Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

«Հայկական Աշխարհը Համացանցէն Ներս» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով Երեւանի Մէջ

Ինչպէս ամէն տարի,  ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը այս տարի եւս կը կազմակերպէ գիտաժողովներ, որոնք առաւելաբար կը միտին Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, Սփիւռքի ներուժը համակարգելու եւ Հայաստանի զարգացման նպաստելու։

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ու Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէի գործակցութեամբ, 2016թ. Օգոստոս 25-26 պիտի կազմակերպուի «Հայկական աշխարհը  համացանցէն ներս» խորագիրով գիտագործնական միջազգային գիտաժողով:

Գիտաժողովին պիտի մասնակցին՝  ՀՀ, ԼՂՀ եւ Սփիւռքի գիտակրթական, մշակութային, լրատուական, գրադարանային ծիրին առնչուող կառոյցներու, կազմակերպութիւններու համացանցային հարթակներուն  ներկայացուած կայքերու, սընկերային ցանցերու եւ  այլ պատասխանատու ներկայացուցիչներ։

Մասնակցութեան դիմումները կ’ընդունուին մինչեւ սոյն թուականի Յունիս 15:

Գիտաժողովը պիտի ընթանայ երկու ուղղութիւններով.

  • «Հայկական աշխարհըհամացանցի գիտակրթական հարթակին»:
  • «Տեղեկատուական անվտանգութեան մարտահրաւէրները համացանցէն ներս»:

Գիտաժողովի հիմնական գործածական լեզուներն են հայերէնը, ռուսերէնը եւ անգլերէնը:

Գիտաժողովի ամփոփումներն ու զեկոյցները լոյս պիտի տեսնեն առանձին ժողովածուի տեսքով:

2015 թուականին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յիշարժան գիտաժողովներէն են՝ «Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն», «Հայ կինը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ», «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» եւ այլն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին