Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, թէ իր երկիրը պիտի ձգտի, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին համար գտնեն փոխզիջումային եւ երկուստեք ընդունելի լուծում մը: «Ղարաբաղը իրապէս խնդիր մըն է, որ մեզի բաժին հասած է մեր խորհրդային անցեալէն: Գիտեմ` որքան սուր է այս հարցը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի համար: Մենք պիտի ձգտինք հասնելու անոր, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը գտնեն այնպիսի լուծում մը, որ պիտի ըլլայ փոխզիջումային, սակայն երկուստեք ընդունելի», -ըսաւ Փութին աւելցնելով, «որպէսզի այստեղ չըլլան յաղթողներ, այլ յաղթեն երկու երկիրներու ժողովուրդները, եւ երկու պետութիւններն ալ զգան, որ իրենք այդ բարդ խնդիրը լուծեցին ի շահ այսօրուան եւ ապագայի սերունդներուն»: Խօսելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին Փութին ըսաւ, որ Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը կրնան գտնել այն խնդիրներուն լուծման ուղիները, որոնք կապուած են առեւտրական համագործակցութեան ծաւալի նուազման հետ, որուն վրայ ազդած են համաշխարհային տնտեսութեան ճգնաժամային երեւոյթները եւ քարիւղի գիներու անկումը: Անոր խօսքով ռուսական շուրջ 600 ընկերութիւններ կ’աշխատին Ազրպէյճանի մէջ, իսկ ուղղակի ներդրումները կը կազմեն մօտաւորապէս 1,5 միլիառ տոլար: «Մեր համագործակցութիւնը կը շարունակուի Կասպից ծովուն մէջ, ներառեալ զինուորական համագործակցութիւնը»,-նշեց Ռուսիոյ նախագահը:
Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իրանի նախագահներ` Վլատիմիր Փութինի, Իլհամ Ալիեւի եւ Հասան Ռուհանիի միջեւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումին իբրեւ արդիւնք որդեգրուած հռչակագիրին մէջ նշուեցաւ, որ երեք երկիրները մտադիր են հակազդել ահաբեկչութեան: Կողմերը նաեւ ընդունեցին, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները էական խոչընդոտ են շրջանային համագործակցութեան համար եւ ընդգծեցին անոնց շուտափոյթ լուծման կարեւորութիւնը` բանակցություններու ճանապարհով միջազգային իրավունքներու սկզբունքներուն եւ անոնց կապակցութեամբ ընդունուած որոշումներու եւ փաստաթուղթերու հիման վրայ : Հռչակագիրին մէջ նաեւ ընդգծուեցաւ երկիրներուն առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման եւ խթանման անհրաժեշտութիւնը:
Ղարաբաղի մասին խօսեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Իր ելույթին մէջ Ալիեւ նշեց, թէ «Իրանն ու Ռուսիան յարգանքով կը վերաբերին Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, եւ թէ երկու կողմերն ալ բազմիցս յայտարարած են, որ խնդիրը պէտք է կարգաւորել՝ հիմնուելով միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագիծէն ներս»։ Ալիեւի խօսքով, «այսօրուայ սթաթիւս քոն ընդունելի չէ, եւ խնդիրը կարգաւորելու համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը նախ եւ առաջ յանձնէ գրաւուած տարածքները»։ Եռակողմանի հանդիպումին ընթացքին Փութինն ու Ռոհանին, սակայն, Ղարաբաղի մասին չխօսեցան, այլ փոխարէնը շեշտեցին, որ տարածաշրջանին մէջ կը ձեւաւորուի համագործակցութեան նոր ձեւաչափ։ Հանդիպումին առանցքային հարցը հանդիսացաւ Հիւսիս-Հարաւ երկաթուղագիծը: Իրանա-ազրպէյճանական Ռեշտ-Աստարա հատուածի շուրջ կողմերը պայմանաւորուեցան եւ կը նախատեսուի զայն շահագործման յանձնել 2018 թուականին, ինչ որ կ’արտօնէ Պարսից ծոցը կապել Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ արեւելեան եւ հիւսիսային Եւրոպայի հետ։