*ՏՈՔԹ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
Մեր յարգելի աշխատակիցին այս երգիծական գրութիւնը հնարովի (fiction) ըլլաով հանդերձ, այնքան ալ հեռու չէ իրականութենէ` երբ նկատի ունենանք մեզի հասած կարգ մը ձեռնարկներու նկարագրութիւնները, անշուշտ այս պարագային հաշուի առնելով նաեւ երգիծական գրութեան մը արտօնելի չափազանցութիւնը։
«Խմբ.»
Գրական քննադատ չեմ մասնագիտութեամբ, բայց քանի որ բանասէրը, լեզուաբանը, գրողը կամ յօդուածագիրը իրենց ապրանքը կ՛արտադրեն ինծի եւ նմաններուս համար, հետեւաբար որպէս սպառող, այդ ապրանքին վերաբերեալ դիտողութիւններ ընելու իրաւունք մը ունիմ։ Այս հաղորդագրութիւնը խորքին մէջ գոյութիւն չունի, սակայն նմանները՝ ինչքա՛ն, ու՛ր եւ ե՛րբ որ ուզէք…։
Հնդկաստանի ՊօմպէյաՀայ գաղութին կազմակերպած պարահանդէսի մը հաղորդագրութիւնը կը սկսի այս նախաբանով՝ «Հինաւուրց Հնդկաստանի պատմական Պօմպէյ քաղաքի, դղեակատես Շիրաթոն Հիւրանոցի, քանդակազարդ ու մարմարապատ արքայական սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ փառապանծ միութեանս աւանդական պարահանդէսը։ Զմրուխտապատ ոսկեզօծ հսկայածաւալ ու լուսաւոր ջահերու շողշողուն ճառագայթները, հմայք սփռելով կ՛արտացոլէին վսեմաշուք ազգայիններու ազնուական ներկայութիւնը, եւ իրենց ազնուափայլ տիկիններուն նրբաճաշակ ոսկենախշ զգեստները, ադամանդակուռ մատանիներն ու ապարանջանները, ինչպէս նաեւ մարգարտաշար վզնոցներն ու մետաքսահիւս ամառնային թիկնոցները, որոնց ժանեակազարդ փէշերը մաքրամաքուր սալայատակին վրայ հեզասահ ընթացքով մը, կը հասնէին տեղաւորուիլ ոսկեգոյն բազկաթոռներուն թաւշածածկ կարմիր փետրալից բազմոցներուն վրայ»։
Ոչ մէկ գոյական բոպիկ կամ մերկ չէ ձգուած, անպայման ածականով մը ծածկուած է, դեռ որոշն ալ մի քանի ածականներով՝ «զմրուխտապատ ոսկեզօծ հսկայածաւալ ու լուսաւոր ջահեր»… արդեօք որքա՞ն էական դեռ ունին այդ ջահերը, որ այդքան ուշադրութիւն եւ տեղ պիտի զբաղեցնէին հաղորդագրութեան մէջ։ Գոյականներ՝ որոնք դարերէ ի վեր յոգնած են նոյն ածականը հագնելէ, եւ ածականներ՝ որոնք ոչինչ կ՛աւելցնեն իրենց կողքի գոյականին՝ «լուսաւոր ջահեր», արդեօք եթէ սա ջահը լուսաւոր չըլլայ, ջահ կը կոչուի՞, «ուրախ հանդիսականները» պարահանդէսի մը եկած բազմութիւնը՝ ի՞նչ տրամադրութիւն պիտի ունենայ՝ տխու՞ր, սգաւո՞ր… «մաքրամաքուր սալայատակներ», այսինքն եթէ մէկ մաքուր ըսուի, կամ թէ երբեք սալայատակին մասին անդրադարձ մը չըլլայ, վատ հո՞տ մը պիտի հասնի ընթերցողին քիմքին, եւ դեռ՝ «ադամանդակուռ մատանիներ», «մարգարտաշար վզնոցներ»…։
Հաւանաբար յօդուածագիրը այս ոճով կը միտի պարահանդէսին ճշգրիտ մթնոլորտը նկարագրել, որպէսզի ընթերցողն ալ վայելէ այդ հեքիաթային պահերը՝ երեւակայելով ճոխ մանրամասներն ու նրբաճաշակ արդ ու զարդը։ Գուցէ նաեւ գրողը տողերուն արանքը, ընթերցողին ըսել կ՛ուզէ, թէ «տես ես որքա՛ն ածականներ գիտեմ, եւ ինչպիսի՛ ճոխ ու ճարտար լեզու եւ գրիչ մը ունիմ, Աճառեանի Հայ արմատական բառարանը կ՛ըլլած եմ…»։ Լաւ, սեպենք այս բոլորը ճիշդ են, իմ յանցանքս որպէս ընթերցող ի՞նչ է, որ տողեր պիտի կարդամ, երբեմն անհասկնալի ածականներու հանդիպելով, իսկ վերջն ալ ձեռնարկին ամբողջական պատկերը առնելու հասնելէս առաջ՝ «երբեմն իսկ նախաբանը չաւարտած», մէկ այլ ընթերցման պիտի անցնիմ ընկճուած հոգեբանութեամբ՝ մտածելով, թէ «այս որքա՛ն տկար է հայէրենս, որ սա մարդուն գրածը չեմ հասկնար…»։
Խորունկ շունչ մը կը քաշեմ ու կը շարունակեմ կարդալ, վերջապէս այս մարդը յոգներ գրեր է, հետն ալ քանի մը հոգի յոգնեցուցած է՝ թերթի սրբագրիչը, տառաշարը, խմբագիրը, տպարանը, մինչեւ իսկ ցրուիչն ու թերթի գանձապահը եւ պատասխանատուն։ Հաղորդագրութեան յաջորդ մասէն մականուններու տարափ մը կը տեղայ, որոնց հագուստի, արդ ու զարդի եւ տիտղոսներու մանրամասն նկարագրութիւններէ ետք, գրողը կ՛անցնի անոնց ազգային ու մարդկային արժանիքներու յորդառատ թուարկման՝ «յորդառատը ինձմէ չէ, հաղորդագրութեան մէջէն հոս ինկաւ…»։
Եւ այսպէս՝ «ձեռնարկիս ներկայ էին Տէր եւ տիկ Պահարեանները, որոնք յայտնի են գաղութիս իրենց…։ Առանձնայատուկ էր Հայ իշխանական արմատներէ սերած Տիկին Թաժմահալունիի փայլքը, որուն շողերը հրաւիրեալներով լեցուն իր սեղանէն անդին անցնելով կը հասնէին…։ Վսեմաշուք բարերար, Սփիւռքահայ կարեւորագոյն դէմքերէն, Հայ մշակույթի պահապան ու խթան, ազգային պարծանք՝ Զէհիրզէմպելեքեան, ըստ սովորութեան մեծահոգաբար բարեհաճեցաւ իր իշխանական նուիրատուութիւնը կատարել, սակայն միութեանս խոհեմ ու խելամիտ ղեկավարները «նուիրատուին արտօնութեամբ», գումարին քանակը որոշ ապահովական դրոյթներէ ելլելով յարմար չնկատեցին յայտարարել…»։
Շարադրուած բառերը մեքենայաբար կը կարդամ, սակայն ուղեղս կտրականապէս մերժելով կարդացածս վերլուծել, հասկնալ կամ գոնէ յիշուած անունները տեղ մը պահել, հեռախօսային զրոյց մը կ՛երեւակայէ այսպէս՝
«- Ընկեր սրբագրիչ, ես ընկեր խմբագիրին հետ երէկ ժողովի ընթացքին խօսեցայ, սիրայօժար համաձայնեցաւ յաջորդ համարին մէջ թղթակցութիւնս իջեցնել՝ կը մնայ, որ դուն քիչ մը շուտ սրբագրես, խմբագրես, վրան ալ եթէ կարելի է աղ ու պղպեղ աւելցնես եւ համ տաս, զարդարես… սանկ ձեռքիդ գործը տես, բան մը մի խնայեր, դուն ճոխ բառապաշար ունիս, աւելցուր՝ մի պակսեցներ։
– Գլխուս վրայ Ընկեր Կարեւորեան, դուք մեր պատուական ընկերն էք, ձեր գրածը կարդացի՝ վարձքերնիդ կատար, արդէն շատ ճոխ եւ փայլուն յօդուած մը գրած էք, բան մը պակաս չէք ձգած, աւելցնելիք բան մը չկայ, եղածով կը սրբագրեմ ու կը խմբագրեմ…։
– Ողջ մնաս, նորէն ալ սանկ բան մը ըրէ, քիչ մը աւելցուր… վերջն ալ անունիս տակը թուականը չմոռնաս»։
Հասկնալի է, որ թերթ մը վերջապէս գրական արժէք մը ըլլալէ բացի, տնտեսական ձեռնարկ մըն է, խմբագրութիւն եւ հրատարակչութիւն կոչուած հաստատութեան մը գործունէութեան արդիւնքը, որ ունի արտադրող եւ սպառող, հետեւաբար արտադրողը շուկայական օրէնքներուն համապատասխան, պարտ է իր սպառող շրջանակը պահել ու հոգալ՝ «խաթիրը տեսնել»։ Հայկական թերթի մը համար ասոր լաւագոյն միջոցներէն մէկը, իր սպառողներուն անունները, արժանիքներն ու լուսանկարները տեղաւորելն է էջերուն մէջ, նաեւ «յօդուածագիրներուն խաթիրը չկտրել», այլապէս այդ թերթը ոչ միայն չի ծախուիր, այլեւ խստօրէն կը քննադատուի, անիմաստ ու անբովանդակ կը համարուի, իսկ որքան շատ ու փայլուն ըլլան այնտեղ գոյանուններուն կողքի ածականները, այնքան հրաշալի, տեղեկատուութեամբ լեցուն եւ հարուստ կը համարուի այդ թերթը, նուիրատուներն ալ կ՛աւելնան։ Լա՛ւ, եթէ ձեռնարկի մը հաղորդագրութիւնը թերթին մէջ ներկայացնելը անհրաժեշտութիւն մըն է, ապա ի՞նչ կը խանգարէ, որ գրողը իր երեւակայութիւնը օգտագործէ ո՛չ թէ ածականներու շքահանդէս մը նկարագրելու, այլ նաեւ պարահանդէսը նոր, հետաքրքրական ու հաճելի ընթերցուող ձեւով ներկայացնելու համար։
Հաղորդագրութիւնը զարդարուած է մի քանի գեղատեսիլ տեսարաններով՝ ոչ թէ Մասիս Արարատի, Սեւանի կամ գոնէ Թաժմահալի, այլ «տեսարան մը ներկաներէն»… արդեօք ասոնց մէջէն ո՞րն է Թաժմահալունին կամ Զէհիրզէմպելեքեանը, միայն իրենք ու իրենց շրջապատը կրնան զանազանել։ Թղթակցութեան տրամադրուած թերթի ամբողջ մէկ երեսին տակի մասը, քանի մը տող պարապ չմնալու համար՝ տեղեկատուական փոքրիկ պարբերութիւն մը տեղաւորուած է, որ կը թուէ սոխին կարեւորութիւնն ու բժշկական արժէքը. կը կարդամ. հաւատացէ՛ք, այս երկու տողերը ուղեղս անմիջապէս կը իւրացնէ ու տեղ մը կը տեղաւորէ…։