Յակոբ Միքայէլեանին «Աշնանային Մենանուագ»-ին առթիւ
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Երեք ամիսէ կրկին ու կրկին «Աշնանային Մենանուագ» հատորը ձեռքիս ետ ու առաջ կը դարձնեմ էջերը ու Հալէպը, մանկութեան եւ պատանութեան օրրանս սահիկններու ցուցադրութեամբ կը տողանցեն աչքիս առաջ:
Հեղինակը՝ Յակոբ Միքայէլեանն է: Կենսագրութի՞ւնը՝ ցեղասպանութենէն վերապրած Զէյթունցի ծնողքին զաւակը, Հալէպ ծնած եւ ուսանած արձակագիր, հրապարակագիր, մի քանի հատորներու հեղինակ, դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ (արաբերէն), իսկ համալսարանական վկայականը՝ անգլերէն գրականութեան մէջ Դամասկոսէն, մանկավարժութեան վկայականը Նիւ Ճըրզիէն:
180 էջնոց այս հատորը, որ լոյս տեսած է Անթիլիաս՝ 2012-ին «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» Հիմնադրամին շնորհիւ, խոշոր կարկինով մը գլխաւորաբար Հալէպի կեանքն է որ կը նկարագրէ: Սկսելով յետ-եղեռնեան հայ ընտանիքին կեանքէն մինչեւ Հալէպի Հայ կեանքին ոսկեդարը: Միջին արեւելեան երկիրներու Հայ համայնքի երիտասարդութեան եռուզեռը, ամառնային պարտէզներն ու երիտասարդական բանակումները, մարզախումբերուն հիւրախաղերը, քաղաքէ քաղաք ճամբորդութիւնները, որոնք բոլորն ալ ինչ-ինչ յիշատակներով եռուզեռ եւ հայկական կեանք կ՛արձանագրէին:
Յակոբ Միքայէլեանին ճանչցած եմ ուսանողական շրջանէս, Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Գալուստ Կիւլպէնկեանի երկրորդականի տարիներէն: Թէեւ դասընկերներ չենք եղած, սակայն արուեստի սէրը հասարակ յայտարարով մը տարբեր դասարանցիներուս ծանօթութիւնները իրարու կը մօտեցնէր մեզ:
Տրամադրութիւններու մերթ ծայրայեղ եւ մերթ հակոտնեայ արտայայտութիւններով, մերթ գողտրիկ ու ամաչկոտ ժպիտով իրաւ արուեստագէտի խմորով տղայ մըն էր մեզմէ շատերուն համար:
Եւ չուշացաւ փաստը Հալէպի թատերական կեանքի երկնակամարին վրայ ան հայ բեմին վրայ փայլեցաւ իր դերերով, նոյնիսկ արաբական հեռատեսիլի կարգ մը ֆիլմերու մէջ հայ համայնքին ներկայութիւնը հաստատելով, արուեստի ներդրումը կատարելով:
Իսկ հայ մամուլին մէջ երեւցող իր հետեւողական շարքը «Քիթի մը Օրագրէն» եւ կամ «Բաց Պատուհանէն» ինչե՜ր չէին տեսներ եւ արձանագրեր Միջին Արեւելքի սփիւռքահայ առօրեայէն:
Անցնող Ապրիլին մէկ շաբթուայ այցս Երեւան-հայրենի տուն՝ առիթ տուաւ որ հանդիպինք մեր համաքաղաքացի Յակոբին հետ եւ մակագրուած հատորը ստանալ Ապրիլ 16, 2016 թուականով՝ որ հիմա ձեռքիս է:
Հալէպն է որ կը շնչէ հոն տասնամեակներու ապրումներով, վկայագրութիւններով:
Հայատառ թրքերէնով Աստուածաշունչը, Ջարդէն ճողոպրած զէյթունցի իր ծնողքին առագաստի սենեակը զարդարող հայելիով պահարանին պատմութիւնը ի՜նչ-ի՜նչ յուշեր, դրուագներ կ՛արթնցնէ սերունդի մը հոգիէն ներս մանաւանդ – որ մե՛ր սերունդն է- յաջորդ օղակը ցեղասպանութենէն վերապրողներուն՝ հինը նորին կապող: Քանիներ մեզմէ կը յիշեն իրենց մեծ հօր կարդացած Սուրբ Գիրքը հայատառ եւ սակայն թրքերէն լեզուով: Սուրբ գիրքը՝ արաբերէն տառերով եւ օսմանեան լեզուով: Ու մանաւնադ՝ այդ Սուրբ գիրքին առաջին պարապ էջին վրայ արձանագրուած ընտանեկան ծառի մանրամասնութիւնները, ծննդեան, ամուսնութեան եւ կամ մահուան թուականներով լեցուած:
Կանգ կ՛առնեմ պահ մը, եւ.. առաջին պատմուածքին էջերուն մէջ կը կորսուիմ … ուր կը նկարագրուի թէ ինչպէս 1940-ականներուն ֆրանսական մանտաթին պատասխան անգլիական օդանաւերու ռմբակոծումները անապահովութիւն կը ստեղծեն: Ընտանիքը կը փոխադրուի Նոր գիւղ ապահովութեա՛ն համար: Նոր Գիւղ եւ ապահովութի՞՞ւն: Այս օրերուն ի՜նչ «ապահովութիւն», մարդկային ի՜նչ կատակերգութիւն..
Հալէպի «Աճուր Թարլայի» ամայի դաշտէն, Ցեղասպանութենէն ետք Հալէպի առաջին Հայկական Եկեղեցւոյ- Ս. Գէորգի սահմանէն մինչեւ «Նոր Գիւղի Ճամին-մզկիթը» երկարող շրջանը հայութեամբ կը շնչէր: Վերապրողներուն քրտինքով թիթեղեայ տունիկներէն աղիւսապատ բակով տուներ դարձած էին, պատուահաններէն հայկական երաժշտութիւնը փողոց հոսող մթնոլորտով մը:
Այդ բոլորը վերջին տասնամեակներուն՝ քարաշէն տուներու վերածուած, հայաշատ կեդրոններով եւ դպրոցներով մշակոյթ շնչող Նոր Գիւղէն քար-քարի վրայ չէ մնացած, այսօր 2016-ին Հալէպի ոսկեդարը պատմութեան էջերուն փոխանցելու:
Այս օրերուն Հալէ՞պը… եօթանասուն տարի ետք – 2010 –էն ի վեր հայաշատ Նոր Գիւղը եղած է դիպուկահարներու եւ ռմբակոծումներու թիրախ:
Քաղաք մը, որ ջարդի մոխիրները թօթափելով փիւնիկի պէս կենդանութիւն առած սերունդէն մտաւորականներու փաղանգ մը հասցուցած եւ հարստացուցած է քիչ մը ամէն սփիւռքահայ կեդրոն:
«Ո՞ւր են համաշխարհային, միջազգային հեղինակութիւնները, ինչո՞ւ Հալէպը աղէտեալ քաղաք պիտակելով չեն փութար պատերազմը կեցնելու ու քաղաքը փրկելու վերջնական չքացումէ: Չե՞ն կրնար, շատ լաւ ալ կրնան, սակայն, կ՛ուզե՞ն»: Կը գոչէ Յակոբ Միքայէլեանը իր վերջերս ստորագրած «Անտէրութիւն» յօդուածով:
Տասնըվեց պատմուածքներով եւ տասներեք խոհագրութիւն-ճեպանկարներով Հալէպի առօրեային հետ իր անձնական մտերիմ պահերուն հաղորդակից կը դարձնէ մեզ Յակոբը: Մեծ քաղաք Հալէպին պատուհաններէն ներս կատարուած կեանքի մանրամասնութիւններէն մինչեւ մանր-մունր բամբասանքներուն արագավազ շրջանառութիւնը – ի չգոյէ քսանմէկերորդ դարու տեղեկատուական միջոցառումներուն – արմանք-զարմանք կը պատճառեն ընթերցողին:
Յակոբ Միքայէլեանը մանկութեան տարիներէն անցած է այն փորձառութենէն երբ եւրոպական երկիրներուն Հալէպի վրայ տեղացնող ռմբակոծումին պատճառով պատուհանները պէտք էր մուգ կապոյտ ներկուէին, կամ՝ օրաթերթեր փակցնելով ապակիները փակէին որ լոյսը չթափանցէ դուրս, (1940-ական)- համալսարանական տարիներուն արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն հազիւ-հազ Մայրաքաղաք Դամասկոսէն ողջ-առողջ Հալէպ կը հասնի (1967), իսկ այս օրերուն ալ դիպուկահարուող ու ռմբակոծուող Հալէպէն հասած է Երեւան, հայրենի հողին վրայ կը գտնուի մէ՛կ հաստատակամ յայտարարութեամբ՝ «Մենք իր մէջ ըլլալէն աւելի ան մեր մէջն է…»
Այո՛, Հայրենիքը…ամէն մէկ սփիւռքահայուն հոգիին մէջն է…
Բայց ո՞ւր մնաց Յակոբին տաղանդին շարունակական փայլքը: Մէկ տեղ մնալով, ճանաչում գտնելով ինքզինք արդարացնող իր արդար վաստակին համբաւը վայելելու: Մէկ տե՞ղ: Ո՞ւր սակայն: Ո՞ւր է Հալէպահայուն տեղը:
Կը կարդամ .. ու կ՛անդրադառնամ այն մղոններու ահաւոր ճամբորդութիւններու մէջ երկարող տարածութեան, որ ամէն մէկ ցեղասպանութենէն վերապրողին եւ անոնց սփիւռքահայ զաւակներուն վիճակուած է…
Յակոբին Զէյթունցի ծնողքին փոշին Հալէպի հողին խառնուած է..
Յակոբին, քոյրերուն եւ անոնց զաւակներուն եւ թոռնիկերուն ճանապարհորդութիւնը կը շարունակուի մէկ ցամաքամասէն միւսը:
Կը կարդամ, կը ժպտիմ այն ուրախ օրերուն յուշերով երբ օթօպիւսերով քաղաքէ քաղաք հիւրախաղերու եւ կամ մարզական մրցումներու կ՛երթային պատանի-երիտասարդները, կը ծնէին փոքրիկ սէրեր՝ որոնք երբեմն ալ խոր ու հաստատ սիրով կը շարունակուէին եւ ամուսնութեամբ կը կնքուէին:
Այս էջերուն հետ …կը յիշեմ տողերը բանաստեղծին- «Ու մերթ լացաւ ու մերթ խնդաց իմ հոգին..»
Յակոբ գողտրիկ պատկերով մը «Մեծ Մանուկը» ( էջ 160-161) վերնագրով կը նկարագրէ այն փոքրիկ մանչուկին վիճակը որ այդքան փոքր հասակին շոքոլայ չի կրնար ուտել որովհետեւ շաքարախտ ունի, եւ երեք անգամ ինսուլին ներարկուելու ստիպուած է…
«Ցաւը ինչպէ՞ս կը մեծցնէ եղեր մէկը, հասուն կը դարձնէ, կը կոփէ, կ՛ամրացնէ…» կ՛եզրափակէ Յակոբ Միքայէլեանը: Հասունութիւնը եթէ չափանիշ մը ունի, Հալէպահայունը ուր հասած է՞:
Ի՞նչպէս չմտածել բոլոր այն մանուկներուն մասին որ այսօր հինգ տարիէն աւելի Հալէպի դժոխային կեանքին մէջ կ՛ապրին: Ինսիւլինի տեսակ մը կա՞յ որ մեղմացնէ անոնց ցաւը:
«Երբ այսքան անպէտ ու անկարեւոր կը դառնայ մարդը աշխարհի «Տէրեր»-ուն ձեռքը», քանի-քանի Հալէպահայ տաղանդներ իրենց արուեստով դեռ քանի-քանի մղոններ պէտք է կտրեն հանգրուանելու եւ վայելելու իրենց արժանի տեղը:
Էջ առ էջ կարդալով Յակոբ Միքայէլեանին «Աշնանային Համանուագը» Հալէպն է որ կենդանի կը տողանցէ աչքիս առաջ եւ կրկին հարց կու տամ…
Ո՞վ պիտի գրէ Հալէպի ամբողջական պատմութիւնը- եւ ո՞ւր է Հալէպահայուն տեղը:
Նիւ Եորք