*ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ (ԼԵՒՈՆ ՆԺԴԵՀ)*
Ելլելով կարծիքի ազատ արտայայտութեան մեր սկզբունքէն, տեղ կու տանք մեր հայրենակիցին սոյն գրութեան ամբողջական հրապարակումին (ըստ իր խնդրանքին), ոչ անպայմանօրէն կիսելով հոն արտայայտուած բոլոր միտքերը եւ անոնցմէ որոշներու պարագային ալ ունենալով մեր վերապահութիւնները։
«Խմբ.»
Սիրելի հայրենակիցներ,
Զարմանալիօրէն, կարծէք թէ սոյն մոլորակի եւ մասնաւորապէս՝ Մերձկովկասեան եւ Մերձաւոր Արեւելեան երկիրներու բնակիչները չենք, երբ տնտեսա-քաղաքական համաշխարհային ճգնաժամը նոր ռազմավարական գործընթացներ կը թելադրէ մոլորակի ողջ մարդկութեան, եւ նաեւ հայոց, որպէս մէկ փոքրիկ մասնիկը այս յակինթ-գունդին: 1994 թուականի զինադադարէն ետք չկրցինք նուազագոյնը մեր վաղեմի եւ հնագոյն ապրելափորձով ու կուտակուած գիտական ներուժով, ոչ միայն տնտեսական մագնիսի վերածել մեր Հայրենիքը, այլեւ զայն օր ըստ օրէ ամայացուցինք եւ հեռացուցինք միջազգային տնտեսա-քաղաքական եւ գիտա-կիրառական կենսոլորտէն…: Համաշխարհային ոյժանիւթի նոր քարտէզին վրայ դարձանք անտեսանելի տարածք մը: Ապա եւ սուրիական ճգնաժամին ու արիւնաքամ պատերազմին ազգովին խարխաբեցանք՝ մինչեւ, որ կորսնցուցինք մեր ազգային դարպասը՝ սուրիահայութիւնը. մինչ Թուրքիան, նոյն տարածքին մէջ ձեռք ձգեց թիւրքմէնական զինեալ դաշնակից մը եւ մարդկութեան ամէնէն յետադէմ իսլամական արմատական անմարդկային եւ ազդու զինեալ կազմակերպութիւններ (նաեւ «պետութիւն») … ինչպէս նաեւ դարձաւ տարածաշրջանային այն երկիրը, որ սկսաւ ցնցել Եւրոպայի ազգային ապագան եւ դառնալ ապագայ Ռուսական (Սիպիրեան) ուժանիւթի լայնածաւալ տարածքի թուրանական վահանակի բռնակը՝ ընդդէմ հասակ առնող Չինական վիշապին…:
Մեր քաղաքական անկարողութիւնը մեր հնամենի Հայրենիքը վերածեց աննշան կռուախնձորի մը: Պարզապէս ժամանակի քմահաճոյքին ձգեցինք Տիարպէքիրի (1639), Գիւլիստանի (1813), Թիւրքմէնչայի (1828), Ադրիանապոլսոյ (1829), Փարիզի (1856), Պերլինի (1878), Պրեսթ Լիթովսքիի (1918), Փարիզի (1919), Սեւրի (1920) եւ այլ պայմանագրերու եւ վեհաժողովներու, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ 1994 թուականի Մայիս 12-ի հրադադարի ստորագրման ու անոր յաջորդող բանակցութեանց կարեւորութիւնն ու բացասական անդրադարձը՝ մեր տեսակի գոյընթացի վրայ…, որովհետեւ ցաւօք սրտի իր անժամանակավրիպութեան պատճառով, պիտի մէջբերեմ 11-րդ դարու պատմիչ Արիստակէս Լաստիվերցիի «Պատմութիւն» երկի առաջին իսկ տողերը՝
Մեզի չարչարանքներու օրեր հասան,
Մեզի անպատում նեղութիւններ գտան,
Որովհետեւ մեր մեղքերու չափը լեցուելով՝ թափեցաւ,
Եւ վեր բարձրացաւ աղաղակը մեր Աստծու առջեւ,
Ամէն մարդ եղծեց իր ճանապարհը,
Ու երկիրն անօրինութեամբ լեցուեցաւ,
Արդարութիւնը սաստիկ նուազեցաւ,
Անառակութիւնն աճեցաւ-բազմացաւ,
Ժողովուրդը եւ քահանան դրժեցին Աստծուն:
Այդ պատճառով ալ օտար ազգերը
Օտարացուցին մեզի մեր բնաշխարհէն…։
Նոյնիսկ քառօրեայ պատերազմը, որ ահազանգային փորձութիւն մըն էր մեր պետականութեան ամրապնդման եւ ազգային համախմբման համար, համազգային պոռթկումի մը ակնթարթի վերածուեցաւ եւ քարացաւ…: Իւրաքանչիւր հայ մարդ, քաղաքացի եւ քաղաքական գործիչ անգամ մը եւս իւր որկորը մերսելու մարմաջին անցաւ, պատմութեան աղբարկղին մէջ նետելով սոյն ահազանգը, իսկ պետական այրերը ոչ միայն մոռցան արտաքին վտանգն ու անոր պատճառած արհաւիրքները, այլեւ ազրպէյճանական վտանգին հետ «եղբայրաբար» բանակցութիւնը շարունակելուն զուգընթաց, հայրենի բանտախցիկները հարստացուցին քաղաքական բանտարկեալներով՝ մոռնալով, որ քաղաքական բազմազանութիւնը կը հարստացնէ հասարակութեան ուժն ու ազգային ներքին եւ արտաքին քաղաքական ճկունութեան դաշտը… եւ վստահաբար կը վախցնէ միայն տկարները…:
Փոքրիկս այսօր ցաւագին կ’ահազանգէ ի լուր համայն հայութեան՝ «Արթննանք մեր նիրհէն, որպէսզի մեր յաջորդները իրենց մատներով Կարմիր Գիրքին մէջէն չթերթեն ՀԱՅ անունը»: