ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան գերմանական առաջատար «Bild» պարբերականին հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Յունիս 2-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծին քննարկման ըսած է, որ Հայաստանի համար շատ կարեւոր է Պունտըսթակի կողմէ ճանաչումը, ինչպէս նաեւ նման յանցագործութեան չկրկնուիլը, կը հաղորդէ panorama.am-ը:
Նախագահ Սարգսեան զրոյցի ընթացքին նկատել տուած է, որ ոչ մէկ գերմանացի քաղաքական գործիչ չի ժխտեր Ցեղասպանութեան փաստը, նոյնիսկ անոնք որոնք այժմ դէմ հանդէս կու գան բանաձեւին: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ այդ գործիչները հաւատարիմ կը մնան ընդհանուր արժէքներուն եւ զանոնք վեր կը դասեն ժամանակաւոր քաղաքական շահերէ:
Սերժ Սարգսեան նաեւ կարծիք յայտնած է, որ Գերմանիան նոյնպէս պատմական պատասխանատուութիւն կը կրէ 1915թ-ի իրադարձութիւններուն համար:
«Գերմանական կայսրութիւնը ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցը, պատմական ականատեսն էր այդ յանցագործութիւններուն եւ կրնար որոշ քայլեր ընել անոնց կանխարգիլման համար: Սակայն ոչինչ եղած է: Գերմանիան առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն կը կրէ եւ պարտաւոր է յատկապէս բարոյական տեսանկիւնէ պաշտպանելու այն արժէքները, որոնք ոչ մէկ փոխզիջում չեն ճանչնար», ըսած է նախագահը:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ խօսած է բանաձեւի հնարաւոր ընդունումէն ետք, փախստականներու վերաբերեալ Թուրքիոյ ու եւրոպական երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնագիրի ճակատագիրի մասին եւ կարծիք յայտնած, որ այդ համաձայնագիրը «կաւէ ոտքեր» ունի ու չափազանց դժուար է զայն իրագործել այնպիսի գործընկերոջ մը հետ, ինչպիսին է Թուրքիան: Սերժ Սարգսեան որպէս օրինակ նշած է հայ-թրքական Ցիւրիխի արձանագրութիւնները, որոնք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այդպէս ալ արգելափակեց եւ խոչընդոտեց անոնց կենաքի կոչելը: