*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ըստ քաղաքական-ընկերաբան Մաքս Վէպըրի քաղաքական տեսութեան, պետութիւն մը «յաջող» կը սեպուի՝ երբ իր սահմաններէն ներս օրինական ուժ բանեցնելու մենաշնորհը կ’ունենայ: Սակայն երբ պատերազմի իշխաններու, միլիսներու կամ ահաբեկչական խումբերու գոյութեամբ եւ այլ պատճառներով տուեալ երկիրը զուրկ կը դառնայ օրիական ուժ բանեցնելու իրաւունքէն, այդժամ անոր պետութեան տարրական գոյութիւնը հարցական կը դառնայ եւ հետեւաբար կը վերածուի «Ձախող պետութեան» մը:
Նոյն՝ տեսութեան եւ միջազգային հանրագիտարաններու համաձայն՝ վերոյիշեալ վիճակի պատճառով, պետութիւնը անկարողութեան մատնուած կ՛ըլլայ եւ կարելիութիւնը չունենար օրէնք գործադրելու, իր քաղաքացիներուն կենսական պէտքեր ու ծառայութիւններ մատուցելու ՝ երկիրի տարածքէն ներս ոճրագործութեան քանակի աճի, քաղաքական եւ ընկերային ծայրայեղ փտածութեան, դատական իշխանութեան կաշառակերութեան, քաղաքական եւ զինուորական ուժերու դատական իշխանութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան, գաղթականներու գոյութեան, երկիրի բնակչութեան ակամայ տեղափոխութեան (ըլլայ տեղաշարժ թէ արտագաղթ) եւ տնտեսական անկումի պատճառներով, ուր աւանդական աւատապետեր, առաջնորդներ եւ կրօնական թէ այլ համայնքապետեր, երկրին շրջաններուն վրայ աւելի բարձր իշխանութիւն կ’ունենան՝ քան ինքնին պետութիւնը:
«Ձախող պետութիւններու» հասարակ յայտարար յատկանիշներէն է նաեւ որոշումներ կայացնելու անկարող կեդրոնական կառավարութեան տկարութիւնը:
Հիմա դուն ինծի ըսէ՛ սիրելի ընթերցող, վերի յատկանիշներն ու «Ձախող պետութեան» մակդիրը շատ ծանօթ չէ՞ քեզի…: Շա՜տ հեռուները կամ Ափրիկէ երթալու պէտք չունինք՝ նման երկիր մը գտնելու համար…:
Կը մնայ մտածել, միթէ միջազգային ընտանիքը նման պարագաներու՝ օրինական եւ բարոյական պարտաւորութիւնը չունի՞ միջամտելու եւ փրկելու քաղաքացիները կամ ինչ որ մանցած է անոնցմէ…: