Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Հայաստանի դիւանագէտները բարձրաձայնած են՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու մասին
Ըստ «Արմէնփրես»-ի ՄԱԿ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան ելոյթ ունեցած է՝ Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի 32-րդ նստաշրջանի ընթացքին:
Ան յիշեցուցած է Ազրպէյճանի մէջ ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան ակնյայտ դրսեւորումներու մասին, որոնք վերջերս փաստագրուած են Ռասիզմի եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի (ECRI) ու Ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման հարցերով ՄԱԿ-ի յանձնաժողովին կողմէ: Դիւանագէտը նշած է, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները պարբերաբար կը յայտարարեն, թէ իրենց երկիրին մէջ կը բնակին 30 հազար հայեր, մինչդեռ 2009 թուականին տեղի ունեցած մարդահամարի տուեալներով, Ազրպէյճանի մէջ միայն 306 մարդիկ կը բնակին, որոնք հայկական ծագում ունին:
«Բազմաթիւ դէպքեր կան, երբ երրորդ երկիրի քաղաքացիներուն, որոնք ունին հայկական ազգանուն, կ՛արգիլեն մուտք գործել երկիիր, կը պահեն օդանկայաններու մէջ, ապա ետ կ՛ուղարկեն: Ի՞նչ է այդ, եթէ ոչ խտրականութեան ու ցեղապաշտութեան ժամանակակից դրսեւորում, Տուրպընի հռչակագիրի եւ Ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր դրսեւորումներու վերացման մասին պայմանադրութեան (կոնվենցիայի) խախտում», նշած է Մարգարեան` յորդորելով ազրպէյճանական պատուիրակութեան զերծ մնալ յանձնաժողովի ծիրէն ներս ատելութեան նոր դրսեւորումներէ:
Խօսելով Թուրքիոյ մասին դիւանագէտը յիշեցուցած է, թէ ինչ անհանդուրժողականութիւն կը տիրէ այդ երկիրին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն ճանչցող հայերու եւ թուրքերու նկատմամբ: «Այժմ հասած ենք վիճակի մը, երբ թրքական ծագում ունեցող քաղաքական գործիչները այլ երկիրներու մէջ, որոնք կը համարձակին ընդունիլ Ցեղասպանութիւնը կամ քուէարկել անոր աւելի շատ ճանչնալու օգտին, կը պիտակաւորուին, Թուրքիոյ բարձրագոյն իշխանութիւնները անոնց կոչ կ՛ընեն արեան փորձաքննական հետազօտութիւն կատարել: Մարդց բնորոշումը իրենց արեան բաղադրիչով ոչ այլ ինչ է, քան ցեղապաշտութեան եւ ճտարատեացութեան (քսենոֆոպիայի) դրսեւորում», ըսած է Հայաստանի ներկայացուցիչը` անհրաժեշտ համարելով քննարկել խնդիրը ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի ծիրէն ներս: