Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հասարակ Յայտարար

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

               «Երբ օրը գայ վերջապէս…»
Վահան Թէքէեան

Դպրոցական օրերու թուաբանական դասերու մէջ կոտորակներ գումարելու համար՝ հասարակ յայտարարի պէտքը կը զգացուէր: Թուաբանական խնդիրներու հասարակ յայտարարը կ’ունենայինք, սակայն մարդկային ընկերութեան մէջ հասարակ յայտարարի մասին մտածելով… մարդ կը տատամսի, մէկ բառով կարելի է ըսել  անձնասիրութիւն, բայց այս բառը շատ առաձգական ըլլալուն, սահմանումը անկարելի կը թուի, մարդ արարածի, ի մասնաւորի մտաւորական խաւի, փիլիսոփայական թէ կրօնական խորքով, պարտքը եղած է մարդը իր սովորական մտածելակերպէն բարձրացնել, ի հարկէ զարգացնելով բանալ բարոյական, ընկերասիրութեան առաքինութիւնները քաջալերող, որպէսզի ընկերութեան անդամները քիչ թէ շատ աւելի հեշտ ապրին ու գործակցին իրար հետ…։ «Մի ըներ այն ինչ որ չես ուզեր քեզի ընեն», Քանկ Ֆուցէ… քսանհինգ դարերու խորքէն հնչող ձայն… եւ այս տեսակ միտքեր բազմաթիւ են, սակայն առիթով մը Դիմատետրի մէջ գրեցի. «Բոլոր խրատականները պղպջակներ են»…: Միտքեր, որոնք տրուած են ընդհանուրին համար, երբ այդ ընդհանուրի մէջ ամէն մէկ անհատ ունի իր ենթահողը, գինը, դաստիարակութիւնը, ունակութեան տարողութիւնը ու մանաւանդ՝ պէտքը: Հանրածանօթ, տասնեակներով գիրքերու հեղինակ Օշօ (Պհակաւան Շրի Րաշնէշ), իր «ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ» գիրքին մէջ կը գրէ. «Միայն խենդերն են, որ կը խրատուին…»: Իսկ մեծ հայրս կ’ըսէր. «Խեւը խրատն ի՞նչ անի»… եւ … «ըսողին լսող է պէտք»։ Իսկ լսողը եթէ նոյնիսկ ընդունելի գտնէ լսածը, չէ՞ որ խօսքէն գործ կայ… անջրպետ, պէտք է յարատեւ աշխատանք, կամք, յոգնութիւն եւ հետեւողականութիւն, որպէսզի խօսքը վերածուի գործի. ուրեմն, չխրատե՞ն… բայց ան աւելի սիրտի պարտքն է խրատողին, մի գուցէ «տեղ» մը հասնի: Առիթով մը մայրիկ մը ինծի ըսաւ. «Տղաս, հաւուն առջեւ կեր կը թափեն, հաւը ի՛նք կ’ընտրէ իր ուտելիքը». որքան իրաւ, քանի որ իմ պէտքիս համար գրավաճառներու պատրաստ յաճախորդն էի եղած. ա՛լ խրատանի, ա՛լ մարդկային անհատականութիւններու կամ քաղաքական, ընկերային եւ այլ գիրքերու մէջէն կը գտնէի մարդկային տիպարներ , թէ՝ որքա՜ն տարբեր են իրարմէ: Առօրեայ իրողութիւններու… տարբեր անձերու մօտ տարբեր մտածում եւ հակազդեցութիւն. բախտաւորութիւն է, եւ հազուադէպ, երբ մէկուն «ջուրը քալէ» ուրիշի մը հետ, կամ՝ «աստղը» համընկնի… ընդհանրապէս մրցակցութեան զոհը կ’ըլլան բարոյական ըմբռնումներ այս վազքի եւ դրամատիրական ընկերութեան մէջ: Բայց վերջապէս վերջին քառասնամեակին, գործի ընկերոջ մը ըսի. «Ներսէս (Չուլճեան) տակաւին նոր ծանօթացանք բայց կարծես տասը տարիէ զիրար կը ճանչնանք: (Թէեւ չէի ուզեր անունը բնորոշել, սակայն արդարութեան հանդէպ դաւաճանած չըլլալու զգացումով կը յայտնեմ):

Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գիրքին մէջ, ի միջի այլոց յատկանշական դէպք մը կայ.- Պատուելին կը պատմէ պզտիկ տղու մը պատմութիւնը, թէ՝ քանի որ պզտիկ տղան պարղուտ մը չէր նետած ժողովարանի պնակին, կը զրկուի արաքայութենէ, երկինքի սանդուխէն աստիճան մը պակաս ըլլալուն պատճառաւ: «Այս պատմութիւնը սուտ է «կը շշնջայ Խաչիկ… Ուրեմն՝ «Մանկութիւն ունեցողներուն» կը տրուէր մէկական պարղուտ, զանոնք ժողովարանի պնակին ձգելու համար. Իսկ Խաչիկ, «Ոչ միայն չէր նետած իր դրամը, այլեւ պարղուտ մըն ալ վերցուցած էր պնակէն»:

«- Դուն կեր ատիկա, վաղը նորէն կ’առնենք…
Սանդուխ-մանդուխ պարապ բաներ են…
Վեց տարեկան էր Խաչիկ»։

Խաչիկ ուրկէ՞ ունէր այդ արթնութիւնն ու խիզախութիւնը- դաստիարակութենէ՞ն … բացարձակապէս ոչ. այլապէս ինք ալ պիտի վարուէր իր ընկերներուն պէս:

Սոյն պատմութիւնը ինծի յիշել տուաւ այլ գիրքէ մը հետեւեալ միտքը. «Մենք, (մարդ արարածները) ինքնաշարժի գործարանի արտադրութիւն չենք որ հազարներով ճիշդ իրարու նմանինք»:

Ամէն անհատ ուրոյն ինքնութիւն մըն է, որոնցմէ կը կազմուի ընկերութիւնը. կան հաղորդական մարդիկ, կան սիգաճեմ. կան որոնք կը սիրեն տնօրինել եւ նոյնիսկ անսխալականներ… ի հարկէ ամէնէն ցանկալին հաղորդականն է, որ հազուադէպ է: Ամէն անհատ ուրոյն անձնականութիւն ունի եւ, եւ այդ է նաեւ իր  փառքն ու ես-ին գոյապատճառը. մինչ վեհանիստ վարդապետութիւններ  չեն քաջալերեր  անձնասիրութիւնն ու եսակեդրոնութիւնը, սակայն իրողութենէն ոչինչ կը փոխուի.. ու տակաւին… տախտակի փոշին կը խառնուի թէյի չոր տերեւներուն… այս՝ անհատի մը գործն է… իսկ մեծ պետութիւններ արիւնը կը խառնեն  հողին, անոնք խաղաղութիւն կը խաղան, մինչ ինկած են զինարշաւի հեւքին…

Վերջապէս, կա՞յ արդեօք հասարակ յայտարար…
Պիտի գա՞յ այդ «Օր»ը վերջապէս…
Այդ «Օր»ը… կարելի է, որ ամէն ոք ի՛ր ներաշխարհով հասնի մակարդակի մը՝ ասոյթին.
«Tout comprendre, c’est tout pardonner».
Հասկնալ ամէնը, ներել ամէնուն եւ…
Եղաւ Արքայութիւն… «ԵՐԿԻՆՔԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՐ ՆԵՐՍԻԴԻՆ Է» (Յիսուս)

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին