Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Հայկական Մշակութային Ժառանգութեան «Սպանդ»-ը Կը Շարունակուի Արեւմտահայաստանի Մէջ

Կեաւուր Թաղին Մէջ Կեաւուր Չէր Մնացած Հիմա Թաղամասն Ալ Չմնաց

«Ակունք» կը հաղորդէ, որ երբ 2 Դեկտեմբեր 2015-ին Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ յայտարարուած զինադուլի դրութիւնը վերջերս որոշ չափով վերջ գտաւ, սկսաւ ի յայտ գալ Սուրի կրած վնասներուն տարողութիւնը:

Սուր թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները բացայայտեցին, որ վնասուած է հիմնականօրէն ներսի կողմը, եւ ոչ թէ դուրսի: 6 ամիսէ ոչ ոք կրնար տեսնել եկեղեցին` բախումներու տարածքին մէջ գտնուելուն պատճառով:

Տիգրանակերտի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները եկեղեցին այցելելէ ետք յայտնած են, որ եկեղեցւոյ պատերը, տանիքն ու զանգակատունը լուրջ վնասներ չեն կրած:

Սակայն միւս կողմէ անոնք արձանագրած են, որ եկեղեցւոյ բոլոր ապակիները կոտրած են, անիկա օգտագործուած է որպէս ռազմակայան, նստարանները պատուհաններուն յենելով պատնէշներ ստեղծած են, ներսը վառարան շինած են, որուն մէջ այրած են կարգ մը նստարաններ, իսկ եկեղեցւոյ ներսը աղբանոցի վերածած են:

Նշելով, որ յատկապէս մեծ աւերի ենթարկուած է Սուրբ Կիրակոսի այգիին մէջ գտնուող փոքր եկեղեցին, մարդու իրաւունքներու պաշտպանները նաեւ յայտնած են. «Գողցուած է եկեղեցւոյ գրասենեակը, կողոպտուած են վաճառուելու նպատակով այստեղ գտնուող գիրքերը, ինչպէս նաեւ նուէրները: «Քահանայատուն» կոչուող ներքեւի յարկին վրայ մեծ անցք մը բացուած է, որուն միջոցով կապ հաստատուած է Սուրբ Կիրակոսի կողքը գտնուող քաղդէական եկեղեցւոյ հետ»:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները նաեւ ընդգծած են, որ մեծ աւերի ենթարկուած է նաեւ փողոցը, ուր կը գտնուի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:

Յայտնելով, որ այստեղի բոլոր խանութներն ու տուները քանդուած են, անոնք դիտել տուած են, որ նախապէս նեղլիկ այդ փողոցը այժմ ամբողջովին դատարկ է եւ վերածուած է բաց տարածքի մը, նաեւ շեշտած են, թէ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ պատկանած շուրջ 25 խանութներ եւս գետնին հաւասարած են:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները յայտարարած են. «Յատկապէս Մկրտիչ Մարկոսեանի փողոցը այլեւս հարթ տարածք է. հոնկէ նոյնիսկ Մարդինքափըն կ՛երեւի: Կեաւուր թաղը այլեւս ամբողջովին դատարկ եւ ընդարձակ տարածք մըն է: Խճաքարերը հաւաքուած են, բայց Եողուրթափազար փողոցի տուները տակաւին կանգուն են: Կեաւուր թաղին մէջ կեաւուր չէր մնացած, հիմա թաղամասն ալ չմնաց»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին