15 Յուլիսին Թուրքիոյ մէջ ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք՝ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հեռացուեցան աշխատանքէ: Հեռացումը կը հիմնաւորուէր կիւլենական համայնքին հետ կապ ունենալու հանգամանքով: Նոյն պատճառաբանութեամբ աշխատանքը կորսնցուցած է պոլսահայ ուսուցիչ Արի Հերկելը: Սթամպուլի արուեստի եւ մասնագիտական կրթութեան կեդրոնը, ուր Հերկել 8 տարի կիթառ կը դասաւանդէր, հեռախօսի sms հաղորդագրութեամբ տեղեկացուած էր աշխատանքէն հեռացուելուն մասին:
Հերկել Պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթին յայտնած է, որ ինքը չի գիտեր, թէ ինչ հիմքերով զինք հեռացուցած են աշխատանքէ, սակայն ստացած հաղորդագրութեան մէջ, իբրեւ պատճառաբանութիւն նշուած է կիւլենական համայնքին հետ կապի մասին: «Յետագային ո՛չ ծանուցման մէջ, ո’չ առանձնազրոյցի եւ ո’չ ալ հեռախօսազրոյցներու ժամանակ այդպէս ալ չկրցայ գիտնալ, թէ ինչ տեղեկութիւններու կամ փաստաթուղթերու հիման վրայ կայացուցած են նման որոշում»:
Պոլսահայ ուսուցիչը նշած է, որ պիտի դիմէ դատարան՝ անօրինական գործընթացը կասեցնելու համար: Ըստ երաժիշտին` ինքը աշխատանքը կորսցնելէն ետք ալ ի վիճակի է ինքզինք նիւթապէս ապահովել, բայց նոյն հաստատութեան մէջ աշխատանքէ հեռացուած այնպիսի մարդիկ եղած են, որոնց համար այդ աշխատանքը ապրուստի միակ միջոցն էր: Եղած են նաեւ այնպիսիներ, որոնք քանի մը ամիսէն պիտի անցնէին թոշակի:
«Ինծի համար կարեւորը մեր վրայ նետուած ցեխէն որքան հնարաւոր է շուտ ազատուիլն է եւ իրաւական ճանապարհով ամէն ինչ ընել անարդար ու ապօրինի այս գործընթացը կանխելու համար»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ՝ կիւլենական համայնքն ու անոր ղեկավար ամերիկաբնակ թուրք միլիառատէր, իսլամի քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենը կը մեղադրեն Յուլիս 15-ին յեղաշրջման փորձը իրականացնելուն մէջ: