* ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ*
Ճուլիա Պերկամալեան Սթամպուլի մէջ կ’ապրի, ուր հայեցի կրթութիւն ստանալու համար` «Հրանդ Տինք» հայկական վարժարան կը յաճախէ: Խօսելով դպրոցական օրերուն մասին` Ճուլիան «Հայերն Այսօրի» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ , որ հետաքրքրական առօրեայով կ’ապրի, ժամանցը ապահովելու համար շաբաթ եւ կիրակի օրերը աշակերտներով պտոյտներու կ՛երթան, որմէ ետք նոր լիցքով կը շարունակեն կրկին դպրոց յաճախել:
«Արի տուն» ծրագիրին մասին միշտ լսած է, գիտէ, որ ան կը նպաստէ հայրենասիրութեան ամրապնդման ու Հայաստանը նորովի ճանչնալու:
Ժամանակի ընթացքին ծրագիրի մասին միշտ համակարգիչի միջոցով տեղեկութիւններ ստացած է: Անոր հետաքրքրած է յատկապէս ճամբարային օրերն ու այն պարագան, որ սփիւռքահայ երիտասարդները հիւրընկալ ընտանիքի հետ կը բնակին: Այդ բոլորէն խանդավառուած` դիմած է ծնողներուն, որ այդ ծրագիրին մասնակցելու համար քայլեր ձեռնարկեն, որպէսզի անոր մասին լիարժէք պատկերացում կազմէ:
Գալով Հայաստան նկատած է, որ մէկ տարուան ընթացքին (2015 թուականի ամրան նոյնպէս այցելած է), բաւական փոփոխութիւններ եղած են, նոր շինութիւններ ու ժամանցի վայրեր տեսած է, որ անոր շատ ուրախացուցած է:
Զարգացած, յառաջադէմ, առաւել մրցունակ Հայաստան ունենալը Ճուլիայի երազանքն է: Կը կարծէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր աշխատանքով, ձեռնարկած քայլերով պէտք է նպաստէ մեր պետութեան յառաջընթացին: Ամէնէն շատ կը ցանկայ, որ հայ ժողովուրդը խաղաղ, ապահով երկինքի տակ ապրի եւ անոր հետ ոչ մէկ դժբախտութիւն չպատահի:
Ճուլիան խօսելով հիւրընկալ ընտանիքին մասին հետեւեալը ըսաւ. «Սկիզբը մտավախութիւն ունէի, թէ հիւրընկալ ընտանիքը ինչպէս պիտի ընդունի ինծի, արդեօք կրնա՞նք մտերմանալ: Սակայն կասկածներս փարատեցան, երբ այդ ընտանիքի ջերմ ու անկեղծ վերաբերմունքին արժանացայ: Ընտանիքի մայրն ու հայրը` Թաթիանան եւ Արքատին մէկ անգամէն ծանօթացուցին իրենց դուստրին հետ, որ իմ տարիքս է: Ծանօթութեան առաջին վայրկեաններէն ոչ միայն մտերմացանք, այլ նաեւ լաւ ընկերներ դարձանք», ըսաւ Ճուլիա Պերկամալեան: