Յուլիս 28-ին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի սրահներէն մէկուն մէջ Աւստրալիոյ բեմի տաղանդաւոր արուեստագէտ Վարուժ Սանճեանի ներկայացմամբ` կայացաւ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» քերթուածի բեմականացումը` կազմակերպութեամբ ԱՄՄ-ի մշակութային յանձնախումբին: Ձեռնարկը նուիրուած էր Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25 եւ Արաբական յեղափոխութեան 100 ամեակներուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱՄՄ-էն:
Երեկոյին հիւրերն էին Յորդանանի խորհրդարանին մէջ երկրի քրիստոնեայ համայնքը ներկայացնող երեսփոխան Աթեֆ Քաուարը, համայնքի հոգեւոր հայր Տէր Աւետիս Էփրեճեան, բարձրաստիճան անձինք, համայնքի միութիւններու վարչութիւններու անդամներ:
Երեկոյին ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԱՄՄ-ի ատենապետ Յակոբ Սերփեքեան, իսկ Վարուժ Սանճեանի կենսագրականն ու վերոնշեալ բանաստեղծութեան թեման ներկայացուց ԱՄՄ-ի մշակութային յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Յակոբեան:
Անդրադառնալով «Տատրագոմի հարսը» ներկայացման` անկեղծ եւ անաչառ գնահատական տուած կ’ըլլանք տաղանդաւոր դերասանին, նշելով, որ այն ինչ ներկայացուց Վարուժան Սանճեան` իւրօրինակ, անկրկնելի բեմական արուեստ էր` բարձր կատարողութեամբ, բեմական խաղի, շարժուձեւի, ձայնի ելեւէջներու, անկեղծ զգացումներու կատարեալ համադրութեամբ, որ եւ գերեց ոչ միայն հայ, այլեւ օտար հանդիսատեսին: Այն ստիպեց, որ հանդիսատեսը յուզմունքով, համակ ուշադրութեամբ ականատես ըլլայ 20-րդ դարու սկիզբին հայ իրականութեան ողբերգական պատմութեան դրուագին:
Տեւական յոտընկայս ծափողջոյնները հանդիսատեսի անկեղծ գնահատանքն էին տաղանդաւոր դերասանին: Բեմէն իր գնահատանքի եւ հիացմունքի խօսքը յայտնեց նաեւ համայնքի գերաշնորհ հայր Տէր Աւետիս Էփրեճեան:
Երեկոն եզրափակուեցաւ պահպանիչ աղօթքով:
Աւելցնենք, որ Վարուժ Սանճեան ծնած է Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ` 1962 թուականին: Մանուկ տարիքէն ակնյայտ էր վերջինիս հակումները եւ ձիրքերը արուեստի` մասնաւորապէս գրականութեան, բանաստեղծութեան եւ երգարուեստի հանդէպ: ԱՄՄ-ի վարչութեան քաջալերանքով Վարուժ Սանճեան 1982 թուականին մեկնեցաւ հայրենիք` հետեւելու երգարուեստի, ասմունքի եւ թատերական դասընթացներու:
Աւարտելով վերոնշեալ դասընթացները` 1985թուականին վերադարձաւ Ամման, ուր եւ սկսաւ իր մշակութային գործունէութիւնը թատերական ասպարէզին մէջ` իբրեւ բեմադրիչ:
1987 թուականին մշտական բնակութեան մեկնելով Աւստրալիա` շարունակեց իր գործունէութիւնը որպէս ասմունքող եւ երգիչ: