպնալէն ետք, երբ գնդակը բռնէր, պէտք էր փախչող խաղցողներէն մէկու զարնէր գնդակը։ Երեք կէտ ստացողը, դէմքը պատին կը սպասէր, մինչ խաղացողները պէտք էր հարուածէին։ Միշտ վիճաբանութիւն կար, որ «երկու թէ երեք կէտ ստացար»։ Բնականաբար կը փորձէինք կարելի եղածին չափ զօրաւոր զարնել։ Իսկ եթէ «հիւսիւսային կողմ»էն ալ աղջիկները կը դիտէին, ամէն ճիգ կ՚ընէինք որ անպայման գնդակը դպնար … Կը պատահէր որ խաղին չմասնակցող տղաք ալ հարուածէին, եւ «հաւար»ը կը փրթէր։
***
Սինեմա Փախուստները
1963-ի յոյն-թուրք համայնքային կռիւները նոր վերջացած էին։ Բնական էր, որ գիշերօթիկ վարժարանի մը աշակերտները պէտք էր «քաղաք փախէին»։ Եթէ մեծ խումբով պիտի փախէինք, դպրոց մնացող քանի մը տղոց պարտականութիւն կու տայինք, որ հերթապահին զբաղ պահէին։ 1963-ին, մանչերու բաժնի հերթապահը Պրն. Պարգեւ Գամպուրեանն էր։ Շատ ազնիւ, հասկցող, պապա մարդ էր։ Ուրեմն Շաբաթ իրիկուն մը, քանի որ գեղարուեստական միջոցառում չկար, որոշեցինք Մելգոնեանի դիմացը գտնուող Աքրոբոլիս շրջանի սինեման երթալ։ Քանի մը հոգիով պիտի երթայինք, բայց կամաց-կամաց խումբը սկսաւ մեծնալ։ Գացինք, կամ «փախեցանք» … Սովորութիւն ունէինք սինեմա չմտած, դդումի կուտ գնել (շատ աժան էր) եւ մեր աչքերուն հետ բերաննիս ալ զբաղ պահել։ Երբ միջնարարին լոյսերը բացուեցան, տեսանք որ արդէն մեզմէ առաջ ուրիշ մեծ խումբ մըն ալ եկած էր։ Շարժապատկերը վերջանալէն անմիջապէս ետք՝ խումբով սկսանք դպրոց վազել, որպէսզի ժամը 10։00 չեղած հասնէինք եւ ամէն բան բնականոն ցոյց տայինք հերթապահին (մինչ այդ, սինեմային յատակը «ճերմկած» էր մեր կերած դդումի կուտերուն ճերմակ կեղեւներէն …)։ Յանկարծ, խումբ մը մարդիկ ինքնաշարժներով մեր առջեւը կտրեցին եւ զէնքերը մեզի ուղղած հրամայեցին որ կենանք։ Սարսափած էինք։ Մարդիկ յունական քաղաքացիական ապահովութեան կամաւորներ էին, որոնք Աքրոբոլիսի շրջանի վրայ կը հսկէին, որպէսզի թուրքերը յանկարծակի յարձակում չգործէին։ Երբ իմացան, որ Մելգոնեանցի աշակերտներ ենք եւ սինեմայ փախած ենք, շատ բարկացան։ «Կրնայինք, ըսին, կրակել ձեր վրայ։ Եկէք, ըսին ձեզ տնօրէնին քով պիտի տանինք նայելու համար, որ իրապէս աշակե՞րտ էք թէ… » խնդրանք, պաղատանք որ մեզ տնօրէնին չտանին, խոստումներ, որ ուրիշ անգամ չենք փախիր … ըսինք որ մեզ դպրոցէն կը վռնտեն, եւայլ, եւայլն։ Վերջապէս խումբի պատասխանատուն խիստ հանդիմանութիւններէ եւ սպառնալիքներէ ետք արտօնեց, որ երթանք։ Այդ պատահարէն ետք, քանի մը շաբաթ գիշերները սինեմա փախչող չէր ըլլար։
***
Կիրակի առտուները, ժամը 9։30-ին հանդիսասրահ կը հաւաքուէինք պաշտամունքի։ 5-6 շարականներ երգելէն ետք, ուսուցիչ մը 10-15 վայրկեան բարոյախօսութիւն կու տար եւ վերջաւորութեան «Հայր Մեր»ը եւ «Փառք Քեզ Տէր Աստուած Մեր»ը կամ «Օրհնեցինք զՔեզ»ը երգելէն ետք մեր շէնքերը կ՚երթայինք եւ անմիջապէս պասքէթի եւ վոլէի խաղերուն կը պատրաստուէինք։
Կէսօրուայ ճաշէն ետք, գրեթէ կազմակերպուած գործունէութիւններ չէր ըլլար։ Ննջարանը թէ պուրակին մէջ, նստարաններուն վրայ թէ դասարաններուն մէջ ընկերներով մեր հարցերը (ընդհանրապէս սիրային) կը լուծէինք կամ գիրք կարդալով մեր ժամանակը կը լեցնէինք՝ մինչեւ սերտողութեան ժամը։
Կիրակի կէսօրէ ետքերը, յաճախ վերի կարգի տղաքը (մասնաւորաբար Աշոտ Չագալեանը, Զօհրապ Պետրոսեանը, Զարեհ Արզումանեանը, Նշան Չէչէնեանը, Կարօ Վարդանեանը, Միհրան Տէր Մելքոնեանը եւ այլք) վարի կարգի աշակերտներուս մօտակայ «Էյլէնճէ» գիւղի սինեման կը տանէին։ Մելգոնեանի դարմանատան ետեւի կողմէն (փշաթելերը բացած էինք…), դաշտերու մէջէն խումբ-խումբ քալելով, երբեմն երգելով, կ՚երթայինք սինեմայ, որ ընդհարապէս յունարէն երկու ֆիլմեր կ՚ըլլային՝ սիրային կամ դաւաճանուած սիրոյ պատմութիւն մը, կամ ալ ծնողներէն մէկուն արգելքին դէմ պայքարող սիրոյ ուժը։ Կը պատահէր որ «սխալմամբ» աղջկան կուրծքերը յանկարծ կը պարզուէին պաստարին վրայ … Մենք անշուշտ «ուա՜ ՜ու» բացականչումներէ ետք … անմիջապէս աչքերնիս կը փակէինք։ Մուտքի գինը մէկ շիլին էր, բայց մեծ տղաքը մեզմէ մէկ ու կէս շիլին կը գանձէին։ Պատճառը այն էր, որ քանի մը տղաք դրամ չէին ունենար սինեմա գալու մեզի հետ, հետեւաբար յաւելեալ կէս շիլինները անոնց կը յատկացուէր։ Տակաւին, եթէ «դրամը չբաւէր», քանի մը աշակերտներ ալ անվճար կը մտնէին։ Ըսեմ որ այդ կէս շիլիններէն մաս կ՚ելլէր նաեւ այդ տղոց համար դդումի կուտ գնելու։ Կրնա՞ք երեւակայել, գիւղական փոքր սինեմայի մը մէջ 40-50 աշակերտ, գրեթէ ամէնքն ալ դդումի կուտ չքչքացնէին, ի՜նչ ձայն սինեմային մէջ։ Բնականաբար երբ դուրս ելլէինք սինեմայէն, գետինը ճեփ-ճերմակ կ՚ըլլար։ Վերադարձի ճամբան, խօսակցութեան նիւթը՝ այդ դերասանուհիին գեղեցիկ կուրծքերը … ։
***
Հաւկերոյթ
Ինչպէս վանքի մը ճարպիկ վանականները վանքին հաւերը կը գողնային եւ կ՚ուտէին, նոյնպէս եւ Մելգոնեանցի տղաքը խոհանոցէն եփած հաւեր կը «գողնային» եւ կը ճաշակէին։ Տարի մը, կարծեմ 1964-ին էր, աւարտական դասարանի տղաքը արտօնութիւն ստացած էին ուսուցիչներու յատկացուած շէնքին արեւելեան մասի սենեակները գործածել որպէս ննջարան, քանի որ շատ ուսուցիչներ չկային շէնքը զբաղցնելու։ Պրն. Ասատուր Պետեանին տնօրէնութեան երկրորդ տարին էր, երբ այս կարգադրութիւնը տեղի ունեցաւ։ Գիշերօթիկի կեանքը «արդիականացնելու» ճիգ մըն էր։ Այնպէս մը պատահած էր, որ այդ տարուան աւարտական դասարանի տղոց մէջ «ճարպիկ»ներու թիւը քիչ մը շատ էր։ Քանի որ ճաշացուցակը ամէն երկուշաբթի կը հրատարակուէր, ուրեմն գիտէինք, թէ յաջորդ օր ի՞նչ ճաշ պիտի ուտենք։ Օր մը առաջ հաւերը եփուած կ՚ըլլային խոհանոցին փուռերուն մէջ։ Աւարտական դասարանի տղաքը, խոհանոցի ծխնելոյզէն, սկաուտական պարանով վար կ՚իջնեն եւ 4-5 եփած հաւեր, հաց եւ այլ ուտելիքներ «գողնալէն» ետք, միւս հաւերը ափսէին մէջ այնպէս մը կը վերադասաւորեն, որ յաջորդ օրը յայտնի չըլլայ։ Տղաքը եփած հաւերը իրենց «հովոց»ը (ննջարան) կը տանին եւ երկինքէն յայտնուած կիպրական կարմիր գինիով փառաւոր մը կը ճաշակեն։ Չէ՞ որ անոնք իրենց համար եփուած էին, պարզապէս օր մը առաջ պիտի համտեսէին եւ եթէ գոհ չմնային, խոհարարին պիտի ըսէին որ …։ Չեն մոռնար անշուշտ կարելի բծախնդրութեամբ ննջարանի «ճաշասենեակ»ը մաքրել։
Յաջորդ առտու, Անտրէան՝ գլխաւոր խոհարարը, կը նշմարէ որ քանի մը հաւեր Գրիգոր Նարեկացիի «հրամանով», կեանքի կոչուած են եւ անհետացած փուռէն։ Բնականաբար կասկածները կեդրոնացած էին աւարտականի տղոց վրայ։ Անոնք ալ, քիչ մը զարմացած եւ բաւականին մը բարկացած՝ կը բողոքէին որ ինչու՞ իրենցմէ կը կասկածին, իրենք օրինապահ աշակերտներ էին։ Տնօրէնը Պրն. Ասատուր Պետեանը, անձնապէս սկսաւ հետապնդել այս հարցը։ «Կերուխում»ի սենեակին մէջ տակաւին ճաշակուած հաւերուն հոտը կը յամենար։ Գինիի հոտը կ՚ամբողջացնէր պատկերը։ Բայց տակաւին ասոնք բաւարար չէին վերջնական եւ ամբողջական փաստեր հայթայթելու եւ աշակերտները դատապարտելու։ Բոլոր հարցաքննութիւները ի զուր էին։ Անկարելի էր որ տղոցմէ որեւէ մէկը խոստովանէր կամ մատնութիւն ընէր։ Նախընտրելի էր «մահապատիժ» ստանալ, քան թէ ընկերոջ մատնել։ Սենեակին մանրազննին խուզարկութեան ժամանակ Պրն. Պետեանը հաւու ոսկորներէն «եատէս»ի փոքր կտոր մը կը գտնէ մահճակալի մը տակէն։ Հարցը լուծուած էր։ Աւարտական դասարանի տղաքը շատ ծանր պատիժներու ենթարկուեցան եւ ազդարարուեցաւ, որ նման յանցանք մը կրկնուելու պարագային, կրնան խումբով վտարուիլ եւ վկայականէ զրկուիլ։
***
Մելգոնեանի Լահմաճիւնները
Չորեքշաբթի օրերը «լահմաճիւն»ի օրն էր, փոխն ի փոխ, աղջկանց եւ մանչերու համար։ Մանչերուն չորս լահմաճիւն բաժին կ՚ինար։ Միսը շատ ըլլալուն, թէ շատ անօթի ըլլալնուս, չեմ գիտէր, քիչ մը հացով կ՚ուտէինք որ կշտանանք … ։ Աղջիկները միայն երեք լահմաճիւն կը ստանային, որպէսզի … չգէրնային։ Սակայն, աղջիկներէն շատեր, անպայման իրենց լահմաճիւններէն բաժին կը հանէին իրենց «ախպարիկներուն»։ Կարգ մը տղաք այդ օր չորսէն աւելի լահմաճիւն կը ստանային եւ շատերուն նախանձը եւ ախորժակը շարժելով՝ կ՚ուտէին։ Նիկողոս Մարոնեանը շատ ժողովրդականութիւն կը վայելէր աղջկանց կողմը։ Հաւանաբար 10-12 լահմաճիւն կը ստանար ամէն անգամ, սակայն, այնքան բարի հոգի ունէր, որ իր «լահմաճիւն»ներէն բաժին կը հանէր պզտիկներուն, որոնք տակաւին չէին յաջողած «մարդ կարգադրել»։
Լահանան մահանայ ըրին …
Հերթապահութեանս տարիներուն ընթացքին, Զատկուայ արձակուրդի մը ժամանակ, ճաշացուցակին քեպապ-խորովածի ճաշ որոշուած էր։ Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, Պրն. Ստեփան Պաղչէճեանը չէր նշմարած այդ, եւ տեղը կաղամբի փաթթոց (համով ըլլալու համար ըսեմ՝ «լահանայի սարմա») հրամցուեցաւ աշակերտներուն։ Տղաքը համով-հոտով կերան, բայց ինձմէ գաղտնի որոշեր են «խաղաղ ցոյց» մը կազմակերպել, որպէսզի քեպապէն չզրկուէին։ Չեմ գիտեր ուրկէ, մեծ թուղթէ պաստարներ ճարեր էին եւ «քեպապ կ՚ուզենք», «լահանան մահանայ ըրին», «անօթի ենք», «չորցանք» եւ նման լոզունգներով սկսան մանչերու շէնքին առջեւ «ցոյց» ընել։ Ժամը 5։00-ի ժամանակ Պրն. Պետեանը, քաղաքի յունական ակումբներէն մէկուն մէջ «պրիճ»ի խաղը վերջացնելէն ետք, ինքնաշարժով հասաւ եւ երբ Բարերարներու Դամբանին առջեւ ցուցարարները տեսաւ, լեմոնի պէս դեղնեցաւ։ Քովը գացի հարցը բացատրելու եւ քիչ մը հանդարտեցնելու։ Տղաքը սկսան աւելի ոգեւորութեամբ «քեպապ կ՚ուզենք» հանկերգը կրկնել։ Տնօրէնը խոստացաւ, որ երկու օր ետք՝ ճաշը քեպապ պիտի ըլլայ։ Տղոց այս որ ըսի, անշուշտ ուրախացան, բայց մէջերնէն Եթովպիացի Յարութիւն Քնաճեանը յանկարծ հետը փէփսի ալ կ՚ուզենք»,- ըսաւ։ Իր «պահանջք»ը փոխանցեցի Տնօրէնին։ Ան ալ, կացութիւնը մեղմացնելու համար՝ համաձայնեցաւ։ «Ցոյց»ը վերջացաւ, բայց տղաքը տակաւին կը յամենային աղմկել։ Տիկ. Ենովա Պետեանը, Տիկ. Հերմինէ Պէքարեանը եւ չեմ գիտէր ինչու՞ Օր. Մարի Փափազեանը (երեք հերթապահուհիները կամ «երեք հրաձանակիրներ»ը) աղջկանց շէնքի մուտքի աստիճաններուն վրայ նստած, սարսափահար մեզ կը դիտէին։ Տիկ. Պետեանը քովս գալով խնդրեց որ տղոց ներս ղրկեմ։ Կատակով- մատակով տղոց ներս տարի եւ երկու օր ետք, փառաւոր քեպապ մը կերանք, աղցանով (սալաթ) եւ … «փէփսի»ով։
***
Կաղանդը ՄԿՀ-էն ներս
Կաղանդի շրջանին, գիշերօթիկի կիպրացի աշակերտները տուն կ՚երթային։ Ոչ կիպրացիներուս համար ալ մասնաւոր ձեռնարկներ կը պատրաստուէին, որպէսզի արձակուրդի օրերը աւելի հաճելի անցնէին։ Ընդհանրապէս մարզական մրցումներ, գեղարուեստկան անպատրաստից երեկոներ, Պրն. Սեպուհ Աբգարեանի առաջնորդութեամբ դասական եւ հայկական երաժշտութեան ունկնդրութեան պահեր, երկու դաշտագնացութիւններ, սկաուտական բանակում-մրցումներ, զուարթ երեկոյ, «երկսեռ ճաշ»եր, եւայլն։
Բնականաբար կաղանդի միջոցառումներուն ամենակարեւորը Յունուար 31-ի ծրագիրն էր։
Արձակուրդը տակաւին չ՚սկսած, 12-րդ դասարանի տղաքը հանդիսասրահը, իսկ 11-րդի աշակերտները պէտք էր սկսէին ճաշարանները զարդարել կաղանդի յատուկ զարդարանքներով։ Գիտէ՞ք ի՜նչ լաւ առիթ էր այս մանչ ու աղջիկ միասին ըլլալու, մանաւանդ սիրահարուած զոյգերուն համար …։ Աղջկանց հերթապահուհիները, չեմ գիտէր ինչու՞, իրար կ՚անցնէին, որ յանկարծ տղայ մը աղջկան ձեռքը չբռնէ կամ յանկարծ … մահացու մեղքը չգործէ աղջկան համբուրելով։ 17-18 տարեկան տղաք էինք, ի՜նչ կ՚ըլլար եթէ պաչիկ մը գողնայինք։ Բարերարին նպատակն ալ այդ չէ՞ր միթէ, հայ պարմաններն ու պարմանուհիները քով- քովի բերել, ամուսնացնել եւ ազգը բազմացնել։ Մանչերու հերթապահները աւելի հասկցող էին կամ հոգերնին չէր, չեմ գիտեր, բայց վախ չունէինք անոնցմէ։
Մեր աւարտական տարին, մեր դասընկերներէն Կարպիս Դաւիթեանին ոտքը, Դեկտեմբեր 30-ին, ֆութպոլի խաղի ժամանակ կոտրեցաւ ։ Հիւանդանոց տարին։ Կիպրոսի մէջ եթէ ոտքդ կամ որեւէ մէկ տեղդ կոտրէր, քանի մը օր հիւանդանոց կը պառկէիր։ Ամերիկայի մէջ, տակաւին «ճիփսին»ը չչորցած, քեզ տուն կը ղրկեն։ Մենք միայն 5 շրջանաւարտ տղաք էինք դասարանին մէջ՝ Նիկողոսը, Կարպիսը, Փանոսը, Համբիկը եւ ես։ Կարպիսը հիւանդանոցն էր, ուրեմն մնացինք միայն չորս տղայ։ Փանոսը մեր «փիլիսոփան» էր, գէշ տեսակէն սիրահարուած (անպատասխան) եւ ուրեմն շատ «գործի չէր ծառայէր»։ Մնացինք երեք տղայ եւ 12 աղջիկ։ Հանդիսասրահին պատերը եւ առաստաղը, ինչպէս նաեւ կաղանդի հսկայ ծառին վերի մասը զարդարելը տղոց պարտականութիւնն էր։ Հակառակ այս նեղ պայմաններուն, Դեկտեմբերի 31-ի առաւօտուն, որոշեցինք Կարպիսին այցի երթալ՝ հիւանդանոց։
Ժամը 11։00-ի ատենները Մելգոնեան վերադարձանք եւ ուղղակի հանդիսասրահ գացինք զարդարանքի աշխատանքներուն սկսելու։ Օր. Հերմինէ Քէշիշեանը շատ խոժոռ նայուածքով մեզ դիմաւորեց եւ բարկացած՝ «այս տարի պարապ հանդիսասրահին մէջ պիտի տօնե՞նք կաղանդը» ըսաւ։ Ըսինք, մի մտահոգուիք, քանի մը ժամէն ամէն ինչ պատրաստ կ՚ըլլայ։ Եւ իրապէս, ժամը 6։30-ին, հանդիսասրահը պատրաստ էր՝ ի զարմանքս Օր. Քէշիշեանին։
Նոր Տարուայ ընթրիքը տեղի կ՚ունենար ժամը 7։00-ին։ Աշակերտներ, ուսուցիչներ, հոգաբարձական կազմի անդամներ (ոմանք իրենց տիկիններով, զաւակներով, մայրերով, հայրերով, կեսուրներով, աներներով, հիւրերով եւ …) ժամը 7։00-ի զանգին պատասխանելով կ՚ուղղուէին ճաշարանները։ Այդ օր բնականաբար ընթրիքը երկսեռ կ՚ըլլար։ Դասարանները բաժնուած կ՚ըլլային երկու ճաշարաններուն մէջ։ Պրն. Սեպուհ Աբգարեանն ու Օրդ. Հերմինէ Քէշիշեանը օրուայ թամատաները կ՚ըլլային եւ մեզ կը խանդավառէին երգերով, մեներգներով։ «Կենաց Երգ»ը (Սեղանն է Առատ, Դիմացն Արարատ) պայման էր որ երգէինք։ «Լա՜րի՜ Թը՛մպրը լալա Հահ Հահ Հա՜»ով կը թնդացնէինք ճաշարանը։ Հոգաբարձուներէն Պրն. Խաժակ Պալատունին, ոսկեգոյն կողքով, ձեռագիրով պատրաստուած երգարան մը ունէր։ Անպայման քանի մը երգ երգել կու տային իրեն։ Տարի մը ես ալ, Վահէ Վարդապետեանին կիթառին ընկերակցութեամբ մեներգեցի եւ արժանացայ տղոց ծիծաղաշարժ քննադատութեան։ Շատ լաւ ագրաւի ձայն ունէի եւ կարծեմ քիչ մըն ալ բառերը եւ երաժշտութիւնը սխալ … ։
Ընթրիքի «մէնու»ն միշտ հաւ, ընկոյզով-նուշով-ծիրանով եղինց (փիլաւ), աղցան (սալաթ), փեփսի, պտուղ եւ «քատայիֆ» կ՚ըլլար։ Օ՜ այդ «քատայիֆ»ը։ Նախքան ընթրիքը, բազմաթիւ համաձայնութիւններ կը կնքուէին տղոց մէջ աւելցած՝ բայց մաքուր «քատայիֆ»ները հաւաքելու եւ ննջարան տարուելու, յաջորդ օրերուն վայելելու համար։ Դարձեալ, աղջիկներէն շատերը իրենց «քատայիֆ»ները մեզի կը զիջէին, մեր շնորհակալական զգացումներուն եւ ժպիտներուն դիմաց։ Պէտք է ըսել ,որ Կաղանդի ընթրիքը շատ համով կ՚ըլլար։
Պաշտօնական Ընթրիքը կը վերջանար ժամը 8։00-ին։ Հոգաբարձուները, ուսուցիչները եւ հիւրերը աղջկանց ակումբը կը հաւաքուէին սուրճի հիւրասիրութեան։ Տղաքը եւ պատասխանատու ուսուցիչները անմիջապէս հանդիսասրահ կ՚երաթային օրուան պաշտօնական յայտագիրին վերջին կարգադրութիւնները ընելու։
Ժամը 8։30-ին կը սկսէր կաղանդի պաշտօնական հանդիսութիւնը։ Պատշաճ երգեր, արտասանութիւններ, երգչախումբ, պարախումբ եւ զաւեշտական թատրոն մը մաս կը կազմէին յայտագրին։ Շատ հաճելի կ՚անցնէր երեկոն։ Ժամը 10։00-ին պաշտօնական հանդիսութիւնը կը վերջանար։ Անմիջապէս սրահը կը պատրաստէինք «Զուարթ Երեկոյ»ի համար։ Ժամը 10։30-ի ատենները, զանգը կը հնչէր եւ կ՚ուղղուէինք դէպի հանդիսասրահ։ Սկիզբի տարիներուն (1961-1964) մասնաւոր նստարաններ կային, որոնց վրայ հինգական հոգի կը նստէինք։ Քանի որ աղջիկները մեզմէ առաջ հանդիսասրահ կ՚ելլէին, պէտք էր այնպէս մը նստէին որ իւրաքանչիւր նստարանի ծայրի երկու կողմերը «մարդ» ունեցողները նստէին, որպէսզի քովի նստարանին ծայրն ալ իրենց «մարդ»երը նստելով՝ քով-քովի ըլլային։ Կը պատահէր որ կարգ մը տղաք, «սխալմամբ» ուրիշի մը զոյգին քովը նստէին, չես գիտեր ինչպէս եւ ուրկէ մեծ տղաքը կու գային եւ կամացուկ մը այդ տղոց ուրիշ նստարան կը «հրաւիրէին»։
Կաղանդի «Զուարթ Երեկոյ»ները շատ հաճելի կ՚անցնէին։ Դարձեալ քիչ մը անպաշտօն յայտագիր մը կ՚ըլլար պատրաստուած։ Ուրախ արտասանութիւններ, կատակ – ընթերցանութիւններ, զուարճալի, կարճ պատմուածքներ, երգեր, զանազան խաղեր («թակարթի խաղը», «քառակուսիներու խաղը», «երաժշտական աթոռներու խաղը», «սուլիչի խաղը») եւ այլն։ Այս խաղերուն հաճելի ըլլալու գաղտնիքը՝ աղջկանց հետ ձեռք-ձեռքի վազելն էր։ Միայն Մելգոնեանցիները գիտեն այդ «ձեռք-ձեռքի» բռնելու ջերմ հաճոյքը, մանաւանդ՝ սիրահարուած Մելգոնեանցիները։
Ժամը ճիշդ 12։00-ին «Կաղանդ Պապա»ն կու գար։ Ընդհարապէս աշակերտ մը կամ ուսուցիչ մը կ ՚ըլլար ։ «Գիւտը»՝ թէ ինչպէ՞ս Կաղանդ Պապան սրահ պիտի մտնէր։ Տարի մը, մանչերու բաժնի գիշերապահը՝ Պրն. Հայկ Լէփէճեանը եղաւ Կաղանդ Պապան եւ հանդիսասրահ մտաւ իր «մօթորսիքլէթ»ով։ Հայկը հազիւ 400 փաունտ կը կշռէր …
«Կաղանդ Պապան» իր հետ կը բերէր մեր նուէրները։ Տարի մը անգլերէն գրպանի բառարան էր, ուրիշ տարի մը՝ Կիպրոսի կղզիին նկարով կաշիէ պատեանի մէջ փոքր սանտր մը, անգամ մը՝ հայերէն բանաստեղծութիւններու գրքոյկ մը … գոնէ տարի մըն ալ քանի մը շիլին նուէր տային։ Կը յիշեմ, հերթապահութեանս ժամանակ, տարի մը, երբ յանձնախումբի ժողովին նուէրը պիտի որոշէինք, պատասխանատուներէն մին ըսաւ որ այդ շատ ծախս է, եւ ուրեմն նուէր չտանք այս տարի։ Աստուած իրապէս ձեռքս բռնեց, որպէսզէ այդ երկոտանիին ակռաներու թիւը չպակսեցնեմ։
Նոր Տարուան առաջին ժամերուն զիրար շնորհաւորելէ եւ մանաւանդ մեր զոյգերուն հազարաւոր խոստումներ տալէ ետք, կը վերադառնայինք մեր ննջարանը, ընկերներով տաքուկ-տաքուկ խօսելու եւ իրարու պատմելու մեր զոյգերուն հետ ունեցած «գաղտնի» խօսակցութիւնները։
1963-ին, Դեկտեմբեր 24-ին յոյն-թրքական զինեալ բախումները սկսած էին։ Այդ տարին մեր կաղանդի հանդիսութիւնները շատ կարճ տեւեցին։ Աճապարանքով կարճ յայտագիր մը հրամցուցին, շատ կարճ «Զուարթ Երեկոյ» մը եւ ժամը 10։00-ին մեզ ննջարան ղրկեցին։ Նշան Չէչէնեանը, քանի որ Կիպրոսի արքելարշաւի առաջնութիւնը շահած էր, Կիպրոսի կառավարութեան հաշւոյն հոն կը մնար, որպէսզի յաջորդ ողիմպիական խաղերուն համար կանոնաւոր կերպով մարզուէր արհեստավարժ մարզիչներու կողմէ։ Սակայն Կիպրոսի յոյն-թուրք ներքին կռիւներուն պատճառով իր մարզումները դադրեցան։ Նշանը շրջան մը դպրոց պէտք էր մնար, ուրեմն Տնօրէնութիւնը իրեն հերթապահական եւ ուսուցչական պաշտօններ տուած էր (բնագիտութեան եւ ուսողութեան մէջ շատ փայլուն էր)։ Կաղանդի գիշերը Նշանը հերթապահ էր։ Մանչերս ալ, քանի որ մեզ այսքան կանուխ ննջարան ղրկած էին, շատ կատղած էինք եւ կ՚աղմկէինք։ Պոլսեցի Հայկ Մամիկոնեան անունով աշակերտ մը, օրուայ ընթացքին աւելի քան 20 շիշ կիպրական աժաննոց գինի բերած էր եւ մենք ալ այդ գինիներով զիրար կը շնորհաւորէինք՝ իրարու կենացները խմելով եւ բաժակաճառերով քաղձրացնելով մեր ընկերութիւնները։ Բազմաթիւ անգամներ Նշանը ննջարան եկաւ մեզ հանդարտեցնելու։ Յետոյ իմացանք, որ թուրքերը մեծ յարձակում մը ծրագրած են եղեր, եւ նկատի ունենալով Մելգոնեանի ռազմավարական դիրքն ու պատերուն հաստութիւնը, որոշած են նախ Մելգոնեանը եւ ապա հարեւանութեան վրայ գտնուող կիպրոսի պետական ռատիոկայանը եւ կեդրոնական ոստիկանատունը գրաւել։ Ահաւոր կացութիւն էր եւ շատ մեծ ու ծանր պատասխանատուութիւն Հաստատութեան պատասխանատուներուն համար։ Իմացանք նաեւ որ մինչ մենք հանդիսասրահին մէջ խաղերով զբաղուած էինք եւ ննջարանին մէջ ալ կերուխումով, կիպրական բանակայիններ եւ ոստիկանական մեծ խումբ մը Մելգոնեանի պուրակներուն եւ դաշտերուն մէջ դիրք գրաւած էին թրքական յաձակումին դէմ դնելու։ Բարեբախտաբար ակնկալուած յարձակումը տեղի չունեցաւ։
***
Բարերարներու Օրը
Յունուարի երկրորդ Կիրակին, Սբ. Յովհաննու Կարապետի Տօնին առիթով կը տօնէինք նաեւ «Բարերարներու Օր»ը։ Հանդիսասրահին մէջ պատշաճ հանդիսութենէ մը ետք (Հոգեհանգտեան պաշտօն, արտասանութիւն, խօսք, եւ այլն), շարքով տնօրէնին սենեակը կը մտնէինք տարին շնորհաւորելու եւ ընկոյզով «լոխում» ստանալու։ Այս առիթով դարձեալ հոգաբարձական կազմէն քանի մը անդամներ ներկայ կ՚ըլլային մեր Նոր Տարին շնորհաւորելու եւ մեր շնորհաւորանքները ընդուելու (մանաւանդ հոգաբարձուներէն մին որ միշտ ներկայ էր եւ տուն գացած ժամանակն ալ քանի մը լոխում միասին կը տանէր իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն…)։ Պրն. Ստեփան Պաղջէճեանը դրան առջեւ կեցած ամէն դուրս ելլող տղուն լոխում մը կու տար լայն ժպիտով եւ գլուխը խորհրդաւոր կերպով շարժելով։ Այդ լոխումներէն քանի մը հատ հիմա ըլլար ալ ուտէինք։
«Բարերարներու Օր»ուան առիթով դարձեալ երկսեռ ճաշ կ՚ունենայինք։ Կաղանդի ընթրիքին նոյն ճաշացուցակը՝ հաւ, փիլաւ, սալաթ, փեփսի, պտուղ եւ անուշեղէն։ Կիպրացի նախկին Մելգոնեանցիներուն հետ կամ դէմ մարզական մրցումներ ալ տեղի կ՚ունենային, որպէսզի Օրուան մասնաւոր իմաստ մը տրուէր։ Տարի մը, կարծեմ 1976-ին էր, Ասատուր Տէվլէթեանին հետ մասնաւոր յայտագիր մը պատրաստեցինք Կիպրացի շրջանաւարտներուն եւ աշակերտութեան համար՝ առաւօտեան քաքաոյի հիւրասիրութիւն, պաշտամունք-հոգեհանգիստ Բարերարներու դամբանին առջեւ, պասկէթի եւ վոլէյի մրցումներ, կէսօրին ճոխ ճաշ հանդիսասրահին մէջ (ճաշարանի ծանր սեղանները հանդիսասրահ տարած էինք), կէսօրէ ետք ֆութպոլի խաղ, ժամը 5։30-ին ընթրիք հիւրերուն համար, գեղարուեստական ճոխ յայտագիր եւ ապա պաշտօնական ճաշկերոյթ քաղաքի ճաշասրահներէն մէկուն մէջ։ Բոլոր հրաւիրեալները մասնակցեցան մեր կազմակերպած բոլոր միջոցառումներուն, բացի մէկ հոգաբարձուէ, որ իր ընտանիքին բոլոր անդամներով ներկայ էր ամբողջ օրը, մանաւանդ ճաշերուն, բայց երբ պաշտօնական, վճարումով ճաշկերոյթի ժամը եկաւ, ըսաւ որ շատ յոգնած են …։ Ասատուրին եւ իմ բոլոր ճիգերը զիրենք (ամուսիններով) համոզելու ճաշկերոյթին տանելու, ապարդիւն անցան։ Ասատուրը ըսաւ որ եկուր հրաւիրենք, նայինք պիտի գա՞ն։ Ես դէմ կեցայ։ Կրնային ընդունիլ մեր հրաւէրը։ Խնդիրը քանի մը ոսկին չէր, այլ իրենց կծծիութիւնը։ Եւ չեկան (40 տարի ետք, տակաւին չեմ մոռցած …)։
***
Շաբաթ Օրերը
Շաբաթ օրերը միայն երեք պահ դաս կ՚ունենայինք։
Դասապահերէն անմիջապէս ետք, երգչախումբի անդամները աղջկանց շէնք կ՚երթային փորձերու համար։
Կիպրացի աշակերտներէն ոմանք աճապարանք մը կ՚ունենային տուն երթալու։ «Մէրսէտէս» թաքսիները կու գային եւ տղաքը պայուսակները տեղաւորելով եւ քիչ մըն ալ շուրջերնին նայելով կ՚երթային։
Միւս աշակերտները զբաղած կ՚ըլլային պահարանները շտկելով, ոմանք գուլպաներու լուացքով գրաւուած կ՚ըլլային, ուրիշներ «արդուկի կարգ» կը բռնէին շապիկները արդուկելու։ Անգամ մը Պոլսեցի Մանուկ Եըլտըզին հետ վիճաբանութեան բռնուեցայ, քանի որ ան իր գիշերանոցը եւ գուլպաներն ալ կ՚արդուկէր։ «Ծօ ի՞նչ պէտք ունիս գիշերանոցդ եւ գուլպաներդ արդուկելու» ըսի։ «Ապիճիմ (եղբայրս), պէտք է որ քի արդուկեմ քի լաւ ըլլայ»,- ըսաւ։ Գրասէրները անմիջապէս գրադարան կը վազէին, կարծես գիրքերը գրադարանէն դուրս պիտի փախէին …, տակաւին ոմանք կօշիկները ներկելով կամ գրասեղանները շտկելով զբաղուած կ՚ըլլային։ Ոմանք քաղաքի արտօնութիւն կ՚ուզէին գնումներ ընելու։ Մանչերուն համար դիւրիւն էր քաղաք իջնել գնումներու համար։ Աղջիկները, խե՜ղճ աղջիկներ, շատ դժուարութեամբ արտօնութիւն կը ստանային քաղաք գնումի երթալու, եւ ան ալ ընդհարապէս մեծ աշակերտուհիի մը կամ հերթապահուհիներէն մէկուն ընկերակցութեամբ (քաղաքին մէջ մեր աղջիկներուն կրնային ուտել)։
Իմ առաջին երեք տարիներուս, մասնաւոր արտօնութիւն ունէի Շաբաթ օրերը, գոնէ ամիսը երկու անգամ, քաղաք Շաբաթապահներուն Եկեղեցին երթալու։ Մայրս եւ մեծ եղբայրներս Շաբաթապահ էին, ես ալ Շաբաթապահներուն դպրոցը յաճախած էի։ Հոս փակագիծի մէջ ըսեմ, որ մանաւանդ առաջին տարիս, բողոքական պատուելիի նման Սբ. Գիրքը միշտ ձեռքս կ՚ըլլար տղոց գլխուն քարոզ կարդալու։ Պրն. Վաչէ Սեմերճեանը, երիտասարդ, կանաչորակ աչքերով, շատ համակրելի եւ ընկերասէր ուսուցիչ մըն էր։ Յաճախ աշակերտներուն հետ կ՚ըլլար եւ անուղղակիօրէն մեզ կը դաստիարակէր բարոյական կամ ազգային հարցերու մէջ։ Առանց քարոզչութեան, բայց «բարեկամաբար» շատ բան կը սորվեցնէր մեզի։ Անգամ մը, 1962-ին, Կիրակի կէսօրէ ետք մը, երբ դասարանի մը մէջ տղոց հետ նստած կը խօսէինք, ես սկսայ Սբ. Գիրքէն բաներ մը ըսել։ «Սբ. Գիրքին մէջ անանկ բան գրուած չէ» ըսաւ Պրն. Սեմերճեանը։ Ըսի՝ փէփսիէ փէփսի գրաւի կու գա՞ք։ Այո ըսաւ։ Փաստեցի ըսածս։ Հակառակ որ անցնող 36 տարիներուն Լոս Անճելըսի մէջ բազմաթիւ առիթներով իրարու տուն գացած ենք եւ ճոխ սեղաններու վրայ հիւրասիրած զիրար, տակաւին «այդ փէփսին» չեմ ստացած։ Երբ անցեալները դարձեալ յիշեցուցի իրեն «այդ փէփսի»ին մասին, ըսաւ .- «լաւ, երբ որ Մելգոնեանը վերաբացուի եւ միասին Կիպրոս երթանք, այն ատեն կ՚առնեմ փեփսիդ»։ Չեմ գիտեր, Պաղեստինեան Դատի եւ Հայկական Դատի արդար լուծու՞մը աւելի դիւրիւն է թէ՝ Մելգոնեանի վերաբացումը։ Օ՜ր մը … Հայ Շաբաթապահներու եկեղեցիին պատուելին՝ Արամ Աղասեանը, Պէյրութի մեր եկեղեցիէն լաւ կը ճանչնայինք, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ «երէց»ներէն մին, Մովսէս Էլմաճեանի տիկինը Պէյրութէն մեզի ընտանեկան լաւ բարեկամ էր։ Պրն. Արամ Սարգիսեանը լաւ տեսակէն բողոքական էր։ Այնպէս որ, ան միշտ արտօնութիւն կու տար ինծի եկեղեցի երթալու։ Քաղաքէն կու գային եւ զիս եկեղեցի կը տանէին, ապա պատուելիին կամ ուրիշ անդամի մը տունը ճաշի կ՚երթայի եւ երեկոյեան Մելգոնեան կը վերադառնայի։
Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ կէսօրէ վերջերը նաեւ լոգանքի օր էր։ Սկզբնական տարիներուս ցանկերով, կարգով լոգանքի կը մտնէինք։ Վերի դասարաններէն աշակերտ մը պատասխանատու կ՚ըլլար ժամը ճշդելու եւ յամեցողներուն դուրս հանելու։ Երբեմն ջուրը կը պաղէր, ստիպուած կ՚ըլլայինք սպասել քիչ մը եւ վերսկսիլ շամփուները լուալու։
Ձմրան ցուրտ եւ անձրեւոտ օրերուն ննջարանը, վարի «ակումբ»ը կամ դասարաններու մէջ մեր ժամանակը կ՚անցնէինք։ Երբեմն, ննջարանին մէջ «ըմբշամարտ»ի մրցումներ տեղի կ՚ունենային։ Մահճակալներով քառակուսի «ռինկ» մը կը կազմէինք, անկողինները գետինը կը փռէինք, վերմակները մահճակալներէն վար կը սահեցնէինք, որպէսզի երկաթներուն եթէ զարնուէինք, չվիրաւորուէինք։ Միշտ երկու –երեք հոգի պատրաստ կ՚ըլլային որ եթէ խաղը լրջանար եւ կռիւի հոտեր գային, բաժնէին եւ հաշտեցնէին։ Եթովպիայէն Վարդգէս Նալպանտեան անունով ունեւոր աշակերտ մը կար, որ միշտ կը յոխորտար որ ինք «ճուտոյ»ի եւ «քարաթէ»ի դասեր առած է եւ որեւէ մէկը չկրնար հետը «քէչ» խաղալ։ Համբերութիւնս հատաւ … Նիկողոսին «իրաւարար» կարգեցինք եւ՝ տու՛ր թէ կու տաս։ Խեղճ Նալպանտեանը կարծեմ Մելգոնեան գալուն զղջաց։ Անշուշտ հաշտուեցանք, խաղ էր։ Ինք հարուստի զաւակ ըլլալուն, լաւ դրամ ունէր։ «Համոզեցինք», որ մեր տղոց մէկական «փէփսի» եւ «տօնաթ» գնէ, կրպակէն։ Անուշ ըրինք …
Կէսօրէ վերջերը ֆութպոլի դասարանային մրցումները տեղի կ՚ունենային։ Շատ «լուրջ» խաղեր էին ասոնք աշակերտներուն համար։ Վարի կարգի աշակերտները միշտ «քոչ» մը կ՚ունենային վերի կարգի լաւ խաղցող տղոցմէն։ Եթէ առաջին դասարանը պիտի մրցէր վերի կարգի զօրաւոր դասարանի մը դէմ, մեծերուն կը յանձնարարուէր մեղմ խաղալ եւ 2-3 կոլերով բաւարարուիլ։
Հոգաբարձուներէն Պրն. Խաժակ Պալատունին կար, որ երիտասարդութեան շատ լաւ ֆութպոլ խաղցող եղած է ՀԲԸ Միութեան «Կայծակ» խումբէն, եւ քանի մը անգամ ալ Կիպրոսի առաջնութիւնը շահած են։ Շաբաթ օրերը Պրն. Խաժակը Մելգոնեան կու գար եւ յաճախ փոքրերու կամ տկար խումբերու հետ ֆութպոլ կը խաղար։ Անգամ մը Հայաստանէն հիւրեր եկած էին եւ մեր տղոց խաղը կը դիտէին։ Պրն. Խաժակն ալ դաշտին միւս ծայրը, հեռուն, լաւ խաղարկութիւն ցոյց կու տար։ Ըսեմ որ Պրն. Խաժակին հասակը բաւականին մը կարճ էր եւ շատ դիւրաւ կարելի էր հեռուէն զինք շփոթել փոքր աշակերտներուն հետ։ Հայաստանցի մեր հիւրերէն մին Պրն. Խաժակը ցոյց տալով ըսաւ.- «Այդ տղան կը տեսնէ՞ք, վաղը երբ մեծնայ շատ լաւ ֆութպոլ խաղացող պիտի ըլլայ»։ Չուզեցինք մարդուն ըսել ճշմարտութիւնը, թող այդպէս կարծէ, վերջապէս Պրն. Խաժակն ալ պատանեկութեան Մելգոնեանցի եղած է։
Ամիսը գոնէ երեք անգամ, Շաբաթ գիշերները գեղարուեստական միջոցառումներ տեղի կ՚ունենային, որոնց մասին պատմած եմ արդէն։
Մելգոնեանցին ամէն օր յիշատակելի պահեր կ՚ապրէր իր երկրորդ տան մէջ։ Կարելի է տակաւին հատորներ գրել այս մասին, սակայն այլ յուշեր զիրար կը հրմշտկեն լոյս աշխարհ գալու։
Եւ այսպէս, ոսկեշղթայ յուշերու երկար օղակներով Մելգոնեանցիները կապուեցան իրարու, եղբայրացան, շատեր իրենց կեանքի ընկերները ընտրեցին այդ կապոյտ երկնքին տակ եւ հայկական տաքուկ բոյներ կազմելով նուիրուեցան ազգին ծառայելու եւ Բարերարին փափաքով՝ «ազգին վրէժը լուծելու»։
Լոս Անճելըս, 2016