Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Փորագրական Արուեստի Տաղանդաւոր Վարպետ Էտկար Շահին Վիեննա, 1874 – Փարիզ, 1947

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*

Որպէս անմար լուսաստղ, երախտաւոր Էտկար Շահին ծնած էր Վիեննա՝ 31 Հոկտեմբեր 1874-ին։ Փոքր տարիքին ընտանեօք կը տեղափոխուի Պոլիս, ուր հայրը՝ Պետրոսը կը ստանձնէ «Պանք Օթթոմանի» տնօրէնի պաշտօնը։ Այդ օրերուն յարգուած անձնաւորութիւն էր ան պետական շրջանակներուն կողմէ ու կրցած էր նիւթապէս փայլուն վիճակի հասնիլ։

Նախնական կրթութիւնը Պոլսոյ մէջ ստանալէ ետք, ան միջնակարգ վարժարանի ուսանողութեան շրջանին, յատուկ սէր ու հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ նկարչական արուեստի հանդէպ։ Հօրը նիւթական քաջալերանքով ան յատուկ դասընթացքի կը հետեւի՝ Մելքոն Տիրացուեանի արուեստի հսկողութեան ներքեւ։ Տիրացուեան նկատելով պատանիին արուեստագէտի տաղանդը՝ կը թելադրէ, որ հայրը զինք ուղարկէ Իտալիա կատարելագործելու իր ուսումը՝ հետեւելով արուեստի յառաջացած դասընթացքներու։

Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան հաստատութենէն ներս արուեստի ծանօթանալէ ետք, կը յաճախէ Գեղեցիկ արուեստի ակադեմիան, աշակերտելով իտալացի նկարիչ Անթոնիօ Պաոլեթթիին։ Իտալիոյ մէջ գեղանկարչական որոշ փորձառութիւն շահելէ ետք, 1895-ին կ’որոշէ տեղափոխուիլ Փարիզ, ուր կը յաճախէ հանրայայտ Ժուլիան ակադեմիան, ու իր մասնակցութիւնը կը բերէ ֆրանսացի արուեստագէտներու ցուցահանդէսին։ Երախտաւորը 22 տարեկանին (1896) կը մասնակցի Ֆրանսական նկարիչներու ընկերութեան տարեկան ցուցահանդէսին, որ կը կոչուէր Ֆրանսական Սալոններ, իր «Մարդկային Թշուառութիւն» խորագիրը կրող գեղանկարչական կտաւներով։ Յաջորդ երեք տարիներուն կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել զանազան ցուցահանդէսներու, ուր ամենախիստ քննութիւնը կը կատարուէր արուեստագէտի մը գործերը գնահատելու։

Այս շրջանին գեղանկարչութեան թեման, որ ընտրած էր 1900-ին Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսին, իրեն կը շնորհէ ոսկի մետալ, իսկ 1903-ին, այս անգամ Վենետիկի մէջ 20 գործերով մասնակից դառնալով դարձեալ համաշխարհային ցուցահանդէսին, կը խլէ ոսկի մետալ մը եւս։ Շահին սկսած էր օգտագործել Օֆորտ տեսակը, որ փորագրական արուեստն է։ Ան իր յաջողութիւնը յետագային պիտի գտնէր Օֆորտ օգտագործելով, այսինքն մետաղէ թերթիկ եւ սուր գործիք, առանց լաք ու թթու կիրարկելու նկար ստանալու համար, ծանօթ որպէս «չոր ասեղի» արուեստը, որ Շահինը կատարելագործեց։

Հայրենի հողին սէրը արուեստի միջոցաւ ան արտայայտեց՝ երբ 1904-ին «Ալեւոր հայը» գործով իր յատուկ վարպետութեամբ, ի յայտ բերաւ հայ շինականի խրոխտ ու առնական կերպարը։ Յետագային նաեւ իրմէ շատ մը գործեր հայրենասիրական ոգիով ներշնչուած էին, որոնցմէ կարեւոր մի քանին այսօր կը գտնուին Երեւան։

1910-ին առաջին անգամ Շահինը կը հանդիպէր Գրիգոր Զօհրապին. անոր խորհուրդով յետագային ստեղծագործեց Անիի հովիտի եկեղեցիին առջեւ փրկուած ու իրարու նեցուկ կանգնած հայ որբերը։ Իսկ 1915-ի Մեծ Եղեռնը նոյնպէս արձագանգուեցաւ Շահինի գործերուն մէջ։

Փարիզ հաստատուելէ ետք, Շահին անշուշտ իր համեստ մասնակցութիւնն ալ պիտի բերէր ատենի տեղւոյն ազգային եռուզեռին, հակառակ փոքրաթիւ հայկական գաղութ մը ըլլալուն, ուր հաստատուած էին Պոլիսէն գաղթած Շահինի ընտանիքին ծանօթ շատեր։

1911-ին Չօպանեանի հետ իր մտերմութեամբ, ան մաս պիտի կազմէր Ազատական թեւին (վերակազմեալ), որուն առաջնորդներէն էր Հրաչ Երուանդը։

1916-ին Թիֆլիսի մէջ կազմակերպուած Հայ արուեստագէտներու միութեան անդրանիկ ցուցահանդէսին, Շահինի Օֆորտները ցուցադրութեան կը դրուին։ Իսկ յաջորդին Միութեան նախագահ Եղիշէ Թադեւոսեան կրկին ցուցադրութեան կը հրաւիրէ Շահինը, որ հայրենական պատիւ զգալով, կ’ուղարկէ 24 նոր փորագրութիւններ։ Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք (1921) այդ գործերը կրկին անգամ ցուցադրութեան դրուեցան՝ այս անգամ Երեւանի մէջ։

Ականաւոր արուեստագէտ որպէս, Շահին օժտուած էր մարդկային անբասիր, համեստ ու ազնիւ նկարագիրով. այս մասին արտայայտուած է նաեւ անգլիացի գրող Կապրիէլ Մուտէյ, զայն նկարագրելով որպէս ֆրանսական մշակոյթի մէջ պատուաւոր տեղ գրաւած, իր մայր ժողովուրդի ստեղծագործական ու կատարելութեան ձգտող ոգիին առաջին դեսպանը Եւրոպայի մէջ։

Երախտաւորին միջազգային համբաւը զինք դարձուցած էր հանրածանօթ՝ ատենի Եւրոպայի հայկական գաղութներէն ներս։ 1920-ին Արշակ Չօպանեանի կողքին ան կազմակերպեց մերձեցման հաւաքներ՝ Ռամկավար եւ Ազատական հոսանքներուն միջեւ Փարիզի մէջ, ու յետագային եղաւ ջատագովը Պոլսոյ մէջ հռչակուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, իսկ աւելի ուշ՝ 1926-ին հիմնադիր անդամներէն՝ Փարիզի մէջ «Անի» ֆրանսահայ արուեստագէտներու միութեան, քաջալերելով երիտասարդ գեղանկարիչներու տաղանդը։

Միայն տարի մը առաջ էր (1925-ին), երբ ֆրանսական կառավարութիւնը իրեն շնորհած էր քաղաքացիութիւն։

Շահինին գործերուն մէկ մասը հրոյ ճարակ դարձաւ տարի մը ետք, երբ իր արուեստանոցը հրդեհէ վնասուեցաւ։

Իր տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ, ան սիրուած ու փնտռուած վարպետ մըն էր փորագրական արուեստի մէջ, դառնալով յանձնակատար ֆրանսական արուեստի ու կարգ մը եւրոպական նկարչական ընկերութեանց նախագահութեան անդամ։

1928-ի տարեվերջէն առաջ իր վայելած ժողովրդականութեան շնորհիւ, Ֆրանսայի Օրն շրջանի թանգարանը կոչուեցաւ Շահին Թանգարան։ Գնահատելով իր բերած նպաստը Սփիւռքի մշակութային կեանքի ու կերպարուեստի զարգացման, նոյն տարին ան եղաւ պատուակալ անդամ Խորհրդային Հայաստանի Կերպարուեստագէտներու Միութեան։ 1932-ին ֆրանսական կառավարութիւնը իրեն շնորհեց պատուոյ լէգէոնի ասպետի աստիճան ու համապատասխան շքանշան։

1936-ին նախ Երեւանի ու ապա Թիֆլիսի մէջ, կը կազմակերպուի Շահինի շուրջ երկու հարիւր գործերու ցուցահանդէսը, իսկ աւելի ուշ՝ 1940-ին, երկու տարբեր առիթներով, նոյն իր գործերը կ’արժանանան մեծ գնահատանքի, երբ անոնք ցուցադրութեան կը դրուին Լենինկրատի հանրայայտ Արմիթաժ թանգարանի ցուցասրահը։ Ցուցադրուած գործերու հաւաքածոն Շահին նուիրեց Հայաստանի պետական պատկերասրահին հետեւեալ գրութիւնը ուղարկելով Կերպարուեստագէտներու Միութեան. «Կը յուսամ, որ մօտ ապագային մէջ սրտիս փափաքը պիտի կարողանամ իրագործել եւ գալ համբուրել մեր Հայաստանի սրբազան հողը…»։

1942-ին տարբեր դժբախտութեան մը առջեւ պիտի գտնուէր Էտկար Շահին. այս անգամ իր արուեստանոցը գտնուած գործերէն ոմանք կը վնասուին հեղեղի մը պատճառաւ։ Յետագային կարելի կը դառնայ այդ գործերուն մէկ մասը փրկել ու տեղափոխել։

1947-ին Հայաստան գտնուած իր գործերուն մէկ մասը նաեւ ցուցադրութեան կը դրուի Մոսկուայի Արեւմտեան Արուեստի թանգարանին մէջ։ Նոյն տարին ազգահաւաքի աշխատանքներով կլանուած էր ֆրանսահայ գաղութը, իսկ Շահինը իր երազած հայրենի սրբազան հողը համբուրելու փափաքէն պիտի զրկուէր, յաւիտեան իր աչքերը փակելով 1947 Մարտ 18-ին։

Երախտաւոր ու տաղանդաւոր վարպետին գործերը այսօր կը գտնուին ու կը ցուցադրուին հանրայայտ թանգարաններու ցուցասրահներու մէջ։ Իսկ տարուէ տարի, կարգ մը ֆրանսահայ բարերարներու միջոցաւ կարելի դարձած է հաւաքել անոր գործերը եւ հասցնել 250-ի, որոնք կը գտնուին Երեւանի պետական պատկերասրահին մէջ։ Այս հաւաքածոյէն մաս մըն ալ առանձին ցուցասրահի մէջ, մնայուն ցուցադրութեան դրուելով կը ծառայէ որպէս դպրոց կրաֆիք արուեստի։

Էտկար Շահինի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Երեւանի Պետական Պատկերասրահէն ներս ցուցադրուեցան՝ հոն գտնուող իր բոլոր գործերը։ Իսկ 1994-ին երբ իր որդին՝ Փիէր Շահին մեկնած էր Երեւան, իր հօր ծննդեան 120-ամեակի միջոցառման, հետը բերած էր հօրը գունանկարչական գործերը, զորս նուիրեց պատկերասրահին, ճոխացնելով Շահինի Հայաստանի հաւաքածոն։

Venedigian Desaran

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին