Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Կարճ-Կտրուկ

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

«Եթէ ըսեմ քեզ տառապած՝
Այդ մեր ցաւն է համատարած»:
Ս. Արմէն

-Երեխան ի՞նչ կը խնդրէ:

-Հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն:

Մինչդեռ երեխան կու լար ու ոչ միայն այդքան, այլ՝ կը ճչար…

Բայց հակառակ այս իրողութեան, հինէն դրուածք մը կար որ պէտք էր կատարուէր, ու դարերէ ի վեր նոյնը:

Այսպէս դարերէ ի վեր շղթայուածութիւններ կան, զոր փշրել անհնարին  կը թուի. այդպէս է մանաւանդ, երբ ժողովուրդի իբրեւ վերին մարմին գոյառած են Պետութիւն եւ Եկեղեցի, օրէնքի մականին տակ ու կը հովուեն… ի պահանջեալ հարկին ըստ իրենց կամքին..

Բնական ապրելակերպը, նոյն հաւաքականութեան հետ, նոյն հողի վրայ ապահով եւ հանգստաւէտ ապրելու պահանջքն է: Այսինքն, ունենալ հայրենիք՝ իբրեւ ապահով երդիք, ու հողը ոտքի տակ՝ իբրեւ դարերու աւանդ. որու ամէն մէկ քարն ու անկիւնը պատմութիւն մը կը յիշեցնէ, որով կ’ապրիս, ու կը խորհիս եւ կ’ընթանաս դէպի դարերը գալիք:  Ի հարկէ այս եղաւ բաւական երազային, երբ այսօրուան մեր հայրենիքը նկատի ունենանք…

Սակայն այս է իրականութիւնը: Գէթ հատոր մը պէտք է, բայց՝ կարճ-կտրուկ..

Տագնապներ կան, որոնցմէ խուսափում չկայ. ուրեմն՝ պէտք է համբերել գիտնալ եւ ժամանակի սպսաել։

Տագնապներ ալ կան, որոնք ներքին են եւ որոնք պէտք չէր որ գոյառէին եւ սակայն խաւի մը ընչաքաղցութիւնը անսահման, հայրենիքի սահմանէն դուրս կեցութեան պարտադրեց շուրջ մէկ միլիոն հայորդի… եւ դեռ ուրիշներ. ծայրագոյն աստիճանի աղքատութեան, որոնք գուցէ տեղափոխուելու ի վիճակի չեն:

-Այսօր ի՞նչ օր է…

-Անկախութեան տարեդարձ…

Մինչդեռ ժողովո՛ւրդը իր ցաւը գիտէ, բայց կը սպասէ հաւատքով, յոյսով ու …

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին