Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն «Մելգոնեանցի Ըլլալը Չի Բացատրուիր, Այլ՝ Կ’ապրուի» Դէպի Դասարան (թիւ 4)

*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

Առաւօտեան ժամը 6-ին արթնցանք: Կիսամերկ տղաք լուացարանէն ննջարան կ՛երթեւեկէին, ոմանք կ՛ածիլուէին, ուրիշներ կը լուացուէին, ոմանք անկողինները կը շտկրտէին: Նոյն ուրախ աղմուկը: Ննջարանին գիշերային հսկիչը՝ «Զանգակ Միսակ»ը եւ հերթապահը՝ Արամ Սարգիսեանը կ’երթեւեկէին: Տակաւին վարժուած չէի օտարներու առջեւ հանուիլ ու հագուիլ, այդ հեղեղին մէջ «նաւարկել»:

Պատրաստուեցանք եւ իջանք վար:

Աղօթք: «Առաւօտ Լուսոյ, Արեգակն Արդար»:  Կը զգաս, որ պայծառ եւ ապահով ապագայ մը քեզ կը սպասէ:

Նախաճաշ: Տաք թէյը, հալլում պանիրով, լոլիկով, վարունգով եւ ձիթապտուղով, համով իջաւ…։

Տակաւին դասերը չէին սկսած: Գացի դիւան: Պրն. Սեպուհ Աբգարեանն էր դիւանապետը: Արձանագրութեան ձեւակերպութիւններէն ետք, Պրն. Աբգարեանը զիս ղրկեց Տնօրէնին քով, դասարանս ճշդելու: Մտայ Պրն. Խաչեր Գալուստեանին գրասենեակը:

Նախակրթարանի 7-րդ դասարանն էի նախորդ տարին: Պրն. Գալուստեանը նայեցաւ վիճակացոյցիս, մուտքի քննութիւններու արդիւնքներուս եւ «տղաս քեզ 10-րդ դասարան պիտի ղրկեմ» ըսաւ: Ըսի որ չեմ կրնար 10-րդ դասարան ըլլալ, «լաւ, 9-րդ դասարան եղիր» ըսաւ: Խնդրեցի որ առիթ տար ինծի 9-րդ դասարան երթալու եւ դասագիրքերուն նայելու:

Գացի 9-րդ դասարան:

Յարութիւն Էտինճիգլեանը, Հրաչ Գոֆթիկեանը եւ Խաչիկ Ադամեանը, ի միջի այլոց, դասարանն էին: Հարցուցի 9-րդ դասարանի դասերուն մասին: Անմիջապէս ըսին, որ շատ դժուար դասարան է եւ ես չէի կրնար այդ դասերուն հետեւիլ: «Հոս մենք Science   կ’առնենք, Math կայ, Geometry կայ, History կայ, Geography կայ, English, Art, գրաբար, հայերէն, հայոց պատմութիւն, արաբերէն, յունարէն եւ ուրիշ շատ դասեր»: Աստուած իմ, նախակրթարանիս մէջ գիտութիւն առած էի բայց Science?  թուաբանութիւն առած էի բայց Math? պատմութիւն, աշխարհագրութիւն առած էի բայց History? Geography? անգլերէն առած էի, բայց English? գծագրութիւն առած էի, բայց Art? այս գրաբա՞րը ինչ է…։

Անմիջապէս գացի Տնօրէնին քով եւ «ինծի 8–րդ դասարան դրէք» ըսի:

Եւ եղայ  8-րդ դասարանի աշակերտ (լաւ որ 8-րդ դասարան գացեր եմ, այլապէս Ալիսին կրնայի չհանդիպիլ…)։

Եթովպիացի Հայկազ Երզնկացեանը գրենականի պատասխանատուն էր: Տետրակներս եւ գրենականի կարգ մը պիտոյքներս տալէ ետք ըսաւ, որ դասագիրքերը պիտի գործածէի Խաչիկ Արապաճեանին հետ (երկու հոգիի մէկ դասագիրք):

Խաչիկը (այժմ Լոս Անճելըս, յայտնի լուսանկարիչ,) շատ ազնիւ եւ շատ բարի տղայ մըն էր (հիմա ալ…), միակ թերութիւնը… չափազանցեալ շատախօսութիւնն էր: Միշտ բան մը ունէր ըսելիք, մանաւանդ դասերու ժամանակ դասարանին մէջ եւ սերտողութեան պահերուն՝ սերտարանին մէջ: Անկէ դուրս՝ շատ չէր խօսեր… չէր ուզեր հանգիստդ խանգարել:

Առաւօտեան Հ.Բ.Ը. Միութեան եւ Մելգոնեանի զոյգ քայլերգները երգելէ ետք դասարան կ’երթայինք: 15 վայրկեան յետոյ դասերը կը սկսէին:

Մելգոնեանի դասարանները շատ մեծ էին, մեծ պատուհաններով եւ երկու մեծ գրատախտակներով: Ամէն դասարանի մէջ հայ մտաւորականի մը նկարը կար:

Այդ լաւ օրերուն աղջիկներն ու մանչերը զատ դասարաններու մէջ դաս կ’ընէին, բացի արաբերէնի եւ յունարէնի դասերէն եւ բարձրագոյն դասարանները՝ կարծեմ գիտութեան,  ուսողութեան, մանկավարժական եւ առեւտրական դասերէն: Երկսեռ՝ բայց՝ զատ-զատ:

Արաբերէնի պահերէն առաջ, տղաքը անմիջապէս կը սանտրուէին, շապիկները կը շտկէին, ոմանք աժաննոց անուշահոտներ կը դրուէին, կօշիկներուն փոշիները կ՛առնէին եւ երբ աղջիկները դասարան մտնէին… կեղծ անտարբերութիւն մը ցոյց կու տային: Անշուշտ դիտաւորեալ բարձր կը խօսէինք, որ մեր ներկայութինը զգացնէինք:

Աղջիկները նոյնպէս մանչերու շէնքը չեկած, կը կոկուէին, կը շպարուէին քիչ մը եւ ճռուողելով դասարան կը մտնէին՝ գաղտագողի նայուածքներ նետելով աջ ու ձախ:

Պատանի ըլլալ՝ 13, 14, 15 տարեկան, արիւնը մէջդ եռայ, ամբողջ օրը աղջիկ չտեսնես եւ գիտնաս, որ արաբերէնի պահը միակ առիթն է «վայելելու» աղջիկներուն ներկայութիւնը: Թէ ի՞նչ վայելելու, չէինք գիտեր տակաւին: Խեղճ Պրն. Չաթոյեան (արաբերէնի ուսուցիչը), մեզի արաբերէն պիտի սորվեցնէր, երբ մենք արդէն մեր երեւակայութեան թափ տուած, մէկական աղջիկ կարգադրած, ամպերուն մէջ կը լողայինք:

Արաբերէնի պահերը լաւագոյն առիթներն էին գիրքերու եւ տետրակներու մէջ գաղտնի, սիրային նամակներ փոխանակելու: «Սէրս գաղտնի թող մնայ» երգը կարծէք հոն ծնունդ առած էր: Երբեմն փսփսուքներով կը խնդրէին մօտիկներէն, որ «բարեխօսեն» եւ «գործը կարգադրեն»: Ամբողջ եղածն ու ըլլալիքը՝ վերադարձող նամակը դրական ըլլար…։

Սիրային այդ նամակները, բացի «սէր» երգելէ, կը նպաստէին նաեւ մեր գրելու տաղանդները զարգացնելու: Թափ պէտք էր տայիր երեւակայութեանդ՝ որպէսզի դիմացինիդ սիրտը գրաւէիր: Եւ որքան երկար գրէիր, այդքան շատ կը սիրէիր… որքան շատ սիրէիր, այնքան երկար կը գրէիր: Բանաստեղծութիւնները, բազմերանգ եւ բազմագոյն, բարձրաթռիչք՝ բայց քնքուշ, բարդ՝ բայց պարզեցուած…։ Ոմանք արհեստով սիրային նամակներ գրող էին եւ իրենց ընկերներուն համար տաքուկ ու յարմար նամակներ կը գրէին՝ որոշ վարձատրութեան մը դիմաց:

Եւ այդպէս, տարիներու ըմթացքին Մելգոնեանցի մանչերն ու աղջիկները ճանչցան զիրար, եւ օր մըն ալ, ոմանք գոնէ հայկական տաքուկ բոյն մը շինելու եւ վարդագոյն երազներու իրականութիւնը ապրելու բախտին արժանացան:

Է~, պատանեկան անուշ եւ անմե~ղ սէրեր:

Լոս Անճելըս

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին