«Հիմնադիր խորհրդարան»-ի անդամ Ալեք Ենիգոմշեանը ձերբակալուած է: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է անոր փաստաբան Նիքոլայ Պաղտասարեանը:
Ենիգոմշեանը կը կասկածուի Յուլիս 17-ին ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքը գրաւած զինուած խումբին օժանդակելու մէջ:
Ան այժմ կը պահուի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) ձերբակալուածներու պահման վայրը:
Փաստաբանը նշած է, որ նախաքննական մարմինը բազմաթիւ անօրինականութիւններ ու խախտումներ թոյլ տուած է եւ ինքը դիմած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին ու այժմ կը պատրաստուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հետ մտնել մեկուսարան` խախտումները վերացնելու համար:
ԱԱԾ նախորդ օր բերման ենթարկած էր Ենիգոմշեանը:
Յուլիս 17-ին «Սասնայ ծռեր» խումբին կողմէ ոստիկանութեան ԱԱԾ գունդը գրաւելէ յետոյ, Ենիգոմշեանը հանդիպած էր Ժիրայր Սեֆիլեանի հետ եւ կը մասնակցէր իշխանութիւններուն հետ ընթացող բանակցութիւններուն:
Նշենք, որ Ալեք Ենիգոմշեանը Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի անդամ եղած է, ան նաեւ «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի անդամ է: 1980 թուականին Ժնեւի մէջ անոր ձեռքին մէջ նռնակ պայթած է, որու հետեւանքով ձախ ձեռքը կտրուած է եւ կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը: