«Թուրքիոյ հետ կապուած` (Հայաստանի) նախագահը իր ողջոյնի խօսքին մէջ շատ յստակ ըսաւ, ան խիզախութիւն ունէր ատիկա ըսելու` եկէք գանք համաձայնութեան, ներենք զիրար եւ նայինք ապագային: Եւ սա մեծ խիզախութիւն է ժողովուրդի մը համար, որ այդքան շատ տառապանք տեսած է, այնպէս չէ՞», – ըսած է ֆրանչիսկոս պապը Հայաստանէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն:
Ի թիւս բազում այլ թեմաներու Պապը խօսած է եռօրեայ այցէն ստացած իր տպաւորութիւններուն, դէպի Ատրպէյճան եւ Լեհաստան գալիք այցելութիւններուն, քրիստոնէական միութեան, եկեղեցւոյ վերափոխման եւ նախկին պապ Պենետիկտոս 16-րդի դերին մասին:
Հայաստան կատարած եռօրեայ ուխտագնացութենէն ստացած տպաւորութիւններուն եւ ապագայի վերաբերեալ տեսլականին մասին հարցումին ի պատասխան Սրբազան Քահանայապետը ըսած է. «Եկէք մտածենք ապագայի մասին, յետոյ կու գանք անցեալին: Ես լիայոյս եմ հայերու համար արդարութեան եւ խաղաղութեան համար եւ ես կ՛աղօթեմ ատոր համար, քանի որ անոնք խիզախ ժողովուրդ են: Ես կ՛աղօթեմ, որպէսզի անոնք գտնեն արդարութիւն եւ խաղաղութիւն: Ես գիտեմ, որ շատերը կ՛աշխատին այս ուղղութեամբ, եւ նախորդ շաբաթ ես շատ ուրախ էի տեսնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն նկարը նախագահ Փութինի հետ միասին… անոնք գոնէ կը խօսին իրարու հետ:
«Նաեւ Թուրքիոյ հետ կապուած` (Հայաստանի) նախագահը իր ողջոյնի խօսքին մէջ շատ յստակ ըսաւ, ան խիզախութիւն ունէր ատիկա ըսելու` եկէք գանք համաձայնութեան, ներենք զիրար եւ նայինք ապագային: Եւ սա մեծ խիզախութիւն է ժողովուրդի մը համար, որ այդքան շատ տառապանք տեսած է, այնպէս չէ՞:
«Ատիկա հայ ժողովուրդին խաչն է: Ես այս մտքին եկայ, երբ կ’աղօթէի… Ժողովուրդ մը, որ տառապած է այդքան իր պատմութեան ընթացքին եւ միայն հաւատքը զինք կանգուն պահած է… Միայն առաջին քրիստոնեայ ազգ ըլլալը բաւարար չէ: Անոնք առաջինը ընդունած էին քրիստոնէութիւնը, որովհետեւ Աստուած օրհնած է այդ ժողովուրդը…»:
«Հիմա կ’անդրադառնամ ձեր առաջին հարցումին: Ես յաճախ հայերու հետ միասին կ’երթայի պատարագներու: Միայն մէկ բան, որ ինձ սովորաբար հաճելի չէր գար այդ պարագային, բայց իրենց հետ ես կ’երթայի՝ ընթրիքներն էին, եւ բաւական ծանր (ուտելիքներիով առատ – Panorama.am) ընթրիքներ:
«Բայց անոնք շատ լաւ ընկերներ են:
Առաքելական կամ կաթոլիկ եկեղեցւոյ մաս ըլլալէն աւելի կարեւորը «արմենիզմն» է, եւ ատիկա ես հասկցայ այն ժամանակ»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ 24 Յունիսին Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանչիսկոս պապ հանդէս եկած էին յայտարարութիւններով, ուր երկրի ղեկավարը, մասնաւորապէս, ըսած էր. «Մենք մեղաւորներ չենք փնտռեր, մենք մեղադրանքներ չենք սփռեր, պարզապէս կը ցանկանք, որ իրերը իրենց անունով կոչուին, ինչ որ թոյլ կու տայ երկու հարեւան ժողովուրդներուն, ճանչնալով անցեալը, ներողամտութեամբ ու մաքուր խղճով շարժուիլ դէպի իրական հաշտութիւն եւ համատեղ բարեկեցիկ ապագայ»:
Հռոմի Պապը Հայաստան Այցելութենէն Ետք Խոստացած է Ատրպէյճանցիներուն Պատմել Այն Ճշմարիտին Մասին, որ Տեսած է Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստան այցելութենէն ետք խոստացած է ատրպէյճանցիներուն պատմել այն ճշմարիտին մասին, որ տեսած է:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հայաստանէն Վատիկան վերադառնալու ճանապարհին Պապը պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն` ի թիւս այլոց անդրադառնալով նաեւ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ուղղուած հաշտեցման կոչին: Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ ինչ պիտի ըսէ ան Ատրպէյճանին, երբ շաբաթներ անց այցելէ այդ երկիր:
«Ես պիտի խօսիմ ատրպէյճանցիներու հետ այն ճշմարիտին մասին, որ տեսած եմ, անոր մասին, ինչ զգացած եմ, եւ ես նաեւ պիտի քաջալերեմ զանոնք: Ես պիտի ըսեմ ձեզ հետեւեալը` փոքրիկ հողակտորի մը համար խաղաղութիւն չհաստատելը, որովհետեւ ատիկա մեծ խնդիր չէ, մութ բան մը կը նշանակէ, այնպէս չէ՞: Սակայն ես կ՝ըսեմ բոլոր հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն. հաւանաբար անոնք չեն կրնար համաձայնութեան գալ խաղաղութեան հասնելու ուղիներու հարցով, եւ այս խնդիրին շուրջ անոնք պէտք է աշխատին: Սակայն ես չեմ գիտեր, թէ ալ ինչ ըսել… Այս պահուն ատիկա կը բխի իմ սրտէն` միշտ դրականօրէն փորձել գտնել կենսական լուծումներ, որոնք առաջ կը տանին»,- ըսած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը: