Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Հայ Ըլլալը Պատիւ Է Լատին Ամերիկայի Մէջ

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Ամէն անգամ երբ արծաթափայլ հսկայ ինքնաթիռը, թռիչք առնելէ երբ կը բարձրանայ մինչեւ 12000 մեթր եւ ուղղութիւն կ՛առնէ դէպի անծայրածիր Ատլանտեան ովկիանոս ու թեքուելով Ափրիկէի ափերէն դէպի Լատինական Ամերիկա՝ մտովին կը տեղափոխուիմ Ա. համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս յետոյ, Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած հայերու զանգուածային տեղափոխումը, փոթորկալից Ատլանտեանի ալիքներուն վրայէն երկամսեայ ծովային ճանապարհորդութեամբ դէպի Ուրակուէյ, Արժանթին, Պրազիլ, Մեքսիքօ եւ այլ երկիրներ՝ հասնելով մինչեւ Գուպա: Այո, մեծ էր սարսափը, ինչպէս հայերու, այնպէս ալ Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու մօտ, որոնց հոսքը դէպի բնական հարստութիւններով, հիւրընկալ ժողովուրդով, աժան ապրուստով ու վարպետ արհեստաւորներու, շինարարներու եւ գիտնականներու կարիքը ունեցող «Նոր Աշխարհ», կեանքի եւ յոյսի նոր հեռանկար բացաւ ներգաղթեալներուն համար՝ ինչպէս որ Լիբանանի մօտ Արժանթինի դեսպան Ռիքարտօ Լարիերա նշեց՝ «ամէն արժանթինցի նաւէ մը իջած է»: Այս կրնայ տարածուիլ ամբողջ Լատինական Ամերիկայի վրայ, ինչպէս սպանական եւ փորթուկալական գաղութատիրութեան օրերուն համար, երբ տեղաբնիկ ազթեքներու, ինքաներու, մայաներու, տալտեքներու եւ չարուաներու հազարամեայ քաղաքակրթութիւնները կործանեցին ու կողոպտեցին, բնիկ ազգաբնակչութեան մեծ մասը մահացաւ պատերազմներու, ցեղասպանութիւններու, ոսկիէ եւ արծաթէ հանքերու մէջ: Անոնց տեղ Ափրիկէէն, Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ 19-րդ ու 20-րդ դարերուն Միջին Արեւելքէն բիւրաւոր նոր գաղթականներու հոսքը, որոնց մէջ մասնայատուկ յարգանք եւ պատիւ վայելեցին՝ Կիլիկիոյ եւ Ալեքսանտրէթի «Սանճագ»էն Արժանթին, Ուրուկուէյ, Պրազիլ եւ Մեքսիքօ հաստատուած հայերը:

Այսօր, 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին, կարելի է զգալ հայ ժողովուրդի եւ հայերուն հանդէպ սէրն ու յարգանքը, երբ ոտք կը կոխէք Լատին Ամերիկեան ցամաքամաս: Յուզիչ է, որ Պուէնոս Այրէսի օդակայանին կամ Ռիօ Տէ Լա փլաթայի դէպի Ուրուկուէյ մեկնող «Փոքէպուս» արագընթաց նաւու սանդխամատին, սահմանապահները նայելով Հայաստանի քաղաքացիութեան անձագիրին, անմիջապէս կը կնքեն ու բարի գալուստ կը մաղթեն անոր տիրոջ:

Photo with Eng.Sergio Nahabedian and Kissag Srpazan at Arachnortaran Buenos Aires

Այո, Ցեղասպանութենէն տասնամեակ մը յետոյ Մոնթէվիտէոյի մէջ, Յարութիւն Ռուբէնեան հիմնադրեց «Արմէնիա» ռատիօկայանը, որ տասնամեակներու ընթացքին վերածուեցաւ հայ մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան,  հայրենասիրութեան, հայապահպանման ամրոցի: Զինուորական իրարայաջորդ բռնակալութեանց օրերուն իսկ, մինչեւ Ալվարէս, Վիլերա թէ Կալթիերի, հայերը յարգանք պարտադրեցին եւ իրաւունք ստացան այդ մութ օրերուն, հայոց Մեծ Եղեռնի երթերը կազմակերպել, պահանջատիրութեան մասին խօսիլ ու գրել, ազգային դպրոցներ բանալ ու զարգացնել: Նոյնիսկ հեռաւոր Մեքսիքոյի մէջ «Արմէնիա» ժողովրդային փոխադրակառք գործի լծել, ինչպէս որ վերջերս տեսանք հայ ազգի նուիրեալ, մեքսիքահայ Քարլոս Անթառամեանը Մայր Հայրենիքի մէջ կազմակերպած՝ «Մեքսիքոյի հայերը» լուսանկարներու փառաւոր ցուցահանդէսի ընթացքին: Ցուցադրուած են ֆիլմեր, ուր Ցեղասպանութենէն վերապրած հայու բեկորներ, հիւղաւաններէն բարձրանալով նշանաւոր դիրքեր գրաւած են ազթեքներու հնագոյն մայրաքաղաքի կեանքին մէջ:

Նոյնը կարելի է ըսել Պրազիլի, Ուրուկուէյի եւ Արժանթինի հայերուն մասին: Մոնթէվիտէոյի իր արդիւնաբերական գրասենեակը նաեւ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան վերածած, նոյնիսկ յառաջացեալ տարիքին թունդ հայրենասէր Ռուբէն Աբրահամեան կը յիշեցնէ. «Հայ ըլլալը պատիւ է Ուրուկուէի թէ Լատինական Ամերիկայի մէջ: Այն մենք վաստակած ենք տքնաջան աշխատանքով, ուղղամտութեամբ, հաւատարիմ մեր բնակած երկիրներու կառավարութիւններուն, ընտանիք պահելով եւ տաղանդաւոր զաւակներ պարգեւելով»:

Photo of Argentinian Armenian famous Jurist Roberto Malkhassian

Հայ ազգի պանծալի դէմք, բարերար, ՀԲԸՄ-ի հիմնադիրներէն Պօղոս Նուպար փաշայի եւ հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արծիւ, Խրիմեան Հայրիկի անունը կրող շարք մը դպրոցներ եւ հաստատութիւններ կան Լատինական Ամերիկայի մէջ: Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններ եւս, իշխանական նուիրատուութիւններ կատարած են ոչ միայն Արժանթինի ՀԲԸՄ-ի եւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան՝ այլ նաեւ կառուցած են Սարդարապատ փառաշուք կեդրոնը Պուէնոս Այրէսի «Արմէնիա» փողոցին վրայ, որ նոյնանուն «Սարդարապատ» ՌԱԿ պաշտօնաթերթի եւ կուսակցութեան սիրտն է: Իսկ 1932-ին եւ 1938-ին ճարտարապետ ու բարերար Էսրայլ Ասլան, ապա եւ Սիրանոյշ եւ Արմէն Մեծատուրեաններ, կը կառուցեն Պուէնոս Այրէսի Հայ կեդրոնը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, «Արմէնիօ Արժանթինօ», «Ռեփուպլիքա Արժանթինա» դպրոցները, ուր մինչեւ այսօր ուսում կ’առնեն հայ եւ արժանթինցի մանուկներ ու պատանիներ:

Մամուլն ու ձայնասփիւռի կայանները բազմաթիւ են: «Արմենիա Էթերնա» (Սարգիս Գարամեքեան-Պրազիլ, Սաօ Փաօլօ), «Ռատիօ Արաքս» եւ «Ռատիօ Կոմիտաս» (Մոնթէվիտէօ ՍԴՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի կողմէ հովանաւորուած), «Հայաստանի Ձայն» (Ատրիան Ճոմոմճեան, Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւն), «Ռատիօ Կիլիկիա», (Ալեխանտրօ Պուրանօ- ՍԴՀԿ): Թերթեր՝ «Սարդարապատ», (խմբագրուհի Տիանա Տէր-Կարապետեան, ՌԱԿ պաշտօնաթերթ), «Նոր Սեւան» (ԱՄՄ), «Տէարիօ Արմէնիա» (խմբագրապետ Ռուբէն Գազանճեան, ՀՅԴ):

Photo with kayane dance ensemble Buenos Aires

Մշակութային մարզին մէջ գոյութիւն ունին պարախումբեր, թատրոններ, արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ, որոնց ելոյթները կը զարդարեն տեղական թէ միջազգային բեմերը, իսկ Ուրուկուէի զբօսաշրջիկութեան նախարարուհին է Լիլիան Քէշիշեան, որ մանկութեան Պէյրութէն անցնելով տեղափոխուած են Ուրուկուէյ, մինչ Խօսէ-Լուիզ Սաաթճեան, հաճընցիի թոռ, խորհրդարանի անդամ է «Ազգային Ճակատ» խմբակցութենէն:

Photo with the Minister of Tourism Uruhuay Liliam Keshishian

Չենք մոռնար նաեւ անգամ մը եւս յիշելու անունները այն արժանաւոր հայորդիներուն, որոնք մեր ճամբորդութիւններու ընթացքին Լատին Ամերիկա, նեցուկ եւ աջակից եղան: Սէրխիօ եւ Սուսաննա Նահապետեաններ, Խուան Սարաֆեան՝ Հայ Կեդրոն (Պուէնոս Այրէս), պարիթոն Հրայր Պուճիգանեան (Պուէնոս Այրէս), Խուան Ելաենքչեան (արուեստաբան, դասախօս), Լուսիանա Մինասեան եւ Ռօպերթօ Մալխասեան (Իրաւաբանական ֆաքուլթ, Պուէնոս Այրէսի համալսարան), Տիէկօ Գարամանուկեան («Ռատիօ Արաքս»-ի տնօրէն, Մոնթէվիտէօ), Լուիզ Ապրազեան-Տոսթորեան (գեղանկարիչ, Մոնթէվիտէօ), Ռուբէն Աբրահամեան (ՀՀ Պատուոյ հիւպատոս, Մոնթէվիտէօ) եւ ուրշներ, շնորհակալութիւն բոլորին:

Պուէնոս Այրէս- Մոնթէվիտէօ- Փանամա- Պէյրութ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին