Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Անձնական Ձախողութիւնը Արդարացնել Փորձող Վատոգիներ Եւ Մասամբ Նորին

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Մարդկային տկարութիւններէն է անձնական ապիկարութեան պատճառով ձախողութիւնը փորձել արդարացնել ուրիշ մը մեղադրելով:

Այս ձեւին դիմող անհատները անշուշտ բան չեն սորվիր ու կը մնան ձախողներ (losers) իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Նման ձախող անձի մը գոյութիւնը կը սկսի շատ աւելի վտանգաւոր  դառնալ, որքան տուեալ անձին պատասխանատուութիւնը եւ վարած պաշտօնը բարձրանայ:

Պատկերացուր սիրելի ընթերցող, որ նման անձ մը ազգային ղեկավար է, կազմակերպութեան մը պատասխանատուն, կամ դպրոցի մը տնօրէնը, եւ երեւակայէ անոր գործած աւերը իր գլխաւորած հաւաքականութեան վրայ:

Հարցը կը դառնայ վատութիւն, երբ խնդրոյ առարկայ, անձը անկախ իր մարդկային տկարութենէն կամ հիւանդագին բնոյթէն,  իր արարքին գիտակից ըլլալով հանդերձ՝ դիտումնաւոր կ’ընէ: Այս մէկը կանխապէս ծրագրուած ոճիրի ալ համազօր է, որովհետեւ այս միջոցին դիմող ձախող անձը անարդարօրէն վնաս կը հասցնէ այն անձին, որուն կը փորձէ անհիմն կերպով մեղադրել: Շատ յաճախ այս ձախողները կ’ունենան նաեւ աւելի ձախող հովանաւոր մը կամ պաշտպանողներ (որոնց ապաւինած կ’ըլլայ մեր ձախողը), որոնք այս պարագային համազօր են ոճիրի մասնակիցի…:

Կայ աւելի եւս վտանգաւոր բան մը: Ստորադաս հետեւորդներ, պաշտօնեաներ կամ աշակերտներ  պիտի սորվին ու կապկեն իրենց գերադաս պատասխանատուին կամ տնօրէնին վարուելակերպը եւ իրենք իրենց կարգին պիտի վերաբերին նմանապէս:

Այսպէս ձախողութիւնը պիտի դառնայ մշակոյթ՝ տուեալ հաւաքականութեան պարագային, իսկ անոր հետեւանքները՝ աղիտալի, մինչ սրբագրումը՝ շատ յաճախ անկարելի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին