Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

«Հայաստան Արցախ» Ֆոնտը Անցեալ Երեք Ամիսներուն 4.3$ Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Յունիս, Յուլիս, եւ Օգոստոս 2016-ի ընթացքին, «Հայաստան Արցախ» Ֆոնտը $4.3 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան՝ վեց թռիչքներով եւ տասը ծովային արկղերով։

Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, «Հայաստան Արցախ» Ֆոնտը $3 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է Direct Relief International կազմակերպութենէն ($1.4 միլիոն), Քանատայի Health Partners International կազմակերպութենէն ($811,000), AmeriCares կազմակերպութենէն ($620,000) եւ Կաթողիկէ Բժշկական Առաքելութեան Հոգաբարձութենէն ($146,000)։

Հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւս արժէքաւոր ապրանքներ նուիրած են այս ժամանակաշրջանին – Prime Healthcare ($777,000), Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութիւնը ($181,000), Foundation SEMRA Plus՝ Զուիցերիա ($128,000), Project AGAPE ($103,000), եւ Հայ Որբերու Օգնութեան Միութիւնը ($111,000)։

Յունիսի, Յուլիսի, եւ Օգոստոսի ընթացքին «Հայաստան Արցախ» Ֆոնտի առաքած նպաստը ներառած է մեծապէս անհրաժեշտ դեղեր՝ քաղցկեղի, սրտի, աղիքներու, եւ մտային հիւանդութիւններու դարմանման համար, ինչպէս նաեւ դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ՝ վերջերս Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումներուն պատճառաւ վիրաւորուածներու խնամքին համար։

Դեկտեմբեր 1, 2015-ին հիմնադրուելէ ի վեր, «Հայաստան Արցախ» Ֆոնտը $18.5 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան՝ 20 թռիչքներով եւ 34 ծովային արկղերով։ Տրուած ըլլալով, որ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը այն կազմակերպութիւնն է, որ յաջորդած է Միացեալ Հայկական Ֆոնտին, 1989-էն ի վեր զոյգ կազմակերպութիւններուն կողմէ հայրենիքին տրամադրուած նպաստի ընդհանուր արժէքն է $738.5 միլիոն։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց «Հայաստան Արցախ» Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան. «երախտապարտ ենք մեր առատաձեռն բարերարներուն, որոնց թիկունքին շնորհիւ կը շարունակենք անյետաձգելի նպաստ տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բժշկական կեդրոններուն»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին