Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Արհեստագիտութեան Յաղթարշաւը Պիտի Շարունակէ Տողանցել…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Նկարը յատկանշականօրէն ցոյց կու տայ երկու ժամանակաշրջաններ: Վերինը՝ 21-րդ դարու սկիզբը: Վարինը՝ 20-րդ:

Տարբերութիւնը հետաքրքրական է չէ՞: Առարկայական ըլլալու համար կ’ուզեմ անձնական համոզումով հաստատել, թէ կարելի չէ մին այպանել իսկ միւսը՝ գովել: Մին մակերեսային որակել մինչ միւսը՝ խորունկ: Կամ մին ոչ դաստիարակչական եւ միւսը՝ զարգացնող:

Ժամանակները փոխուած են: Պէտք է փոխուինք եւ մենք՝ ժամանակի հետ քայլ պահելու, որպէսզի անկէ դուրս չյայտնուինք…: Արհեստագիտութիւնը ունի իր առաւելութիւնները: Աւելի արագ է: Աւելի դիւրամատչելի: Զարգացում եւ յառաջդիմութիւն ալ կը պարգեւէ անշուշտ՝  նայած գործածութեան ձեւին:

Երկա՜ր կարելի է վիճիլ ու հակասական թէզեր առաջ մղել, թէ ո՞րն է լաւը եւ ո՞րն է գէշը: Սակայն մէկ բան յստակ է՝ տեղեկատուութեան աշխարհի մէջ  արհեստագիտութեան յաղթարշաւը պիտի շարունակէ տողանցել տպագիրի մահերգին ռիթմով, որուն դէմ դնելը կարծեմ աւելի քան անկարելի է…:

Դուն ի՞նչ կ’ըսես սիրելի ընթերցող:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին