Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Լիբանանահայութիւնը Երախտիք Յայտնեց Գերմանիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ընդունման Առիթով

13 Յունիս 2016-ին, Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան Պունտեսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին առիթով:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի, Գերմանիոյ եւ Յունաստանի դեսպանները, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Լիբանանի հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդներ, նախկին եւ ներկայ նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պետական պաշտօնեաներ, ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու ղեկավարներ եւ հայրենակիցներ:

Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի անունով ելոյթ ունեցաւ Սալբի Սիմիթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու համար:

Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեան կարեւոր համարեց այսպիսի ձեռնարկի մը կազմակերպումը, որովհետեւ ան առիթ մըն է յայտնելու հայութեան երախտագիտութիւնը Գերմանիոյ՝ անոր խորհրդարանի հայանպաստ որոշումին առընչութեամբ:

Դեսպանը մէջբերեց Գերմանիոյ ղեկավարութեան ուղղուած՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը, ուր այս ճանաչումը որակուած էր որպէս պատմական իրադարձութիւն:

Դեսպան Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ նաեւ աւելցուց, որ Գերմանիան իր բարձր բարոյական կեցուածքով, ի ցոյց դրաւ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործութեան անժամկէտ բնոյթը, անոր պատմական իրողութեան անհերքելիութիւնը, միջազգային ճանաչումին շարունակականութիւնը եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դատապարտելիութիւնը: Ան անընդունելի համարեց թրքական իշխանութիւններու կանխատեսելի, սակայն միանշանակ մերժելի արձագանգը եւ գործելաոճը։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանը, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցաւ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան՝ սոյն գնահատանքի ձեռնարկին համար եւ նշեց, որ իր երկրի այդ քայլը ուղղուած չէր Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին դէմ: Ան շեշտեց սեփական պատմութեան առերեսուելու հրամայականը, 1915-ի իրադարձութիւններուն Գերմանիոյ մեղսակցութեան հանգամանքը, ցեղասպանութիւններու ճանաչումի եւ դատապարտումի կարեւորութիւնը՝ որպէս այդ ծանրագոյն յանցագործութեան կանխումի միջոց, «այլեւս երբեք» կարգախօսով։ Մարթին Հութ վերահաստատեց Գերմանիոյ պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու հայ եւ թուրք ժողովուրդներու երկխօսութեան, որպէսզի ձեռք բերուի հաշտութիւն ապագայ սերունդներու միջեւ ու այլեւս անոնց որդիներու ինքնութիւնը  Ցեղասպանութեան զոհի կամ իրագործողի բարդոյթով չ’որոշուի ։

27039792794_53426d4a7e_z

27039805964_4a065b422a_z

27039811754_eb05146849_z

27039818124_593ac5e914_z

27373066380_9e18a93542_z

27577319011_318e35e0b5_z

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին