«Կերդուեմ վշտով Եղեռնի,
Անմեղ լեզուով Հայոց սուրբ`
Մայրդ այն ժամ կը մեռնի,
Երբ մոռացուի հայ լեզուդ…» Յ. Շիրազ
Այսպէս պիտի յորդորէր մեծանուն բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Շիրազը իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ, կոչ ուղղելով հայ մատղաշ սերունդին, կառչած մնալու մեր ոսկեղնիկ լեզուին, զայն անաղարտ պահելու,մոռացութեան չմատնելու համար:
Արդարեւ, ծանօթ իրողութիւն է, սփիւռքահայ կեանքին մէջ զգալիօրէն շեշտուած կարեւորութիւնը Պէյրութի հայ գաղութին: Ազգապահպանումի ջանքերուն ընդհանուր յառաջխաղացքին մէջ կարեւոր մեծ իրագործում մըն է անտարակոյս Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վահան Թէքէեան Վարժարանը: Ան կը կանգնի այսօր բարձրաճակատ ու հպարտ, որպէս վկայութիւն շինարար եւ ուսումնատենչ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգիին: Արդարեւ, 65 գարուններ առաջ, Պէյրութի մէջ հիմը կը դրուի Վահան Թէքէեան վարժարանին, զոր յետագային պիտի դառնար միջնակարգ հոյակերտ վարժարանի մը Պէյրութի սրտին՝ հայատրոփ Պուրճ Համուտի թաղամասին մէջ:
Համոզուած ենք, թէ Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանէն ներս կը թրծուի վաղուան մեր գիտակից, յառաջապահ երիտասարդութիւնը: Հոս կը դարբնուի այլասերումի ահաւոր վտանգներուն դէմ պայքարելու հայու աննկուն հզօր կամքը եւ հոս կը ծաղկի հայու հոգին՝ աւիշովը մեր հազարամեայ մշակոյթին: Հոս, մեր ոսկեղէն մայրենի լեզուն կը հնչէ քաղցրագին, կ’արձագանգէ հայ երգն ու երաժշտութիւնը, կ’աճի մեր նորահաս սերունդը հայկական միջավայրի եւ առողջ մթնոլորտի մէջ, հեռու հոգիներ խաթարող ապականութիւններէ, որոնք յատկանիշն են, դժբախտաբար, մեր ապրած ներկայ ժամանակներուն:
Հովանաւորութեամբ Վարժարանիս հոգաբարձութեան, Շաբաթ 2 Յուլիս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5.30-ին, «Յակոբ Պարսամեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: Ներկայ էին ԹՄՄ-ի Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Գասարճեան եւ անդամներ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխ- ատենապետ՝ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան, վարժարանիս հոգաբարձութեան անդամներ, ծնողներ եւ բարեկամներ :
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւՎարժարանի օրհներգներով:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս Հայոց լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան ուսուցիչ՝ Պրն. Աւետիս Տիպան, որ ըսաւ, թէ սփիւռքի տարածքին մեր ազգային կարեւորագոյն կառոյցը հայ դպրոցն է: Այդ կանթեղն է, որուն ճառագայթներուն տակ հայ մանուկը ոչ միայն կը դաստիարակուի ու գիտելիքներ կ’ամբարէ, այլ նաեւ կը կազմուի անոր ազգային նկարագիրն ու պատկանելիութիւնը:
Խմբերգներով ելոյթ ունեցան նախ. Գ. Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտները ներկայացնելով Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երազ Իմ Երկիր Հայրենի» եւ Շարլ Ազնաւուրի «Pour Toi Arménie» երգերը: Այնուհետեւ «Կարս» պարախումբը ներկայացուց լիբանանեան ազգագրական պար մը:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի կրթական խօսքն եւ ուսումնական տարեշրջանի զեկոյցը փոխանցեց տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեան, որ ներկայացուց վարժարանիս կրթադաստիարակչական ոգին, տեղի ունեցած եւ ունեցող բարելաւման ու բարեկարգման աշխատանքները:
Տիկին Նաճարեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով 65 ամեայ վարժարանին նուաճումներուն մասին նաեւ ըսաւ . «Սիրելիներ, բանաստեղծութեան իշխան՝ Վահան Թէքէեանի շունչով հիմնուած ու կառուցուած մեր դպրոցը, մնալով հաւատարիմ հայ մարդակերտումի առաքելութեան, այսօր ազգին կը պարգեւէ սերունդ մը եւս, զինուած արդի գիտելիքներով եւ կոփուած հայու միտքով ու հոգիով, պատրաստ դիմագրաւելու ներկայ ժամանակներու մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները: Հետեւաբար, երախտագիտական յատուկ խօսք կ’ուզեմ ուղղել Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներու մարմնին, վարժարանիս ի նպաստ իր ցուցաբերած աջակցութեան համար, որպէսզի միասնաբար անխափան շարունակենք հայակերտման մեր նուիրական գործը ու հասցնենք հայաշունչ ու հայրենասէր սերունդներ»:
Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Միջն. Ա. Դասարանի աշակերտուհի՝ Վարդի Սալխանեան, ուր գեղեցիկ, հայատրոփ եւ սահուն առոգանութեամբ արտասանեց Պ. Սեւակի «Քիչ ենք, բայց Հայ ենք» բանաստեղծութիւնը: Ապա, «Կարս» պարախումբը ներկայացուց պարերու շարք մը՝ «Գնչուներու», «Յունական պար», «Հայկական Ազգագրական պարերու շարան» եւ «Ճան Ճան»:
Յուզախառն մթնոլորտի ու ոգեւորիչ երաժշտութեան ներքոյ բեմ բարձրացան Վահան Թէքէեան վարժարանի ընթացաւարտներն ու շրջանաւարտները:
Յանուն Զ. դասարանի ընթացաւարտներուն՝ անգլերէն լեզուով ուղերձը ներկայացուց՝ Յակոբ Պէքարեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն վարժարանիս պահպանման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան, որ ճիգ չխնայեց ուսումնական այս տարին ամբողջացնելու, ինչպէս նաեւ ուսուցչակազմին եւ դաստիարակ՝ Օրդ. Սիլվա Մահտէսեանին, իրենց անսակարկ ու հոգատար խնամքին համար: Որմէ ետք տեղի ունեցաւ նախ. Զ. դասարանի վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, ձեռամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխ- ատենապետ Տոքթ. Յակոբ Փափազեանիեւ վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենադպրուհի՝ Օրդ. Լորիս Թուղլաճեանի:
Հրաժեշտի խօսքը հայերէն լեզուով յանուն Գ. Միջն.-ի շրջանաւարտներուն ներկայացուց՝Փաթիլ Պէքարեան, որ ըսաւ. «Երկիւղածութեամբ կը բարձրանամ ինծի համար տաճար դարձած Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի բեմը: Բեմը, որ տարիներ շարունակ սերունդներ կերտած է հայեցի կրթութեամբ, խտացնելու շարքերը նուիրական մեր ազգին»: Որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը ձեռամբ ԹՄՄ-ի Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Գասարճեանի եւ անդամ՝ Տիկ. Անի Լաչինեանի: Այնուհետեւ հանդիսութեան բեմավար Տիար Աւետիս Տիպան ներկայացուց մրցանակ ստացող աշակերտներու ցանկը:
Աշակերտութեան Հուսկ Բանքը փոխանցեց վարժարանիս Սանուց Միութեան Ատենապետուհի՝ Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեանը:
Օրդ. Տէօքմէճեան իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ. «Այսօր հրաժեշտի օր է. ձեր ուսումնարանը պիտի թողուք այսօր, բայց հոսկէ կը մեկնիք զինուած այնպիսի գիտելիքներով, որոնք ձեր առջեւ պիտի բանան բազմագոյն աշխարհի դռները, եւ լիցքաւորուած՝ հարուստ պաշարով, որմով ձեզ գիտութիւն փոխանցած ու դաստիարակած ուսուցիչներուն եւ հոգատար տնօրէնուհիին կը խոստանաք սաւառնիլ հեռու հորիզոններ, ուր ձեր փայլող աստղերը պիտի լուսաւորեն անոնց սրտերն ու հոգիները, եւ պատիւ պիտի բերէք Վահան Թէքէեան Վարժարանին»:
Ան իր խօսքին աւարտին աւելցուց ըսելով. «Այսօր, Թէքէեան Վարժարանը յոյսով ու հաւատքով գօտեպնդուած ճամբայ կը դնէ ձեզի: Ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ անկարելի է մոռնալ այս դպրոցը, հետեւաբար, երբ օր մը վերադառնաք ու այցելէք այս ուսման օճախը, որուն շուրջ ձեր մանկութեան ու պատանեկութեան օրերը անցուցիք, ձեր ճակատէն ցոլացող ճառագայթը թող ըլլայ նման այն շողին, որ ցոլքն է այս հաստատութեան առաստաղէն կախուած Լուսաւորչի կանթեղին:
Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը իր լրումին կը հասնի եւ շրջանաւարտները հանդիսաւոր ու յաղթական քայլերով կ’իջնեն բեմէն: Այնուհետեւ ուրախութեան մթնոլորտը կը շարունակուի, ուր գովասանքի ու անկեղծ շնորհաւորական խօսքեր կը փոխանցուին վարժարանիս տնօրէնուհիին եւ ուսուցչակազմին:
Բարի երթ ու փայլուն ապագայ մեր շրջանաւարտներուն: Վարձքը կատար բոլորին: