*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
1977-ի օգոստոսեան արեւաշող առաւօտ մը, Հաթերքի երեւելի դէմքերէն Տիգրան Օհանեանի զաւակին, Էտուարտի ընկերակցութեամբ ճանապարհ ինկանք դէպի այդ ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ: Վարորդ Աշոտի «փափախ»ը կարմիր ու փայլփլուն «Մոսկվիչ»ը վեր բարձրացնելով, Քելբաջարի (այժմ՝ Քառվաճառ) բարձունքէն, անցնելով Սեւանն ու Վարդենիսի լեռնաշղթան՝ «էջք» կատարեց այն ժամանակ նորակառոյց Սարսանկի ջրամբարտակի մօտիկ գտնուող Հաթերք գիւղը:
Գրկաբաց ընդունուելով հիւրընկալներու կողմէ, պատուոյ հիւր ալ ըլլալով արցախեան հարսանիքին, Տիգրան «Տայի» Օհանեան մեզի ցոյց տուաւ ազերի աւազակներու կողմէ քարուքանդ եղած հայերու գերեզմանները, կողոպուտի նպատակով:
Արցախեան շարժումը արդէն իսկ կ’եռար. «Սողոմոն Թեհլիրեան» գաղտնի զինեալ խումբ, որ հրդեհի կու տայ Ստեփանակերտի «Կէորկով»եան դատարանէն ազատ արձակուած թուրք ոճրագործ մը, որ հայ տղեկ մը բռնաբարած ու սպաննած էր: Սակայն յետագային նոյնինքն Հաթերքէն բռնկած արցախեան շարժման վրիժառու կրակը, ազերի թէ «թաթարներու փեսայ» Կորպաչովի «Օմօն»ականներուն դէմ, ի վերջոյ առաջնորդեց անհաւատալի յաղթանակներու: Միաբան, մէ՛կ բռունցք ու ոգի դարձած Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք անպարտելի եռանկիւնը, գլխիվայր շրջեց 7 միլիոննոց Ազրպէյճանի եւ 70 միլիոննոց Թուրքիոյ բոլոր ոճրագործ ծրագիրները: Արցախն ու հայ ժողովուրդը առաջին անգամ հազարամեակէ մը ետք, հող ազատագրեց եւ հիմնեց հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը, ազատատենչ արցախեան լեռնաշխարհի մէջ:
Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դիւցազնական դէմքերէն Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին հետ, միշտ հանդիպեցանք ուրախ թէ տխուր, դժուարին թէ փառքի օրերուն: 1998-ի Արցախեան շարժման 10-ամեակ ու փառահե՜ղ տօնակատարութիւն Ստեփանակերտի մէջ, Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարար Սամուէլ Պապայեանի, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, այն ժամանակ նախարար (յետոյ վարչապետ ու նախագահ) Սերժ Սարգսեանի, ռուս հայասէր զօրավար Ալեքսանդր Լէպէտի, արցախեան բանակի պելառուս հրամանատար Անաթօլի Զինեւիչի, Խ. Միութեան նախկին հանրապետութիւններէն, Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն ժամանած հազարաւոր հիւրերու եւ այցելուներու ներկայութեամբ:
Ապա 1999-ի Սեպտեմբեր 21-ի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի զօրահանդէսը եւ Սփիւռք-Հայաստան պատմական խորհրդաժողովը, երկուքն ալ Հայաստանի թէ Արցախի պատմութեան ոսկեայ օրեր…: Յետոյ նոյնինքն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի թեկնածու Պարգեւ Սրբազանին հետ կը զրուցենք Մայր Աթոռ Աուրբ Էջմիածնի բակին մէջ, 1999-ի Հոկտեմբեր 27-ին, մինչ… անիծեալ Նայիրի Յունանեան եւ իր ոճրախումբը, նոյն ժամերուն կը գլխատէ Հայաստանն ու իր Յոյսը՝ քաղաքամայր Երեւանի Ազգային Ժողովի դահլիճին մէջ:
Սակայն ապառաժի պէս նստած Արցախի հինաւուրց մայրաքաղաք Շուշիի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին մէջ, իր իսկ վերանորոգած Սուրբ Ղազանչեցոց տաճարին դէմը՝ իր անսահման հեղինակութեամբ, ռուսահայ գործարար Լեւոն Հայրապետեան ժամանեց Արցախ եւ իշխանական նուիրատուութիւններով վերանորոգեց Գանձասարի հազարամեայ հայոց վանքը (նախկին կաթողիկոսանիստ), Մարտակերտի հիանալի ճանապարհը իր հանգստեան վայրերով ու յուշարձաններով: Իսկ միայն վերջերս, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն, Շուշիի «Ղեւոնդ Երէց»ը միաբանութեան եւ պայքարի կոչերով, խաչն ու սուրը ձեռքին կանգնեցաւ Լեռնաշխարհի պաշտպաններուն կողքին, ոչ միայն կանգնելով, այլ ետ շպրտելով անարգ թշնամին:
Կարծէք թէ Պարգեւ Սրբազանին համար բաւ չէին այսքան տառապանք ու դիմակայելու կորով, այդ բոլորին վրայ աւելցաւ Երեւանի վերջին եղբայրասպան հրահրուած ողբերգութիւնը, որ կը միտի աւելի եւս պառակտելու, թուլացնելու Հայաստանն ու Արցախը, արտաքին վտանգներու դէմ: Այնպէս որ մենք ալ միանալով Արցախի քաջարի հոգեւոր Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին, կը յիշեցնենք. «Երբ միաբան էինք, տարինք անհաւատալի յաղթանակներ»: