Շաբաթ, 19. 07. 2025

spot_img

Գիւմրեցի Ընտանիքին Սառնարան Նուիրեցինք, Տղան Ուրախութենէն Արկղը Կը Համբուրէր, Կը Կարծէր, Որ Հայրը Գնած Է

*ՃՈՒԼԻԷԹԹԱ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ*

Օրերս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերականի խմբագրութեան մէջ հիւրընկալեցինք ԱՄՆ Կլէնտել քաղաքէն` նորաստեղծ «Կամուրջ դէպի լոյս» բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադիր-տնօրէն Ժաննա Քասմանեանը, անոր հօրաքրոջ` Փարիզ Քասմանեանը, եւ հիմնադրամի հայաստանեան ներկայացուցիչ`Անի Ղուկասեանը: Ժաննան հայրենիքի մէջ  է` հիմնադրամի հաւաքագրած գումարները բարեգործութեան նպատակին ծառայեցնելու համար:

Երիտասարդ հայուհիի ջանքերով ստեղծուած հիմնադրամը ընդամէնը քանի մը ամսուան պատմութիւն ունի: Առաջին ձեռնարկը Մայիս 1-ին տեղի ունեցած է Լոս Անճելըսի մէջ, որուն ընթացքին շուրջ 10.000 ԱՄՆ տոլար գումար հաւաքագրուած է ամերիկաբնակ մեր հայրենակիցներուն կողմէ: Հիմնադրամի անդամներու որոշմամբ` հաւաքուած գումարի իւրաքանչիւր դրամը օգտագործուած է նպատակային: Քանի որ բարեգործական ձեռնարկը յաջորդած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, որոշուած է 4000 տոլար գումարը փոխանցել զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն: Փաթեթներ  պատրաստուած են նաեւ սահմանին կանգնած զինուորներուն համար: Հայաստանի պատշպանութեան նախարարութեան միջոցով 236 տուփ օգնութիւն (պարէնամթերք, առողջապահական պարագաներ, վրաններ եւ այլն)  փոխանցուած է բանակին:

Ժաննան նաեւ օգնութիւններ  փոխանցած է Գիւմրի ապրող 5 անապահով ընտանքիներու: Ընդ որում` հաշուի  առնուած է իւրաքանչիւր ընտանիքի ցանկութիւնը: Երկու ընտանիքի համար սառնարան  գնած են, մէկ ընտանիքի, ուր կը պատրաստուին երեխայի ծնունդի, օրօրոց նուիրած են, մէկ ուրիշն ալ նախընտրած է, որ իրենց խոզուկներ գնեն` ապրելու միջոց ունենալու համար, միւսներուն ալ պարէնային ապրանքներու ու թաղային վճարներու համար գումար  յատկացուցած են: Յուզիչ  դրուագ մը պատմեց մեր զրուցակիցը այդ ընտանքիներէն մէկուն հետ հանդիպումէն. երբ ընտանիքի ուզած սառնարանը բերած են տուն եւ տեղադրած, երեխան ուրախութենէն սկսած է համբուրել այն: Անոր ներկայացուցած են, որ հայրն է այդ նուէրի հեղինակը…ատիկա մանկական անմեղ ուրախութեան, հպարտութեան, զարմանքի պոռթկում էր…

«Մեր կազմակերպութեան նպատակն է օգնել անապահով ընտանիքներուն, հիւանդ երեխաներուն ու միայնակ մայրերուն: Բայց ոչ թէ սոսկ դրամ տանք անոնց, ու վերջ, այլ օգնենք անոնց ոտքի կանգնիլ, գտնել իրենց ուղին, հմտութիւնները զարգացնել»: Օրինակ` մենք նաեւ կ’աջակցինք կանանց խնդիրներով զբաղուող  կեդրոնի մը, ուր երիտասարդ կանայք, միայնակ մայրերը նոր մասնագիտութիւն  ձեռք կը բերեն, կը սորվին  իրենց ուժերով սեփական հացը վաստակել, ըսենք` ֆուրշեթներ կազմակերպել կամ այլ արհեստներ տիրապետել: «Այս ամէնէն զատ, փոքր օգնութիւն մը ցուցաբերուեցաւ նաեւ Երեւանի համար 163 հիմնական դպրոցին, ուր աշակերտներու 40 տոկոսը զինուորականներու երեխաներ են: Ապրիլեան օրերէն յետոյ սա եւս խորհրդանշական քայլ էր»,-կ’ըսէ Ժաննան:

«Կամուրջ դէպի լոյս» (Bright to Light) հիմնադրամը այս պահուն շուրջ երկու տասնեակ անդամներ ունի, բայց հիմնադրամին շուրջ համախմբուած են 200-300 կլենտելահայեր, անոնց մեծ մասը Երեւանի Սեբաստիա թաղամասէն են` այն թաղամասէն, ուր իր մանկութիւնը ապրած է  Ժաննան:

Ժաննայի հետ մեր զրոյցին միացաւ նաեւ անոր հօրաքոյրը` Փարիզ Քասմանեան, եւ մեր խնդրանքով ներկայացուց  ժաննային` իբրեւ մարդու: Վեց տարեկանէն ԱՄՆ ապրող հայուհին Կլէնտելի պետական դպրոցի ուսուցչուհի է. առողջ սնունդի, ձեւաւորողի, նորաձեւութեան դասեր կու տայ աշակերտներուն: Երբ 13 տարեկանին Ժաննան այցելեց Հայաստան, հէնց օդակայանին մէջ ան հօրաքրոջ համար տարօրինակ  ցանկութիւն մը յայտնեց, երթալ ու տեսնել իր յաճախած մանկապարտէզն ու ընկերները: Սա կը խօսէր դեռեւս պատանի Ժաննայի մարդասիրութեան, ընկերասիրութեան ու սեփական հողին կառչած ըլլալու փաստին մասին: Իսկ երբ Ժաննան երկու տարի առաջ  Հայրենիք եկած էր, անոր միտքն ու հոգին անհաշտ էին, երբ որեւէ տեղ չքաւորութիւն կը տեսնէր:

«Մօտ մէկ ամիս ժամանակ անցուցինք միասին, որեւէ բան չհրապուրեց անոր, կարծես լիարժէք երջանիկ չէր: Ու երբ վերադարձաւ ԱՄՆ, զանգեց զիս, յայտնեց, որ նման բան  որոշած է, կարծես ամէն ինչ տեղը ինկաւ, եւ ձայնն ալ աւելի ուրախ էր: Ժաննայի ու մեր` բոլորիս կարծիքով, բարեգործութիւնը գումար նուիրելը չէ, երբ մարդը գլուխը կը կախէ ու կ’ըսէ շնորհակալութիւն: Իրական բարեգործը պիտի օգնէ մարդուն կայանալ, ուղղութիւն ընտրել, ոտքի կանգնիլ ու արժանապատիւ կեանք ունենալ: Հէնց ատիկա  մենք կը փորձենք ընել»,- կ’ըսէ Ժաննայի ընկերուհին` Անին, որ նաեւ անոր ներկայացուցիչն է այստեղ` Հայաստանի մէջ:

«Այն ծիլը, որ Ժաննայի մօտ  ծաղկած է, միասին պիտի ջրենք, ու դարձնենք հաստաբուն ծառ»,-կ’եզրափակէ Անին:

«Հայերն Այսօր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին