Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

Գետի Վրայ Նաւային Մեր Երկրորդ Պտոյտը

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*

Անցեալ տարի Տանուպ գետի վրայ նաւային մեր առաջին պտոյտով, մենք շրջեցանք հինգ երկիրներ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Իսկ այս տարի Ռայն գետի վրայ նաւային մեր երկրորդ պտոյտով, մենք շրջեցանք դարձեալ հինգ երկիրներ՝ սակայն Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։

Վերոյիշեալ երկու պտոյտներն ալ կատարեցինք Viking Նորվեկիական ընկերութեան պատկանող նաւերով։ Հոս տեղին է յիշել, որ այդ ընկերութիւնը 1997-ին սկսած է միայն չորս նաւերով, իսկ այժմ ան կը հաշուէ 62 նաւեր՝ գետի վրայ ճամբորդող եւ երկու նաւեր ալ ովկիանոսի վրայ։

Ռայն գետը կը բխի Ալպեան լեռնաշղթայի Զուիցերիոյ բարձրավանդակէն եւ հինգ երկիրներ կտրելէ ետք կը թափի Հիւսիսային ծովու մէջ։ Անոր երկարութիւնն է մօտաւորապէս 820 մղոն, այսինքն 1320 քիլոմեթր։ Իր ճամբու ընթացքին, ան կը ճիւղաւորուի եւ իր մէջ կը թափին շատ մը փոքր գետեր։

Օդանաւային ճամբորդութենէ ետք, մեր առաջին իջեւանը հանդիսացաւ Պելճիքայի Պրուժ (Bruges) քաղաքը՝ ուր մնացինք երկու գիշերներ։ Պրուժ (տեղական բառբարով Պրուխը) միջնադարեան քաղաք մըն է, որ 14րդ դարու Եւրոպայի առեւտրական կարեւոր կեդրոններէն մին էր։

Մի քանի յատկանշական իրողութիւններ մեզի տեղեկացուցին այս քաղաքի պատմութեան կապակցութեամբ, զոր կ՛ուզեմ բաժնել ընթերցողներուն հետ։ Նախ այն պանդոկը ուր իջեւանեցանք (Duke’s Palace), եղած է 15րդ դարու դքսական բերդ մը, ուր իջեւանած են Ֆիլիբ Գ, Պըրկընտիի Դուքսը, Մաքսիմիլիըն Ա Հռոմէացի Կայսրը եւ ուրիշներ։ 18րդ եւ 19րդ դարերուն ան գործածուած է որպէս վանք, անգլիացի եւ ֆրանսացի մայրապետներու կողմէ, իսկ 20րդ դարէն ի վեր ան վերածուած է պանդոկի։

Երկրորդ եւ ըստ աւանդութեան Սուրբ Արիւն եկեղեցիին մէջ (Basilica of the Holy Blood) կը գտնուի շիշ մը, որ կը պարունակէ Յիսուսի արիւնը։ Այս «Մասունքը» մեծ թափօրով մը կը շրջի քաղաքը՝ ամէն տարուայ Մայիս ամսուայ 5-ին, առաջնորդութեամբ տեղւոյն կաթողիկէ արքեպիսկոպոսին։

Երրորդ՝ ուրիշ եկեղեցիի մը մէջ (Church of our Lady), կը գտնուի աշխարահռչակ նկարիչ եւ քանդակագործ Միքէլ Անճելոյի «Աստուածածին եւ Մանուկ» (Madonna and Child) մարմարեայ արձանը (Տես նկարը)։ Անշուշտ գիտէք, որ Միքէլ Անճելոն էր գծագրիչը Վատիկանի Սիսթին Մատուռի արաստաղի նկարին։ Ան քանդակագործն է նաեւ Դաւիթի եւ Մովսէսի մարմարեայ արձաններուն՝ որոնք կը գտնուին Ֆլորէնս քաղաքի թանգարանին եւ Հռոմի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ։

Ըստ ժամանակին տարածուած շշուկներուն, Միքէլ Անճելոն շատ չէ հաւնած «Աստուածածին եւ Մանուկ» արձանը, որ պատճառ դարձած է, թէ ան թոյլատրէ անոր տեղափոխութիւնը երկրէն դուրս…։ Այս մէկը Միքէլ Անճելոյի գործերէն միակն է, որ իր ողջութեան տարուած է Իտալիայէն դուրս։

Այս արձանը սակայն ունի տեղափոխութեանց իր ինքնուրոյն պատմութիւնը։ Արդարեւ 1794 թուականին երբ Նափոլեոն գրաւեց Պրուժը՝ զայն տարաւ Փարիզ։ Նափոլեոնի պարտութեամբ 1815ին, արձանը վերադարձաւ Պրուժ։ Նոյնը պատահեցաւ 1944 թուականին՝ երբ Հիթլէր գրաւեց Պրուժը եւ զայն տարաւ Պերլին, բայց յաջորդ տարի արձանը վերադարձաւ Պրուժ եւ այժմ կը գտնուի խիստ հսկողութեան ներքեւ։ Այս արձանն էր նիւթը 2014-ին նկարահանուած “The Monuments Men” շարժապատկերին, որու հերոսներն են George Clooney եւ Matt Damon.

Պրուժի մէջ կը գործէ 1856-ին հիմնուած De Halve Maan (The Half Moon) գարեջուրի արտադրութեան գարծարանը, որ 2005-ին փոխանցուած է հիմնադիր Հէնրի Մայէզի 6րդ սերունդի ժառանգորդ Հավիէր Վանէսդին։ Այդ գործարանը կ՛արտադրէ 4 տեսակի գարեջուր, որուն արտադրութեան 80 տոկոսը կը սպառի տեղական շուկայի մէջ։

Պրուժէն ետք դէպի Ամսթերտամ մեր ճամբուն վրայ, մենք հանդիպեցանք Կէնթ (տեղական բառբարով Խենթ) քաղաքը։ Այս քաղաքը ինծի համար շատ կարեւոր էր տեսնել, որովհետեւ անոր աշխարհահռչակ համալսարանի գրադարանի պատին վրայ զետեղուած է՝ Դանիէլ Վարուժանի նուիրուած մետաղեայ յիշատակարան մը (Տես նկարը)։ Հոն կը տեսնենք անոր քանդակուած դիմանկարը, ծննդեան եւ մահուան տարիները (1884-1915), Կէնթի համալսարանը ուսանած տարիները (1906-1909) եւ հետեւեալ տողերը իր մէկ բանաստեղծութենէն, որ կը կրէ իր ստորագրութիւնը։

Ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,

Երբոր երազը կ՛ապրի,

Երբոր երազն անմահ է։

Գրադարանի պաշտօնեան մեզի տեղեկացուց, թէ տարին մէկ անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը կու գար Պրիւքսելէն, ծաղկեպսակ մը զետեղելու Դանիէլ Վարուժանի յիշատակարանին առջեւ։ Սակայն՝ շարունակեց ան, վերջին մի քանի տարուայ ընթացքին ան չէ այցելած երբեք…։

Կէնթ քաղաքը նշանաւոր է նաեւ Հիւպըրթ եւ Ճան Վէն Այք եղբայրներու, 1432-ին կաղնեփայտի վրայ իւղաներկով գծագրուած մէկ գործին, որ կը կոչուի «Խորհրդաւոր Գառնուկը» (The Mystic Lamb): 24 փայտամասերէ (panels) փաղկացած այդ իւղաներկը կը խորհրդանշէ՝ մարդուն փրկութիւնը Քրիստոսի զոհաբերութեամբ եւ կը գտնուի Սբ. Պաւօ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցիին մէջ։ Հոն Աստուածաշունչն է, որ ներկայացուած է Ադամ-Եւայէն մինչեւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը։

Կէնթ քաղաքէն ետք մենք հասանք Ամսթերտամ, ուր պիտի մնայինք երկու գիշերներ։ Մենք իջեւանեցանք Ամսթել ջրանցքի (canal) ափին գտնուող Հիլթըն պանդոկը, որ նշանաւոր դարձած է հետեւեալ դէպքով։ Արդարեւ 1969-ին հոն իջեւանած են Ճան Լենըն եւ Եոքօ Օնօ նորապսակ զոյգը, իրենց մեղրալուսինը անցնելու։ Հիմա անոնց սենեակը՝ թիւ 702, վերածուած է «Մեղրալուսնի Յարկաբաժինի» (Honeymoon Suite), որու գիշերային վարձքն է 1799 եուրօ։ Հետաքրքրական է գիտնալ, որ ի բողոք Վիեթնամի պատերազմին, անոնք մէկ շաբաթ լման սենեակէն դուրս չեն ելած…։ Անոնք ամուսնացած էին Փարիզի մէջ։

Ամսթերտամ քաղաքը նշանաւոր է նաեւ երկու այլ իրողութիւններով: Հոն ծնած եւ մանկութիւնը անցուցած է աշխարհահռչակ նկարիչ Վինսընթ Վէն Կօ (Խօխ, տեղական բառբարով) եւ հոն կը գտնուի իր թանգարանը, որ դարձած է զբօսաշրջիկներու փնտռուած ժամադրավայրը։ Իսկ քաղաքէն ոչ շատ հեռու կը գտնուի նշանաւոր «Քուքընհաֆ» կակաչներու (tulip) պարտէզները, ուր կարելի է վայելել գոյնզգոյն բազմատեսակ կակաչներ՝ տարուայ ընթացքին Մարտի կէսերէն մինչեւ Մայիսի վերջը։

Հոս պէտք է յիշենք, որ Ամսթերտամ քաղաքի տարածութեան 1/3 ը ծածկուած է ջուրով եւ ան ունի իր զանազան ջրանցքները միացնող 1200-է աւելի կամուրջներ։ Իսկ բնակելի տուներու պակասը ամբողջացնելու համար կառավարութիւնը թոյլատրած է, որ մարդիկ ապրին տունի վերածուած նաւերու (boat houses) մէջ, որոնք կը գտնուին ջրանցքներու եզրին ամէնուրեք։ Անոնցմէ լաւագոյնները կը գնահատուին մինչեւ մէկ միլիոնէ աւելի եուրոյով։

Նաւային մեր պտոյտը սկսաւ Մայիսի մէկի երեկոյեան եւ յաջորդ օրը՝ մեր առաջին կանգառը հանդիսացաւ Հոլանտայի Քինտըրտայք քաղաքը, որ նշանաւոր է իր 19 աշխատող հողմաղացներով (windmills): Անոնց դերն է որպէս թումփ ծառայել՝ կասեցնելու հեղեղները, նաեւ չորցնել լիճերն ու ճահիճները, որպէսզի բնակելի եւ մշակելի հողային տարածութիւններ ստեղծուին, որոնց պակասը զգալի է։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ հողմաղացը (տես նկարը) աշխատցնող ընտանիքները կը բնակէին անոր մէջ, որովհետեւ ան բաղկանալով մի քանի յարկերէ՝ յարմարութիւն կ՛ընծայէր այդ նպատակին համար։ Պատահած է, որ ընտանիք մը իր 11 անդամներով ապրած է հողմաղացի մը մէջ։

Մեր յաջորդ նաւահանգիստն էր Գերմանիոյ Քոլոն քաղաքը։ Հնադարեան այս քաղաքը ունի 300-է աւելի եկեղեցիներ, իսկ անոր նշանաւոր աթոռանիստ եկեղեցիին (Cologne Cathedral) շինութիւնը տեւած է աւելի քան 600 տարիներ: Արդարեւ անոր շինութիւնը սկսած է 1248 թուականին եւ աւարտած 1880ին, անշուշտ շատ մը ընդմիջումներով՝ որոնք արդիւնք էին պատերազմական կացութեանց։

Ըստ աւանդութեան աթոռանիստ այդ եկեղեցիին մէջ կայ մասունք մը, որ զետեղուած է ոսկեզօծ եկեղեցանման մաքէթի մը մէջ (տես նկարը) եւ կը գտնուի աւագ խորանի ետին։ Այդ մաքէթը կը պարունակէ Յիսուս մանուկի այցելութեան գացած երեք մոգերու ոսկորները, որոնք ձեռք բերուած են Քրիստոսէ ետք 50 թուականին։ Անոնք նախ յայտնաբերուած են Պոլսոյ մէջ, ապա փոխադրուած Միլան եւ վերջապէս հասած Քոլոն։

Քոլոնէն ետք մեր նաւը յաջորդաբար կանգ առաւ Ռայնի հետեւեալ նաւահանգիստներուն մէջ՝ Քոպլենց, Պրաուպէք եւ Ռուտըշայմ։ Քոպլենցէն ինքնաշարժներով մենք ուղղուեցանք դէպի Մարքսպըրկի անառիկ բերդը, որ կը գտնուի բարձրավանդակի մը վրայ եւ կառուցուած է 1117-ին։ 1806-ի Նաբոլեոնի յաղթանակէն ետք, այդ բերդը վերածուած է բանտի, իսկ այժմ կը ծառայէ որպէս զբօսաշրջիկներու հետաքրքրական ժամադրավայր։

Մարքսպըրկ բերդի շրջագայութեան ընթացքին՝ մենք վերահասու դարձանք միջնադարեան կարգ մը տհաճ սովորութեանց, զոր կ՛ուզեմ բաժնել ընթերցողներուն հետ, նախօրոք խնդրելով իրենց ներողամտութիւնը։

Այդ ժամանակաշրջանին զարմանալի չէ երբեք, որ մարդիկ (պալատական թէ պարզ) նախապաշարումներով պատուած ըլլային։ Օրինակ ընդհանուր կարծիք մը կար, որ օճառով մարմինը լուալը ոչ թէ միայն առողջապահական չէր, այլ նաեւ կանխահաս մահուան պատճառ կը դառնար։ Ուրեմն անոնք տարին միայն երկու անգամ կը լոգնային։  Հազուագիւտ պարագաներուն եւ բժիշկի մը թելադրութեամբ, անոնք կրնային վեց շաբաթը անգամ մը լոգնալ։ Իսկ իրենց մարմինէն սփռուած քրտինքի հոտը վանելու համար, անոնք կը գործածէին առատ անուշահոտ։

Ուրեմն երբ բերդի հիւրերու ճաշասենեակը հասանք, ճաշասեղանի ետին բաց դուռ մը տեսանք, որուն խորքը արտաքնոց մը կար։ Առաջնորդը բացատրեց, թէ ճաշի ընթացքին երբ մէկը յարկադրուէր արտաքնոցը գործածել, պատշաճութիւնը կը պահանջէր, որ դուռը բաց մնար, որպէսզի ան խօսակցութեան կարենար մաս կազմել։ Իսկ կոյուղիներու չգոյութեան պատճառաւ, աղտը երկրորդ յարկէն կը թափէր առաջին յարկի ածուին մէջ ու կը սպասէր անձրեւին՝ որպէսզի մաքրուէր։ Առ քեզի առողջապահութիւն։

Յաջորդաբար մենք այցելեցինք Մանհայմ, Հայտըլպըրկ եւ Սբայըր նաւահանգիստները։ Մանհայմ արդիւնաբերական քաղաք մըն է, իսկ Հայտըլպըրկ ակադեմական քաղաք մը, ուր կը գտնուի Գերմանիոյ հնագոյն համալսարանը՝ հիմնուած 1386 թուականին։ Այդ համալսարանը հիմա նշանաւոր դարձած է քաղցկեղի բուժման լաւագոյն ձեւերը մշակելով։

Հայտըլպըրկ նշանաւոր է նաեւ 300 ոտք բարձրութեան վրայ՝ 1300 թուականին կառուցուած բերդով, որ բնակելի էր մինչեւ 1764 թուականը՝ երբ կայծակահար ըլլալով կործանեցաւ։ Անոր գինիի մառանին մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենամեծ տակառը, որ շինուած է 250 տարիներ առաջ, 130 կաղնիի ծառերէ եւ որ կրնայ պարունակել մինչեւ 50,000 կալոն գինի (տես նկարը):

Հայտըլպըրկի նշանաւոր այցելուներէն եղած են կաթողիկէ վանական Մարթին Լուտերը, 1518 թուականին եւ Մարգ Թուէյնը 1878ին։

Մարթին Լուտերը 1521-ին արտաքսուելով կաթողիկէ եկեղեցիէն՝ 95 կէտերէ բաղկացած իր հռչակագիրը հրապարակելուն համար, հիմը դրաւ բողոքական շարժումին։ Ան 1525-ին ամուսնացաւ նախկին մայրապետ Քաթէրինա Վօն Պօրայի հետ եւ անոնք բախտաւորուեցան վեց զաւակներով։ Իսկ Մարգ Թուէյն սիրահարուելով Հայտըլպըրկին՝ հետեւեալ խօսքով արտայայտուած է անոր մասին՝ «Գեղեցիկին վերջին կարելիութիւնը»։

Հայտըլպըրկէն վերջ գետը սահման կը հանդիսանայ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ։ Այսպէս՝ մէկ ափի վրայ կը գտնուին Գերմանիոյ քաղաքները, իսկ միւս ափին վրայ՝ Ֆրանսայի քաղաքները։ Ուրեմն յաջորդ օրը մենք հասանք Քէլ եւ կամուրջը անցնելով մտանք Սթրասպուրկ։

Սթրասպուրկ կը գտնուի Եւրոպական Խորհուրդի Օրէնսդիր Մարմինը՝ այսինքն Խորհրդարանը։ Եւրոպական Խորհուրդի Գործադիր Մարմինը կը գտնուի Պրիւքսէլի մէջ, իսկ Գերագոյն Ատեանը Լիւքսէմպուրկի մէջ։

Ֆրանսայի Ալսազ (Alsace) շրջանի քաղաքներէն է Սթրասպուրկը, որ իր պատմութեան մէջ չորս անգամ քաղաքացիական պատկանելիութիւն փոխած է Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ, զանազան գրաւումներու հետեւանքով։ Ան նշանաւոր է իր պատմական տաճարով եւ հրապարակին մէջտեղ զետեղուած Կիւթէնպէրկի արձանով։

Բայց ինչու Կիւթէնպէրկի արձանը կը գտնուի Սթրասպուրկի մէջ։ Կիւթէնպէրկ (1398-1468) թէեւ ծնած, ապրած ու թաղուած է Գերմանիոյ Մէյնզ քաղաքը, սակայն տասը տարի ապրած ու գործած է Սթրասպուրկի մէջ։ Գիտենք, որ ան 1439-ին հնարած է տպագրական առաջին մեքենան, որուն համար տիրացաւ աշխարհատարած ճանաչումի եւ մեծ հռչակի։ Ուրեմն առ ի երախտագիտութիւն իր արձանը զետեղուած է հոն։

Մեր յաջորդ նաւահանգիստն էր Գերմանիոյ Պրէյզախ քաղաքը եւ մենք դարձեալ կամուրջը անցնելով հասանք Ֆրանսայի Քոլմար միջնադարեան քաղաքը։ Այս քաղաքը փոքրիկ Վենետիկ կը կոչուի՝ որովհետեւ կղզի մը ունի, որ շատ մը ջրանցքներով պատուած է ու կամուրջով մը կը միանայ քաղաքին։

Այդ օրուայ յետմիջօրէի մեր պտոյտը շատ հետաքրքրական էր, որովհետեւ մեզի պիտի տանէին Գերմանիոյ «Սեւ Անտառը» (Black Forest): Հսկայ այս անտառը կը բաղկանայ բազմահազար մշտադալար ծառերէ, շատ մը լեռներէ եւ գետերէ, ներառեալ Տանուպ գետը։

Այս անտառը պատմական մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ հին ժամանակ Վիէննայէն Փարիզ տանող ճամբան անոր մէջէն կ՛անցնէր։ Կը պատմուի, թէ այդ ճամբայէն անցեր է Մարի Անթուանէթը, որ Վիէննայէն Փարիզ կ՛երթար՝ ամուսնանալու Լուիզ ԺԶրդ թագաւորին հետ։ Իսկ այս անտառը նշանաւոր է նաեւ իր Black Forest cake-ով, որու պատրաստութեան ականատես դարձանք այդ օր։

Նաւային մեր պտոյտը աւարտած ըլլալով, յաջորդ առաւօտ Պրէյզախէն ինքնաշարժներով ուղղուեցանք դէպի Զուիցերիոյ Պազըլ քաղաքի օդակայանը՝ Լոնտոնի վրայով վերադառնալու Լոս Անճելըս։

Հոս տեղին է նշել, որ Գերմանիոյ ազատուղիները (Autobahn) արագութեան սահման չունին, այսինքն վարորդները կրնան մինչեւ 120 մղոն արագութեամբ սուրալ անոնց վրայ։ Կ՛ըսուի նաեւ, որ այս սանձարձակութիւնը ազդակ մը չէ հանդիսացած արկածներու թիւին եւ ուժգնութեան, որովհետեւ վառորդներուն մօտ վարժութիւն դարձած է արագութիւնը։

Աստուածամայր եւ Յիսուս
Աստուածամայր եւ Յիսուս
Դանիէլ Վարուժան (Ghent University Library, Belgium)
Դանիէլ Վարուժան (Ghent University Library, Belgium)
Windmill in Kinderdijk, Holland
Windmill in Kinderdijk, Holland
Մասունք in the Cathedral of Colonge, Germany
Մասունք in the Cathedral of Colonge, Germany
Heidleburg Castle, Germany ( the world’s largest wine barrel.)
Heidleburg Castle, Germany ( the world’s largest wine barrel.)
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին