Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միասնական Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգի ստեղծումով, Հայաստանը իր ՀՕՊ ուժերուն հետ մէկտեղ, տարածաշրջանային հակաօդային խնդիրները իրականացնելու համար՝ պիտի օգտագործէ նաեւ Ռուսիոյ ՀՕՊ ներուժը: Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան միաւորուած տարածաշրջանային համակարգ ստեղծելու մասին» Համաձայնագիրը ստորագրուած է 2015 թուականի 23 Դեկտեմբերին:
«Այդ համաձայնագիրով մենք պիտի կարենանք տարածաշրջանային հակաօդային խնդիրները իրականացնելու համար օգտագործել, օրինակ Ռուսաստանի Դաշնութեան 4-րդ սերունդի բազմագործունեայ կործանիչները, Ս-300 համակարգերը, ոչ միայն ՀՕՊ, այլեւ հակահրթիռային հնարաւորութիւններ: Օգտագործել լայն հնարաւորութիւնները ռատիոդիրքային, օդային հետախուզութեան շրջանակներու մէջ», պարզաբանած է Օհանեան, Հանրային հեռուստաընկերութեան յղումով, կը գրէ Aysor.am-ը:
Պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձած է հասարակութեան մօտ եղած գլխաւոր մտահոգութեան` կապուած միասնական ՀՕՊ-ի ղեկավարման հետ.
«Կը վերահաստատեմ` թէ′ խաղաղ պայմաններու մէջ եւ թէ′ մարտական գործողութիւններու ժամանակ, Հայաստանի հատուածի ՀՕՊ կիրառումը պիտի իրականացնէ Հայաստանի ՀՕՊ եւ օդանաւային հրամանատարութիւնը: Հրամանի անհրաժեշտութեան պարագային ան պիտի արձակէ Հայաստանի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապն ու ՀՕՊ եւ օդանաւային վարչութիւնը` առանց վերապահումներու», շեշտած է Օհանեան: