Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Փողոց Իջնելը Կրնայ Դիւրին Ըլլալ Սակայն Հետեւանքները Շա՜տ Ծանր…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Բաւական զարմանքով լսեցի սփիւռքահայ արուեստագիտուհիի մը հարցազրոյցը, որ կատարեց իր Լիբանան կեցութեան օրերուն:

Նշեալ արուեստագիտուհին կոչ կ’ուղղէր սփիւռքահայութեան՝ այսուհետեւ չօժանդակել Հայաստանին (երեւի ըսել կ’ուզէր պետութեան), փոխարէնը նիւթապէս զօրակցիլ ժողովրդային շարժումներուն…:

Կը յարգեմ խօսքի ազատութիւնը եւ զգայուն արուեստագիտուհիի հոգեբանութիւնը, սակայն ըստ ինծի բաւական վտանգաւոր յայտարարութիւն է եղածը՝ եթէ անշուշտ լսող ունենայ…:

Օրինակ մը տալու համար ըսեմ, թէ անձնապէս կը հաւատամ, որ եթէ կրկէսի մէջ գտնուինք, հոն եղող արուեստագէտին կամ մտաւորականին պարտականութիւնը գազանազուսպ ըլլալն է եւ ո՛չ թէ գազաններէն մին…: Այս օրինակը անշուշտ բառացի նկատի չունիմ, ոչ ալ ոեւէ կողմ գազանի կը փորձեմ նմանեցնել, սակայն միտքս աւելի հասկնալի ու պատկերաւոր ներկայացնելու համար է, որ կ՛օգտագործեմ զայն:

Արտասանած խօսքի պատասխանատուութեան գիտակցութիւն է, որ կ’ակնկալեմ վերոյիշեալ արուեստագիտուհիէն՝ հաւատալով, որ իր արտայայտութիւնը վայրկեանի մը զգացական անցողակի պոռթկում մըն էր ու պիտի մնայ այդ սահմաններուն մէջ:

Մենք բազմիցս Հայրենիք եւ պետականութիւն կորսնցուցած ժողովուրդ ենք: Կարելի չէ նման զգացական պոռթկումներու վրայ համազգային քաղաքականութիւն հիմնել, որուն հետեւանքը կրնայ աղիտալի ըլլալ՝ ափ մը մնացած մեր ժողովուրդին համար:

Սիրելի արուեստագիտուհի, եթէ կը կարդաս գրածս, հիմա խօսքս կ’ուղղեմ ուղղակի քեզի. Որպէս մտաւորական անձնաւորութիւն՝ կ’ենթադրեմ, որ պէտք է մարդկութեան պատմութեան ծանօթ ըլլաս: Հիմնուելով ասոր վրայ դուն լաւ պէտք է գիտնաս, որ թագաւորութիւններ, իշխանութիւններ կամ վարչակարգեր ժամանակաւոր են, մինչ հողը՝ յաւերժական: Իսկ այդ հողին տէր կանգնելու համար մենք ուրիշ ճամբայ չունինք՝ բացի ամէն գնով թիկունք կանգնիլ Հայրենի ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ ո՛չ անպայման փողոցին, ուր անկազմակերպ եւ անծրագիր իջնելը կրնայ համեմատաբար դիւրին ըլլալ, սակայն անոր հետեւանքները շա՜տ ծանր…:

Մեր ապրած աշխարհագրական շրջակայքը վկայ…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին