Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Հայ Մամուլը Պահելը Նաեւ Մեր Հայկական Դիմագիծը Պահել Է

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Լիբանանի մէջ վտանգուած տպագիր մամուլի հարցը դարձեալ լուսարձակի տակ էր երէկ:

Լիբանանեան տպագիր մամուլի աշխատակից շատ մը պաշտօնակիցներ, որոնք պաշտօնէ արձակուած են տուեալ մամուլին նիւթական նեղութեան պատճառով, գանգատ ներկայացուցին Լրագրողներու սենտիքային, թէ նկատի ունենալով իրենց դժուար կացութիւնը՝ մամուլի տէրերը շահագործելով ընկերային դառն վիճակը, սկսած են իրենց գործ առաջարկել շատ ցած աշխատավարձով, որով անկարելի է արժանապատուութեամբ ապրիլ:

Ահաւասիկ Լիբանանի տնտեսական դժուար կացութեան ստեղծած ընկերային այլ հարց մը, որ ունի աւելի քան մութ հեռանկար՝ երբ նկատի ունենանք, որ տպագիր մամուլը արհեստագիտութեան ու համացանցի յառաջացումով, արդէն իսկ համաշխարհայնօրէն կը գտնուի մութ փապուղիի մը մէջ, որմէ ըստ երեւոյթին դժբախտաբար քիչ հաստատութիւններ ապահով դուրս պիտի գան:

Հայ  տպագիր մամուլը ինչ որ չափով տակաւին կը տոկայ՝ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ, ի գին ամէն դժուարութեանց: Աշխատինք ու ջանանք, որ համաշխարհային այս ալիքը չհարուածէ նաեւ զայն:

Համահայկական զօրաշարժ եւ ռազմավարութիւն պէտք է շրջանցելու այս վտանգը:

Վտանգը այս պարագային բնականաբար ազգային առումով է, որովհետեւ հայ մամուլը իր մասնագիտական ծառայութենէն զատ, նաեւ հենասիւներէն է ազգապահպանման՝ իր հայեցի ուղղուածութեամբ հայ ժողովուրդը զգաստ պահելու իր էութեան եւ իրաւունքներուն նկատմամբ։ Հետեւաբար հայ մամուլը պահելը նաեւ մեր հայկական դիմագիծը պահել է։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին