10 Յուլիսի երեկոյեան, ժամը 20.30-21.30-ին ուժեղ կարկտահարութիւն տեղի ունեցած է Արագածոտնի մարզին մէջ: Կարկուտի մեծ հատիկները վնասած են յատկապէս Աշտարակի տարածաշրջանը։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am–ը։
Մեծապէս տուժած են Աշտարակ քաղաքը, Արագածոտն, Սասունիկ, Օշական, Փարպի, Բազմաղբիւր, Աղձք, Ոսկեհատ, Ոսկեվազ, Ագարակ, Կարբի, Օհանաւան, Արտաշաւան եւ այլ համայնքներ:
Մարզպետ Գաբրիէլ Գէոզալեան այցելած է տուժած բնակավայրեր` վնասներու մասին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու, համապատասխան գործողութիւններ կազմակերպելու նպատակով:
Նախնական տուեալներով գրեթէ ամբողջութեամբ վնասուած են նշուած համայնքներու գիւղատնտեսական մշակաբոյսերը, ցանքատարածութիւններն ու պտղատու այգիները: Ուժեղ քամին եւ կարկուտը էական վնասներ պատճառած են նաեւ շինութիւններուն։ Տեղահան եղած են շէնքերու տանիքներ, տուժած են համայնքային ենթակառուցուածքներ:
Մարզային յանձնաժողովին կողմէ կ’ուսումնասիրուին աղէտի հետեւանքները, կը ճշգրտուին վնասներուն չափերը: