*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Կ’ապրինք իրավիճակ մը, զոր դժուար է բնութագրել:
Տուն մը կ’ունենաս, ու անոր մասին չես հարցներ, կ’անտեսես անոր հիմնահարցերը, չես յարգեր անոր բնակիչներն ու անոնց իրաւունքները, մինչ անոնց ճակատագիրը Աստուծոյ ձգուած է… ու հոն ոչ մտնողը յայտնի է, ոչ ալ ելլողը…:
Դրամներդ կը վատնես ո՛չ զայն շէնցնելու, եւ ո՛չ ալ անոր բնակիչներուն վիճակը բարելաւելու համար, ականջ չես տար անոնց կարիքներուն, եւ կամ լաւագոյն պարագային՝ հացի փշրանքով ու քիչ մը փոշիով կը խաբես զիրենք:
Առիթ չես խնայեր գողնալու անոնց ունեցուածքները: Տանդ դուռն ու պատուահնները ամէն անցորդի դիմաց բաց կը ձգես, եւ անոր սահմանները չգծելովդ՝ առիթ կու տաս, որ աւելի մեծ տուն ունեցողները՝ դառնան անոր ու քու ճակատագրիդ տէրը:
Իսկ, երբ յանկարծ փորձանք մը կը պատահի եւ տունդ տակն ու վրայ ըլլայ, կը սկսիս յանցաւորներ փնտռել, ու տանդ անդամներուն ցաւակցիլ եւ այսպէս քանի մը շաբաթներ, մինչեւ որ դարձեալ մոռնաս ու վերադառնաս նախորդ կենցաղիդ, մինչեւ, որ յետոյ դարձեալ փորձանք մը պատահի ու դուն դարձեալ այդ փորձանքը դատապարտես եւ ազգային սուգ հռչակես կամ յանկարծ տունդ ու անոր անդամները սիրելու ելլես եւ անոնց գուրգուրաս՝ «Թուիթըր»ի գրառումներովդ: Մինչ այդ տանդ անդամները «Ֆեյսպուք»ի էջերը կը լեցնեն լաց ու կոծի կամ մոմերու եւ տան այսինչ անդամին զօրակցութեան նկարներով, փոխանակ ի մի գալով խերդ անիծելու եւ քեզ տան պատուհանէն դուրս շպրտելու…: