Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Համա-Ուղղափառ Եպիսկոպոսաց Ժողովին

Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ս. Պարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի գլխաւորութեամբ, Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ գտնուող Օրթոտոքս  Եկեղեցւոյ Ակադեմիայէն ներս տեղի ունեցաւ Համա-ուղղափառ Եպիսկոպոսաց Ժողովը, որուն մասնակցեցան Արեւելեան Ուղղափառ  տասնչորս եկեղեցիներու պետերը։

Այս ժողովը հազարամեակէ մը ի վեր սպասուած մեծ ժողովն էր: Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած էին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները, բերելու իրենց մասնակցութիւնը այս ժողովին՝ դիտողի հանգամանքով: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ, սոյն ժողովին  մասնակցեցաւ Կոմիտաս Արք. Օհանեանը:

Ուղղափառ Եկեղեցւոյ «Մեծ եւ Սուրբ» Սինոտը,  ինչպէս բնորոշուեցաւ այս ժողովը,  տեւեց շաբաթ մը  19-26 Յունիս։ Անոր իրագործումը երկար,  աւելի քան յիսուն տարիներու սպասումի եւ  հետեւողական աշխատանքի արդիւնքը եղաւ, որու յաջողութեանը համար աշխատեցան Արեւելեան Ուղղափառ բոլոր եկեղեցիներուն պատասխանատուները:

Ժողովի օրկարգերն էին.-

-Ուղղափառ Եկեղեցիին առաքելութիւնը ներկայ աշխարհի մէջ.

արժէքը մարդկային անձին.  ազատութիւն եւ պատասխանատուութիւն. խաղաղութիւն  եւ պատերազմի արգելքը։

-Ուղղափառ Եկեղեցին տարբերութիւններու դիմաց։

-Առաքելութիւնը Ուղղափառ Եկեղեցւոյ որպէս վկայութիւն՝ սիրոյ եւ ծառայութեան։

-Ուղղափառ սփիւռքը եւ եկեղեցական կանոնականութիւնը: Այս ուղղութեամբ, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոններէն դուրս, տասներկու նոր շրջաններ նշանակուեցան  ամբողջ աշխարհի մէջ:

-Պահեցողութեան կարեւորութիւնը եւ անոր այժմու պահպանման կերպը։

-Ուղղափառ Եկեղեցւոյ  յարաբերութիւնները ընդհանուր քրիստոնեայ աշխարհին հետ։ Այս առնչութեամբ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ խումբէն դուրս գտնուող բոլոր եկեղեցիները «Այլափառ խոստովանողներ» կոչուեցան: ժողովը յայտարարեց, թէ Ուղղափառ Եկեղեցին կը շարունակէ երկխօսութիւնը միւս եկեղեցիներուն  հետ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին