*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Տասնամեակներու զարմանալի լռութենէ ետք, երբ Միջին Արեւելքի հայութիւնը, ինչպէս՝ 20-րդ դարու 20-ական, 30-ական եւ 40-ական թուականներու իրարայաջորդ տագնապներու նման, այսօր ալ փոթորկայոյզ ժամանակներ կ’ապրի, սակայն դարձեալ կը վերյիշէ իր երբեմնի անմոռանալի երախտաւորները, իսկական ազնուական փրկիչները, որոնց կարգին էր ընկ. Մկրտիչ Մսըրլեան: Անոր արժանաւոր զաւակ, սերունդներու դաստիարակ, պատմաբան ու մտաւորական դոկտ. Զաւէն Մսըրեանի հեղինակած «Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-Քաղաքական Գործունէութիւնը» եզակի գիրքին վերահրատարակման գինեձօնն էր։
Շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնի՝ «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ, ինչպէս՝ օրին կարճ լուրով մը «Զարթօնք» ընթերցողներուն տեղեկացուցած էր, հովանաւորութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինին եւ կազմակերպութեամբ՝ «ՌԱԿ Մատենաշար»ին՝ Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2016-ին։ Երեկոյին ներկայ էին՝ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, Լիբանանի նախկին Պետական երեսփոխաններ Ընկ. Յակոբ Գասարճեան (ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ) եւ Նուրիճան Տեմիրճեան, կուսակցական եւ միութենական ղեկավարներ, գործիչներ, լիբանանահայ մտաւորական ընտրանին, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ խմբագիրներ ու պատուեցին մեծ հայորդիին ու ազգային բարերարին քաղաքական կեանքն ու գործունէութիւնը՝ մանաւանդ 1936-1948 թուականներու բեղուն աշխատանքը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «ՌԱԿ Մատենաշար»ի տնօրէն եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ընկ. Սեւակ Յակոբեան, ողջունելով յարգարժան հրաւիրեալներն ու ներկաները, ինչպէս նաեւ՝ գիրքի հեղինակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը: Ան մատնանշեց հանգուցեալ Մկրտիչ Մսըրլեանի արժանիքները եւ Միջին Արեւելքի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ իր թողած դրոշմը։ Ընկեր Յակոբեան հաստատեց, թէ ան իսկապէս նախախնամութեան կողմէ ղրկուած անձ էր, որ Ցեղասպանութենէն մինչեւ իր մահը ծառայած էր հայերուն եւ հիւրընկալած էր արաբներուն՝ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Պաղեստինի մէջ (բացման խօսքը կու տանք առանձին):
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Մայր Հայրենիքէն ժամանած ընկ. Յովիկ Էօրտէքեան, որ մանրամասն ներկայացուց այս փառաւոր աշխատութիւնը, որ նուիրուած է՝ բազմատաղանդ, բեղուն գործունէութեամբ, հայրենասէր ու եկեղեցասէր, նուիրեալ հայ եւ կուսակցական Մկրտիչ Մսըրլեանի: Բանախօսը ներկայացուց նաեւ մեծ երախտաւորին խաղցած դերը՝ Կիլիկիայէն եւ Սանճագէն տարագրուած հայորդիներու օժանդակութեան, Բ. Աշխարհամարտին «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային զօրագունդին ի հաշիւ կազմակերպուած հանգանակութեան, «Սարդարապատի Արծիւ»՝ ծագումով արցախահայ Գարեգին Արք. Յովսէփեանցը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական գահին վրայ բազմեցնելու պատմական դերին, ներգաղթի եւ այլ Սփիւռք-Հայրենիք կապերու ամրապնդման շնորհակալ աշխատանքներուն մասին: Պէտք է յիշել նաեւ «Զարթօնք» օրաթերթին սատարած ըլլալու իր դժուարին առաքելութիւնը՝ Բ. Աշխարհամարտի դժուարին տարիներուն իսկ:
Այս յատկանշական հանդիպում-երեկոն եզրափակուեցաւ՝ իր արժանաւոր հօր ձօնած բացառիկ գիրքի հեղինակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի խօսքով, որ նաեւ մինչ այդ «անյայտ» էջեր ալ լուսաբանեց Մկրտիչ Մսըրլեանի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու դառն փորձէն եւ վեհանձնաբար իր մրցակիցին ձեռքը սեղմելու արարքէն, յանուն մեր հայ ժողովուրդին, միասնաբար ներկայացնելով նորանկախ Լիբանանի նախագահին՝ պահպանելու հայերու քաղաքացիութեան իրաւունքը Մայրիներու հինաւուրց երկիրին մէջ:
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցան երեկոյին կազմակերպիչները եւ պատուարժան հիւրերը, որոնք անարատ գինիով ձօնեցին «Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային – Քաղաքական Գործունէութիւնը» գիրքին էջերը, որմէ ետք ժամը եկաւ ընբոշխնելու հայկական քոնեակը եւ քաղցրաւենիքներ՝ մտերմիկ զրոյցի մը ներքոյ։