Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Անարդարութիւնն Ալ Չափ Մը Պէտք Է Ունենայ…

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ գիշեր ընկերային համացանցի վրայ կարդացի հետեւեալ լուրը, թէ Ճափոնի իւրաքանչիւր շրջանին մէջ, պետութեան կողմէ աղբահաւաքներուն տրամադրուած են երկիրին լաւագոյն ճաշարանները՝ իրենց կէսօրուայ ճաշը հոն ուտելու համար…:

Այս լուրը աչքերուս առջեւ բերաւ մեր երկիրին խեղճ օտարազգի (հնդիկ, պանկլատեշցի եւայլն) աղբահաւաքները, որոնք իրենց հացը կ՛ուտեն մայթերու վրայ կամ ծառի մը շուքին տակ (եթէ ծառ գտնեն)… մինչ լիբանանցին անոնց հետ կը վարուի ամենաարհամարհական ձեւով, իսկ անոնց աշխատավարձին գումարը  շա՜տ աւելի նուազ է՝ քան լիբանանցի նախարարի մը կամ երեւելիի մը տիկնոջ շալկած պայուսակին գինը…:

Աւելորդ բարոյախօսութիւն չեմ ուզեր ընել՝ ըսելով, որ Լիբանանն ալ Ճափոնի օրինակին քառորդին նման պէտք է ընէ՝ լաւ գիտնալով, որ ամիսներ ետք աղբերը դեռ նոր հաւաքուեցան ճամբաներէն, բայց միեւնոյն ժամանակ պէտք է շեշտել, որ անարդարութիւնն ալ չափ մը պէտք է ունենայ…։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին