*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Սփիւռքիհայութեան ազգային դիմագիծի պահպանման եւ մեր գաղութները հայօրէն ապրեցնող անհրաժեշտ հոգեւոր սնունդի հայթայթման գործին մէջ, հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցներու կողքին, մեծ դեր կը կատարեն Սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող հայ թերթերը, մանաւանդ գաղափարական եւ կուսակցական մամուլը: Հայ գաղթօճախները կազմակերպելու, ձեւաւորելու եւ զանոնք նպատակասլաց կեանքով ապրեցնելու համար, մեծ դեր ունեցած են ու կը շարունակեն ունենալ մեր թերթերը:
Շաբաթ, 4 Յունիս 2016ի երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, Իրանահայերու Լուդովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ս. Դ. Հ. Կուսակցութեան շրջանիս պաշտօնաթերթ ,Մասիսեի 35-ամեակը: Այդ օր ներկայ էին Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան Կեդրոնական ու Շրջանիս պատկառելի վարչութեանց անդամները: Ձեռնարկը իրենց օրհնաբեր ներկայութեամբ կը պատուէին թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, նախկին Առաջնորդ՝ ,Մասիսե թերթի հիմնադրութեան գլխաւոր ճարտարապետներէն մին՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ՝ Վսեմաշուք Տիար Վալերի Մկրտումեան, հիւպատոս Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան, հոգեւոր հայրեր, հասարակական կազմակերպութեանց եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:
Այդ գիշեր Այնթապլան ընդարձակ սրահը լեփ լեցուն էր հանդիսականներով, որոնց մեծ մասը երիտասարդներ էին: Անոնց մեծ մասը հոս ծնած ըլլալով հանդերձ, շատ հաճելի էր լսել այդ երիտասարդներուն հայերէնախօսութիւնը:
Օրուան հանդիսավարն էր ,Մասիսեի աշխատակից եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Ատենապետ Յարութ Տէր Դաւիթեան, որ բացման ու բարի գալուստի աւուր պատշաճի խօսքերէն ետք, անդրադարձաւ ,Մասիսե թերթի դերին եւ բերած նպաստին մասին: Ապա հրաւիրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Սարգիս քհնյ. Փեթոյեանը օրհնելու համար սեղանը: Թերթի ղեկավարութիւնը գեղեցիկ մտածումը ունեցած էր, այս տօնակատարութեան առիթով գնահատել ,Մասիսեին եւ մեր գաղութի երեք նուիրեալներ. առաջինը յետ մահու գնահատանքի արժանացաւ Սփիւռքի մեծանուն մտաւորական-հասարակական գործիչ, Պէյրութի եւ Լոս Անճելըսի ,Շիրակե հրատարակչատան տէր ու տնօրէն, երկարամեայ ուսուցիչ, հրապարակագիր, ,Մասիսե թերթի եռանդուն աշխատակից, գիրքերու հեղինակ, ,Շիրակե հանրածանօթ երգարաններու հրատարակիչ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառին կողմէ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշանի արժանացած՝ ողբ. Յովհաննէս Հաննէսեան: Մեծարեալի գնահատանքի տախտակը յանձնուեցաւ ներկայ եղող իր տիկնոջ՝ Սօսի Հաննէսեանին, ձեռամբ Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան Շրջանիս Վարիչ Մարմնի Ատենապետ, հասարակական բազմաբեղուն գործիչ Գաբրիէլ Մոլոյեանի: Պրն. Մոլոյեան վեր առաւ հանգուցեալ Յովհաննէս Հաննէսեանի մեծ վաստակը, ,որ սերունդներ դաստիարակած է, անոնց հայրենասիրութիւն ջամբած է, ,Շիրակե երգարաններու շնորհիւ Միջին Արեւելքի թրքախօս երիտասարդութիւնը հայախօս դարձած էե: (Մենք ալ մեր հերթին կÿերկրորդենք Պրն. Մոլոյեանին այս արժեւորումը – Խ.Ճ.):
Երկրորդ գնահատուողն էր գաղութիս ,Երկիր եւ Մշակոյթե կազմակերպութեան նուիրեալներէն, հայ գիրի, գրականութեան ու մշակոյթի մեծապէս նպաստող եւ այդ գիշեր ,Մասիսե թերթի 35-ամեակի գլխաւոր հովանաւոր Տիար Նազարէթ Գեւոնեան, որուն գնահատանքի յուշատախտակը տրուեցաւ Պրն. Գաբրիէլ Մոլոյեանի ձեռամբ, մեծապէս գնահատելով անոր գաղութային, ազգային եւ հայրենական ծառայութիւնները:
Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գրիգոր Խոտանեան շատ ջերմ ու սիրալիր խօսքերով գնահատեց ,Մասիսեի վերջին խմբագիրը՝ Տոքթ. Արշակ Գազանճեան, անոր տարած կամաւոր խմբագրապետի խղճամիտ պաշտօնին համար: Տօքթ. Գազանճեան իր կուռ եւ ոգեշունչ յօդուածներով, իր լայնախոհ ու լայնամիտ վարուելակերպով, մեծ թիւով նոր աշխատակիցներ հաւաքեց ,Մասիսեի շուրջ: Պրն. Խոտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տօքթ. Գազանճեանին Պէյրութի կուսակցական շրջանակին մատուցած ծառայութեանց համար:
Գնահատանքի այս խօսքերէն ետք խօսք առաւ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ, շնորհաշատ եւ ներհուն հրապարակախօս՝ Վալերի Մկրտումեան: Պրն. Գլխաւոր հիւպատոսը մեծապէս արժեւորելով Սփիւռքի հայ մամուլին ու մանաւանդ ,Մասիսեի տարիներու ծառայութիւնները Հայրենիքին, հայ մշակոյթին եւ Դատին նուիրուած աշխատանքները, յանուն ՀՀ Լոս Անճելըսի հիւպատոսութեան ողջ անձնակազմին՝ ջերմ խօսքերով շնորհաւորեց ,Մասիսեի 36-ամեակի այս տարեդարձը:
Յայտագիրի խօսքերու պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի սրտաշարժ ու հոգեխռով ելոյթով: ՍրբազանՀայրը մեծապէս գնահատեց ,Մասիսեի դերը այս գաղութին մէջ, զայն որակելով որպէս ,հեղինակաւոր եւ բարոյական ազդեցիկ թերթ մը մեր գաղութային կեանքէն ներսե, զայն նմանցնելով ,Ոսկրածուծիե, որ կեանք կու տայ մեր հաւաքական մարմինին: Սրբազանը նաեւ շնորհաւորեց այդ գիշեր գնահատուող 3 մեծարեալ ազգայինները:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կարճ բայց իմաստալից խօսքը արժանացաւ ներկաներուն յոտընկայս եւ ջերմ ծափահարութեան:
Խօսքերու բաժնին յաջորդեց Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբի անդամներէն Փիւնիկ Մինասեանի շատ գեղեցիկ մենապարը, որ արժանացաւ ներկաներուն ջերմ ծափերուն:
Տիկնանց Յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ ծանօթ հասարակական գործիչներ Կարինէ Տեփոյեանին եւ Քնար Պողարեանին, ոչ մէկ ճիգ խնայած էին ներկաներուն անմոռանալի գիշեր մը պարգեւելու համար:
Ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ շատ հաճելի երգիչ Վաչէ Յակոբեանի հայկական, եւրոպական ու արաբական երգերու եւ պարեղանակներու կշռոյթներուն վրայ, ներկաները անդադար պարելով անմոռանալի գիշեր մը անցուցին:
Յիշենք, թէ Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան ,Մասիսե շաբաթաթերթը լոյս կը տեսնէ շաբաթական դրութամբ, երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով), ունի իր կայքէջը, քաղաքական, կուսակցական յօդուածներու կողքին ,Մասիսե ծանօթ է իր ընկերային, կենցաղային ու այլ հետաքրքրական նիւթերով:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ,Մասիսեի ողջ անձնակազմը, գլխաւորութեամբ մեր սիրելի Վահէ Աջապահեանին, այս տարեդարձին առիթով, մաղթելով անոր նորանոր ամեակներ: