Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Ընթացքը

 *ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Ո՞ր մէկ մանուկը չէ երազած… այն ինչ որ կարելի չէ ունենալ իրողութեան մէջ, գէթ այդ պահերուն, այս մանկական ժամանակաշրջանի անհրաժեշտութիւն է կերպով մը, երբ մանուկը, կամ պատանին թուղթէ թռուցիկ կ’արձակէ երկինք… երեւակայելով, որ օր մը կ’իրականանայ այն՝ ինչ որ դասարանի մէջ սորված է.

«Կ’ուզեմ լինել օդաչու

Ամպերու մէջ սլանալ

Իմ Հայաստան Աշխարհի

Անվախ հերոս ես դառնալ»…

Կամ՝ «Արեւը բռնել ու խաղալ գնդիկի փոխարէն»…

Ժողովուրդներն ալ, ինչպէս ամէն բանի մէջ, մանկական հիւանդութեամբ կը տառապին իրենց ծայրայեղականութեամբ, որոնցմէ մին է հերոսապաշտութիւնը, որ քաջութեան գերագոյն գագաթն է: Կը նային հերոսներուն իբր փրկարար՝ ինչպէս վահանն ու տէգը մարտնչողին- խորքը՝ ապահովութիւն է, ծուարիլ ուժի մը հովանիի տակ… գալով՝ դա՛րձեալ նկատի պէտք է առնել մարդ կառոյցը, որմէ խուսափիլ չկայ, ան է՝ երկուութիւնը. ինչ որ կողմի մը համար դրական է, հակակողմին՝ ժխտական: Այսպէս մօտիկ անցեալին լիբանանեան քաղաքացիական իրականութեան մէջ, ինչ որ մէկը «քաջամարտիկ» կ’անուանուէր, հակակողմին համար՝ «ոճրագործ»… այս այսպէս է փախուստ չկայ: Ետ երթալով քսաներեք դարեր, Զրադաշտականներ «Սատանի Որդի» կ’անուանէին զայն, որ աշխարհին յայտնի է իբրեւ Մեծն Աղեքսանդր Մակեդոնացի: Շարքը կարելի է երկարել, բայց երկու օրինակներով փակենք: Ոչ Հիթլեր այն ժխտական անձն է, ոչ ալ Կանտին դրականն է: Այս օրերուս մեծ դեր կը կատարեն ծանուցումները. եթէ կարելի է այդպէս թարգմանել ՓՐՈՓԱԿԱՆՏԱ (PROPAGANDA) բառը:

Մեր գրականութեան մէջ երգիծական-ծայրայեղութեան լաւագոյն օրինակն է ՔԱՋ ՆԱԶԱՐԸ, որ թէ՛ Յովհաննէս Թումանեանի եւ թէ՛ Դերենիկ Տէմիրճեանի գրելով փոխանցուած է:

Կայ ծայրայեղութիւնը եւ կայ նաեւ զայն հակակշռող ուժը, որմէ հաւասարակշռութիւնը, որ դարձեալ բնութեան մէկ արքասիքն է… կենդանական աշխարհի մէջ մինչ մէկ կողմէ կայ արտադրութեան առատութիւն, միւս կողմէ կայ իրարմէ կախեալութիւն, որով կը յառաջանայ հաւասարակշռութիւն:

Սակայն դժբախտաբար այդպէս չէ մարդկային հասարակութեան մէջ, ուր կան ընդհանրապէս երկու բեւեռներ, որ յատուկ է աղքատ եւ ոչ զարգացած երիկիրներու, որոնց շարքին մեր նորանկախ Հայաստանը, որ ծայրայեղութեան տիպար օրինակ կրնայ հանդիսանալ խաւի մը երեւակայութիւնը ցնցող հարստութեամբ, ի գին ժողովուրդի մեծամասնութեան չքաւորութեան, որով հայրենաթող կ’ըլլան ճարելու համար օրուան հացը… թէեւ այս երեւոյթը մարդկային պատմութեան մէջ հին է, սակայն կան տեսական խնդիրներու, ինչպէս այլոց՝ տեսական լուծումները, ի պատիւ ընկերային ռահվիրաներուն, որոնք յառաջ մղեցին մարդասիրական գաղափարախօսութիւն՝ յանուն հաւասարակշռուած հասարակարգի:

«Շերտաւոր ճարպի, ոսկու դէզերի անվարձ մշակներ», որոնք ինկան գուպարի, նոյնիսկ արիւնալի, երբ այդ եղաւ անխուսափելի հարկը, եւ սակայն… «դեռ հեռու է իր ճամբան»։ (Յովհաննէս Թումանեան)

Եւ սակայն կեանքը կ’ընթանայ Տիեզերք-Արեւ-Լուսին… վերջին հաշուով՝ համադրութեամբ…։

Վիշապներու դէմ Վահագնը։

Առիւծներու դէմ Մհերը։

Մսրամելիքներու դէմ Սասունցի Դաւիթը։

Մեր նօսրացող իրականութեան դէմ՝

«Կանգ, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք»։ (Պարոյր Սեւակ)

Մեր աւերուած Վաներուն փոխան՝

«Աւեր Վանի դէմ՝ նո՛ր Երեւանով»…։ (Սիլվա Կապուտիկեան)

Մեծն Աղեքսանդր երբ իր գրաւած երկիրները բաժնեց իր զօրավարներուն՝ ըսուեցաւ, թէ իրեն ի՞նչ մնաց, պատասխանեց.- «ՅՈՅՍԸ»…։

«Երազին ըսինք ԱՐԵ՜Ւ,

Նայիրին մանց երազ

Դաշտերը թողած անհերկ

Երգեցինք գալիքի երգ…

…………………………………………………….

Բայց յոյսը կը մնայ վառ

Հոգիին համար անմար»: (Ս. Արմէն)

Կը յուսանք ու կը պայքարինք. վերջապէս կեանքի անիւը չունի դադար:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին