Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Խմբագրատանս մէջ – Վատիկանի Հայկական Դրոշմաթուղթերը. Հանդիպում Պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեանին Հետ

Հռոմի Պապի դէպի Հայաստան Ուխտագնացութեան  նախօրէին, որուն պիտի մասնակցին նաեւ մեծաթիւ սփիւռքահայեր, որոնց շարքին կարեւոր թիւ մը Լիբանանէն, պատեհ առիթը ունեցանք օրուան խորհուրդի կապակցութեամբ, «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ հանդիպելու լիբանանահայ իրականութեան մէջ ծանօթ ազգային եւ Կաթողիկէ համայնքի գործունեայ անդամ Պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեանին հետ: Օգտուելով Պրն. Ումուտեանի՝ դրոշմաթուղթերու աշխարհին  մօտէն ծանօթ ըլլալու հանգամանքէն, զրոյց մը վարեցինք անոր հետ՝  պատմութեան մէջ Վատիկանի կողմէ լոյս ընծայուած հայկական նիւթերով դրոշմաթուղթերու մասին:

Այս առընչութեամբ Պրն. Ումուտեանէն իմացանք, որ Երջանկայիշատակ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս-Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի կողմէ, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին ներկայացուած են երեք խնդրանքներ՝

scan 1

Ա) Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակի առթիւ դրոշմաթուղթերու հրատարակութեան փափաք:

Բ)  Նոյն յիշատակին առթիւ Ս. Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ:

Գ) Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւն:

Պրն. Ումուտեան տեղեկացուց, որ նախկին Պատրիարքին կողմէ կատարուած առաջին խնդրանքը, Վենետիկի Դրոշմատան գիտութեան դրամագիտային գրասենեակի կողմէ մերժուած էր զանազան պատճառներով:

scan 2

Այս մասին Պրն. Ումուտեան մանրամասնելով պարզեց, ըսելով՝ «Պատրիարքի մերժուած առաջարկը աւելի ուշ դարձեալ հետապնդեցինք, ներկայացնելով 100 ամեակին պատշաճող հայկական թեմաներ: Առաջարկուած տարբեր թեմաներէն՝  էջմիածին, Անթիլիաս, Կաթողիկէ պատրիարքարան եւն., յանգեցանք յարմարագոյն տարբերակին եւ յաջողեցանք երկու դրոշմաթուղթերու հրատարկութեան տեղ տալ: Անոնցմէ առաջինը՝ Մալոյեան սրբազանի Սրբապատկերի կրող դրոշմաթուղն էր, նկատի ունենալով անոր նահատակուած եւ սրբադասուած հոգեւորականի հանգամանքը, որ մեծապէս կ’առընչուի  հարիւրամեակի առիթին: Իսկ երկրորդ ընտրութիւնը եղաւ Ս. Գրիգոր նարեկացիի պատկերը կրող դրոշմաթուղթը, հաշուի առնելով անոր տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ ըլլալը, ինչպէս նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ անոր ունեցած մեծ նշանակութիւնը»: Պրն. Ումուտեան նաեւ նշեց, որ Մալոյեան սրբազանի պատկերի հեղինակը եղած է լիբանանահայ քանդակագործ եւ նկարիչ Ռաֆֆի Ետալեանը, իսկ Նարեկացիի պատկերի համար ընտրուած էր Վենետիկի Մխիթարեաններու վանքին մատրան խորանին առաջ՝ կամարի գագաթին գտնուող Նարեկացիին խճաքարի օրինակը:

Այնուհետեւ, Պրն. Ումուտեան անդրադառնալով դրոշմաթուղթերու նիւթական արժէքին եւ տպաքանակի մասին, յայտնեց, որ  դրոշմաթուղթերէն իւրաքանչիւրի արժէքը կը կազմէ 2 եւրօ, անոնց տպաքանակն է՝  իւրաքանչիւրէն  100,000 օրինակ: Ան նաեւ նշեց, որ  դրոշմաթուղթերէն առաջինը պատրաստ եղած էր 2 Սեպտեմբեր 2015-ին, ուր բացի դրոշմաթուղթէն՝ պատրաստուած էին նաեւ նամակի պահարաններ:

scan 3

Պրն. Ումուտեան զրոյցի ընթացքին կարեւոր համարեց, բացի դրոշմաթուղթի հրատարակութեան իրականցումէն,  նշել նաեւ բոլոր այն միջոցառումներու, որոնք նուիրուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակին, այդ շարքին մէջ ան անդրադարձաւ Վատիկանի մէջ մատուցուած պատարագին, նահատակներու Սրբադասուման կարգին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ  համաշխարհային մակարտակի վրայ  կատարուած  ոգեկոչման: «Նման բարձրամակարդակ նշումներու կողքին, հարիւրամեակի համայնքային յանձնախումբը միշտ ի մտի ունեցաւ  անպայմանօրէն Վատիկանի կողմէ հարիւրամեակին նուիրուած  դրոշմաթուղթի հրատարակման գործը  յաջողցնելը»,-  շեշտեց Պրն. Ումուտեան, աւելցնելով, որ  «այս գործին գլուխ բերելը եւ գործնականի անցնիլը երկու տարուան աշխատանք պահանջած էր» :

Պրն. Ումուտեան նաեւ նշեց, որ Վատիկանի կողմէ նման նախաձեռնութիւնը աննախադէպ չէր, այս կապակցութեամբ ան յիշեցուց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 90 ամեակի առթիւ նոյնպէս՝ Արժանթին մէջ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Քահանայապետին պատկերը եւ « 24 Ապրիլ 2015 – 90 տարի Հայոց Ցեղասպանութեան» գրութիւնը կրող նամակի պահարաններ տպուած էին: «Կը տեսնենք, թէ  ինչպէս Ֆրանչիսկոս քահանայապետը, Արժանթինի Քարտինալ եղած օրերէն, որքան մօտիկութիւն ունէր հայոց նկատմամաբ»,- մեկնաբանեց Պրն. Ումուտեան, շեշտելով, որ Վատիկանի դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյին մէջ հայկական թեման յաճախ տեղ գրաւած է, ինչպէս օրինակ  հայ ժողովուրդին քրիստոնեայ դառնալու 1700 ամեակի առթիւ՝ Վատիկանի կողմէ տպուած դրոշմաթուղթը»:

Scan 4

Այնուհետեւ, մեր կողմէ՝ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն Հայաստանի մէջ ընդունուելու 1700 ամեակի առթիւ տպուած դրոշմաթուղթի վերաբերեալ մանրամասնութիւններ պարզաբանելու խնդրանքին, Պրն. Ումուտեան  կապակցութեամբ Պրն. Ումուտեան պատասխանեց. «Քրիստոնէութիւն ընդունելու 1700 ամեակի նուիրուած առաջին հրատարակութիւնը եղաւ հայոց Տրդատ թագաւորին մկրտութեան պատկերը կրող նամակի պահարանը, որ տպուած էր 15 Փետրուար 2001-ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ՝ հայոց ծիսակարգով մատուցուած պատարագէն օրեր առաջ»:

Ան նաեւ նշեց, որ Վատիկանի մէջ  1700ամեակէն ետք նոյնպէս նամակի պահարան եւ դրոշմաթուղթ մը տպուած էր՝ Յովհաննէս-Պօղոս քահանայապետի Հայաստան այցելութեան առթիւ, որ տպուած էր 21 Նոյեմբեր 2002-ին:

Պրն. Ումուտեան հայկական թեմաներով վատիկանեան հրապարակումներու աւելի հին օրինակներ յիշելով, յայտնեց՝ «Եթէ աւելի ետ ուզենք երթալ, կրնանք օրինկա բերել 1973-ին, Ներսէս Շնորհալիի մահուան 800-ամեակին առթիւ եղած հրատարակութիւն՝ Պօղոս Զ. Քահանայապետին գահակալութեան օրերուն»:

Scan 6

 

Պրն. Ումուտեանին հարց տուինք, թէ ասոնցմէ առաջ այս գծով բան մը չէ՞ եղած:

Պրն. Ումուտեան հայկական թեմաներ կրող օտար հրապարակումներու պատկերը ամբողջական ներկայացուցած ըլլալու միտումով, աւելցուց, որ բացի Արժանթինէն՝ Լիպերիոյ, Իսրայէլի եւ Խորհրդային Միութեան տարածքներուն նոյնպէս եղած են նման օրինակներ, «բայց ամենաշատը, ըստ երեւոյթին, Խորհրդային Միութիւնը ըրած է» եզրակացուց ան:

Խօսքի աւարտին , դարձեալ անդրադառնալով հարիւրամեակի առթիւ տպագրուած դրոշմաթուղթերուն, Պրն. Ումուտեան կարեւոր նկատեց աւելցնել, որ Մալոյեան սրբազանի դրոշմաթուղթի պատկերը՝ 12 Ապրիլին Վատիկանի մէջ մատուցուած պատարաքէն ետք, գեղանկարիչ Ռաֆֆի Ետալեանի ձեռքով  նուիրուեցաւ  սրբազան քահանայապետին:

Զրոյցի աւարտին Պրն. Ումուտեան առաջարկ մը ըրաւ, «Հարիւրամեակի առթիւ տպուած դրոշմաթուղթեր» խորագրով յօդուած մը հրապարակելու, զայն համարելով օգտաշատ աշխատութիւն մը:

Շնորհակալութիւն Պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեանին այս շահեկան հանդիպման ու փոխանցած կարեւոր տեղեկութիւններուն համար, որով կարելի պիտի ըլլայ հարստացնել «Զարթօնք»ի ընթարցողներու այս գծով տեղեկացուածութիւնը, մանաւանդ՝ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Հայաստան կատարելիք պատմական ուխտագնացութեան առաջին օրուան առիթով։

Խմբ.

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին